Գրախօսեց՝ Զաւէն Խանճեան*
«Նա զարմացաւ: Այդ ինչ պարզ, այդ ինչ անշուք եկեղեցի էր: Ո՛չ բեմ, ո՛չ սեղան, ո՛չ զարդարած տաճար, ո՛չ ոսկեզօծ պատկերներ, ո՛չ արծաթեայ խաչեր եւ ո՛չ թանկագին զգեստներ չկային այնտեղ: …Ժողովուրդը նստած էր երկայն նստա-րանների վրայ այր եւ կին միասին, իւրաքանչիւրը ուներ ձեռքին մի փոքրիկ երգարան: …Նա (Քահանան) իր հագուստով չէր զանազանւում հասարակ ժողովուրդից: Նրա քարոզը այնքան պարզ, այնքան հասկնալի էր, որ բոլորը հասկանում էր Վարդանը:»
Վարդանի Երազը: ՐԱՖՖԻ ‘Խենթը’, էջ 305
«Սովետական Գրող» Հրատարակչութիւն, Երեւան 1978

Վարդանի երազի հետեւողականութեամբ, Քրիստոս Յիսուս ունենալով Եկեղեցւոյ գլուխը և Աստուծոյ շնորհքը՝ փրկութեան երաշխիք, ամէնահամեստ պայմաններու տակ 1846-ին ծնունդ առաւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին: Խղճի ազատութիւնը վահան ըրած եւ իրենց Աստուածատուր պատկանելիութեան ամուր փարած, քառասուն հիմնադիրները հաստատեցին «Մենք ակնածանքով կ՚ընդունինք մեր ազգային աւանդու-թիւնները, սրբագործուած մեր մարտիրոսներու արիւնով: Մենք կը սիրենք մեր հայ ազգը սրտանց եւ ամբողջ մտքով: Բայց ամէն բանէ աւելի թանկագին կը նկատենք խղճի ազատութիւնը, եւ թոյլ պիտի չտանք որ ոչ մէկ իշխանութիւն, կամ աւանդութիւն, կամ հրաման մեր ձեռքէն առնէ Քրիստոսի Աւետարանը:»
Յուլիս 1, 2021ը, 175ամեակն է Հայաստանյայց Աւետա-րանական Եկեղեցւոյ – (ՀԱԵ)-ի ծնունդին: Հոկտեմբեր 2019ին Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը – (ՀԱՀԽ) որոշեց այդ տարեդարձը տօնել հանդիսաւոր շուքով Մայր Հայրենիքի մէջ Յունիս-Յուլիս 2021ին: Յատուկ յանձնախումբ մը գործի լծուեցաւ մշակելով բազմաթիւ ծրագիրներ որոնք ընդհանրապէս զոհ գացին 2020էն իվեր երկրագունդը գրոհող թագաժահրին: Շնորհիւ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքին, թագաժահրի մանգաղէն փրկուեցաւ սակայն յիշատակելի տարեդարձին նուիրուած՝ այս շքեղ եւ բովանդակալից Յուշամատեանը: Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ, 175-ամեակի Տարեդարձին առթիւ:

Հայաստանյայց Աւետարանական եկեղեցւոյ պատմութեան եւ զարգացումին նուիրուած հատորները ստուար են: Անոնցմէ անդրանիկը կը պատկանի Վեր. Հ. Ստեփան Իւթիւճեանի «Ծագումն ու Ընթացքը Հայ Աւետարանականութեան Ի Հայս», Կ. Պոլիս 1914: Եկեղեցւոյ ամբողջական թէ մասնակի պատմութեան նուիրուած յաջորդող հատորները ժամանակագրական կարգով եղած են,
Վեր. Եղիա Ս. Քասունիի «Լուսաշաւիղ»ը, «Պատմութիւն Հայ Աւետարանական Շարժման», Պէյրութ, 1947
Վեր. Տիգրան Ճ. Խրլոբեանի երկհատոր «Ոսկեմատեան» Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Միութեան, նուիրուած՝ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հաստատութեան Ա. Հարիւրամեակի, Պէյրութ, 1950 եւ 1951:
Վեր. Կարապետ Պ. Ատանալեանի «ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ» Հայ Աւետարանակաց եւ Աւետարանական Եկեղեցւոյ: Ֆրեզնօ, ԱՄՆ 1952:
Աւելի նեղ բովանդակութեամբ հատորներ հրատարակած են նաեւ Վեր. Անդրանիկ Ա. Պետիկեան, Վեր. Կիրակոս Յ. Չոփուրեան, Վեր. Յովհաննէս Փ. Ահարոնեան, Վեր. Վահան Թութիկեան, Վեր.Պարգեւ Տարագճեան եւ ուրիշներ:
Պատմութեան եւ մանաւանդ Եկեղեցական պատմութեան երկասիրութիւնը գուցէ հասարակաց ընթերցման ծառայող առարկայ չէ: Պատմութեան արձանագրութիւնը կը ծառայէ սերունդէ սերունդ ժառանգութեան փոխանցման գանձանակը դառնալու: Ան շտեմարանն է ժամանակի գիտական մտածողութեան եւ արդիւնաբերութեան, պատրաստ գոհացնելու պրպտող, ուսումնասիրող եւ սերտող մտաւորականի, բանասէրի կամ գիտնականի ծարաւը: Առ այդ, պատմութիւնը պէտք է պահպանուի, արձանագրուի եւ հրատարակուի:
Ժամանակակից Հայ Աւետարանական պատմութեան մէջ պատմական, բանասիրական, մշակութային, հոգեւոր եւ հրապարագրական անդաստաններու մէջ իրենց յուռթի եւ արգասաբեր աշխատանքի եւ արտադրութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանը եւ Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունին: Անոնց ստեղծագործական ժառանգութիւնը անջնջելի դրոշմ մը ձգած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատմութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթին, մամուլին, յափշտակուած հայրենիքի մը դատին եւ մարդկային վեհ արժէքներու նուիրուած հրատարակութիւններուն մէջ:
Նշանակալից է որ այս երկու նուիրեալները իրենց ստեղծագործական գործը կատարած են մասնագիտա-կան որակով եւ սակայն սիրողի տրամադրութեամբ:
Ահա անոնցմէ մէկն է զոր կը ջանանք ընթերցողին ներկայացնել այսօր:
Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան իր աշխատասիրած եւ խմբագրած «Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետա-րանական Եկեղեցւոյ 175-ամեայ Տարեդարձին առթիւ» հատորի յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ. «…այս գիրքը մասնագիտական գործ մը չէ եւ ոչ ալ քննական պատ-մութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին այլ ընդհանուր համայնապատկերը սեղմ գիծերով ներկայացուած»: Ես քիչ մը աւելի առատաձեռն ըլլալով, այս աշխատասիրութիւնը պիտի որակեմ «Փոքրիկ Համայնագիտարան» մը ժամանակակից Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ եւ «Աւետարանականաց», ինչպէս պիտի սիրեր ըսել Վեր. Կարապետ Ատանալեանը:
Արդարեւ, Երկու հարիւր ութը էջերու մէջ ամփոփուած այս հատորը, տպուած փայլուն, որակաւոր թուղթի վրայ Երեւանի մէջ, հրատարակութիւնն է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի, որու Գործադիր Տնօրէնն է Վեր. Թութիկեան 2003 թուականէն իվեր: Յուշամատեանի բովանդակութիւնը բաժնուած է չորս մասերու:
Առաջին մասով՝ Վեր. Թութիկեան համառօտ կերպով կը ներկայացնէ Հայ Աւետա-րանական Եկեղեցւոյ ծագումը , հոլովոյթը, խորհուրդը, դաւանութիւնն ու վարդապետութիւնը եւ վերջապէս եկեղեցւոյ ներդրումներն ու ծառայութիւնները ազգին:
Երկրորդ մասը կը պարփակէ Քրիստոսի Աւետարանը եւ փրկութեան բարի լուրը բաժնելու եւ տարածելու ծառայութեան դաշտին մէջ կենդանի շունչով գործող ժամանակակից հինգ Հայ Աւետարանական Միութիւններու, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Ստեփան Փիլիպոսեան Հիմնարկի հակիրճ պատմականը եւ անոնց ծառայութեան դաշտի նկարագրականը: Սոյն էջերու հեղինակներն են ՀԱՀԽ-ի անդամ միութիւններու եւ կազամակերպութիւններու կողմէ նշանակուած անձեր:
Հատորի երրորդ մասը կը պարփակէ 22 շնորհաւորական նամակներ եկեցեցական եւ աշխարհական ղեկավարներու կողմէ:
Եւ վերջապէս չորրորդ մասով կը վկայուին ՀԱԵ հիմնադիր քառասուն անդամները, Եկեղեցւոյ ճանաչման կայսերական հրովարտակը եւ հարիւրամեակի նուիրուած օրհներգը:
Յուշամատեանի գունագեղ շապիկի ճակատին կը հանգչի 175-ամեակի յատուկ խորհրդանիշը զոր ստեղծագործութիւնն ու նուէրն է ճարտար եւ բարձր ճաշակի տէր՝ արուեստագէտ Մայք Նահապետի:
Հաւատարիմ մնալով 301 թուականէն սկսեալ Ամենակալ Աստուծոյ հետ հայ ժողովուրդի կնքած ուխտին, հատորի ճակատին կը կարդանք 175-ամեակի յանձնախումբի ընտրած բնաբանը «Անխախտ Պահենք Մեր Հաւատքը» հետեւելով Եբրայեցիս 10. 23 ոսկեղէն համարին՝ «Անխախտ պահենք այն յոյսը որ կը դաւանինք, վստահ ըլլալով որ Անիկա հաւատարիմ է Իր խոստումին»
Յուշամատեանի հատորը արժանապէս ձօնուած է ՀԱԵ բոլոր այն անդամներուն որոնք հաւատքը «անխախտ պահած են անցեալին, անխախտ կը պահեն ներկայիս եւ անխախտ պիտի պահեն ապագային:»
Յուշամատեանը որպէս «Փոքրիկ Համայնագիտարան» Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատմութեան, ներկային, դաւանանքին եւ վարդապետութեան, մատչելի է բոլոր անոնց՝ որոնք ունին այդ գիտութեան ծանօթանալու փափաքն ու հետաքրքրութիւնը:
Օրինակ մը ձեռք բերելու համար կարելի է դիմել Ամերիկայի Հայ Աւետարան-չական Ընկերակցութեան Գրասենեակներուն: Հայաստանի Մասնաճիւղ՝ Մարշալ Բաղրամեան, 18 Երեւան, Հայաստան կամ Կեդրոնատեղի – 31 West Century Road, Paramus, New Jersey, 07652 USA.
Երազներ կան որոնք ժամանակի պարտադրանքի տակ իրական կեանքի հետ առընչուած պահանջք եւ ակնկալիք են:
Երազներ կան որոնք կ՚իրականան:
- Զաւէն Խանճեան Գործադիր Տնօրէնն է Ամերիկայի Հայ Աւետարաչական Ընկերակցութեան