Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի հրաւէրով, եռօրեայ այցելութեամբ մը Հայաստան կը գտնուի արժանթինցի անուանի ֆութպոլիստ, 1978-ի Մոնտիալի ախոյեան եւ լաւագոյն ռմբաձիգ Մարիօ Քեմփես:
Երէկ` կիրակի, 16 մայիսին, ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Մելիքբէկեան-Քեմփես հանդիպումը:
Քննարկուեցան Հայաստանի մէջ մանկապատանեկան ֆութպոլի զարգացման հեռանկարները, համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ ֆութպոլին վերաբերող այլ հարցեր:
