Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ընդգծած են Արցախի մէջ երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկած են պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին նշուած է բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը խօսած են իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ համագործակցութեան մասին եւ ընդգծած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը», նշած է Փրայս:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի. «Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն ղեկավարները քննարկած են Իսրայէլի, Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ շարունակուող բռնութիւններուն վերաբերեալ իրենց հասարակաց մտահոգութիւնը, ինչպէս նաեւ զինադադարի հասնելու համար իրենց շրջանի գործընկերներուն հետ փոխադարձ գործակցութիւնը»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *