Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան ըսաւ. «Անցեալ տարուան սեպտեմբեր-նոյեմբերին տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք կողմերը կը գտնուին լիարժէք երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վերականգ-նման ճամբուն սկիզբը: Ռուսիան աշխուժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան կարգաւորման համար: Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛ապահովեն խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ռուսական կողմը մասնակից է նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող միջադէպի լուծմաննպաստելով լարուածութեան նուազեցման: Կանոնաւոր կապ կը պահենք Պաքուի եւ Երեւանի հետ»: «Ինչ կը վերաբերի սահմանային կացութեան, ատիկա անմիջական առնչութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:

Հիմնական պատճառը հայ-ազրպէյճանական սահմանի միջազգային իրաւական ձեւակերպման բացակայութիւնն է, որ մնացած է տակաւին խորհրդային ժամանակներէն: Մեկնելով այն հանգամանքէն, որ նման հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ բանակցային եղանակով: Իբրեւ երկարաժամկէտ լուծում կը տեսնենք հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահ-մանազատումըատոր յաջորդող սահմանագծումով: Ռուսիան պատրաստ է ամէն ձեւով աջակցելու ատոր», աւելցուց Զախարովա: «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները կը զբաղին բացառապէս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին լուծումով: Ատիկա ամրագրուած է ԵԱՀԿ-ի իրենց լիազօրութեամբ:

Ընթացիկ տարուան 13 ապրիլին համանախագահներու եռեակը ընդգծած է «վերջնական, համապարփակ եւ կայուն լուծման հասնելուն ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առումով Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղուած է առաջին իսկ կարելիութեան պարագային վերականգնելու քաղաքական երկխօսութիւնը բարձր մակարդակովհամանախագահներու հովանիին տակ», յիշեցուց Զախարովա: Ան նշեց այն հարցերը, որոնց «լուծումը յաւելեալ ջանքեր կը պահանջէ»: «Անոնց շարքին են պատերազմական գերիներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձը միջազգային մարդասիրական օրէնքի ծիրին մէջ, տագնապի գօտիին մէջ ականազերծման աշխատանքներ կատարելու համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններու փոխանակումը, Լեռնային Ղարաբաղ հասանելիութեան հարցին մէջ սահմանափակումներու ջնջումը, ներառեալ` միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու համար, կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը, տագնապէն վնասուած համայնքներու միջեւ ուղիղ հաղորդակցութիւններու եւ համագործակցութեան եւ մարդոց միջեւ վստահութեան ամրապնդման խրախուսումը», աւելցուց ան:
Զախարովա շեշտեց, որ ճիշդ «համանախագահներու ձեւաչափի ծիրին մէջ պէտք է տեղի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի քաղաքական լուծումը»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *