Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան` ՀԱՊԿ-ի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինով երէկ լրագրողներուն յայտնած է, որ «Շանթ-2021» յատուկ ռազմափորձը այս տարի պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ:
«Ռազմափորձերուն ընթացքին երկու փուլով գործնական գործողութիւններ պիտի մշակուին զրահապատ սպառազինութեան, յատուկ մեքենաներու, օդուժի, անօդաչու թռչող սարքերու եւ որոնող շուներու օգտագործումով», ըսած է ան:
Զայնեթտինով յայտնած է, որ 1-3 յունիսին Հայաստանի մէջ սպայակոյտի բանակցութիւններ կատարուած են նախապատրաստելու համար ռազմափորձերը, որոնք ՀԱՊԿ-ի արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու մասնայատուկ ուժերու ձեւաւորում կը նախատեսեն:
Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿ-ի անդամ են Հայաստանը, Պիելոռուսիան, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը, Ռուսիան եւ Տաճիկիստանը:
