Տողերս գրողը ՀՄԸՄական գայլիկ, սկաուտ եւ մարզիկ ու ի սկզբանէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թունդ համակիր, այլ խօսքով, Պապէն աւելի պապական անձ։ Ճիտիս պարտքը կը համարեմ սրտագին կոչով մը հանդես գալ ու խնդրել ՀՅԴի ներկայ Բիւրոյէն հետեւեալը։
Առաջին։ Նկատի ունենալով ՀՀ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու առիթով յառաջ եկած յուսախաբութիւնները (զորս սնապարծութեան արդիւնք էր) Հայաստանի Գերագոյն մարմնի, պիտի խնդրէի ՀՅԴ Բիւրոյէն, որ նկատի ունենալով ներկայ անբաղձալի վիճակէն դուրս գալու հրամայականը, կազմալուծէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը։
Երկրորդ։ Դարձեալ նկատի ունենալով ՀՅԴի համաշխարհային առումով պառակտուած ըլլալու հանգամանքը, պիտի թելադրէի, որ ՀՅԴի ներկայ Բիւրոն ինքզինք լուծարէ ու նորը ընտրուի։
Երրորդ։ Նորաստեղծ Բիւրոն առանց որեւէ յապաղումի ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ աշխատի վերատեսութեան ենթարկել ՀՅԴի զանազան մարմիններու եւ լուծարուած Բիւրոյի միջեւ տեղի ունեցած տխուր երեւոյթները։ Քմահաճոյքային մեծաքանակ արտաքսումները արդէն իսկ պատուհաս դարձած են 130ամեայ մեր պանծալի կուակցութեան։
Հիմա որ ՀՀ Խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները իրենց աւարտին հասած են ու արդիւնքը յստակացած, պիտի խնդրէի, որ տողերս գրողը միամիտի տեղ չդրուի, այն պատճառաբանութեամբ, թէ որպէս արդիւնք վերջին ընտրութիւններուն, ՀՅԴի հինգ «ընկեր»ներ մուտք պիտի գործեն խորհրդարան։ Այո, այդ մասին կասկած չկայ։ Սակայն կասկած կայ, որ այդ հինգ պատգամաւորները իրաւունք ունենան խօսելու ՀՅԴի անունով, նկատի ունենալով որ ՀՅԴն առանձին ցուցակով չմասնակցեցաւ ընտրութեան, եւ հետեւաբար իրաւունք չունի ՀՅԴի անունով խօսելու, այլ ստիպուած է խօսելու «Հայաստան» դաշինքի անունով, այլ խօսքով՝ Ռոբերթ Քոչարեանի անունով։
Այսպիսով, Հայաստանի ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը վերջակէտ դրաւ մեր մեծ կուսակցութեան հայաստանեան գործունէութեան վրայ։
Մի վանեք նուիրեալ ժամանակակից երիտասարդները ձեր շարքերէն, ի շահ եւ ի խնդիր ՀՅԴի ապագայի բարւոք գործունէութեան։ Հարկ է քայլ պահել ժամանակին հետ։
Ձերդ, սրտցաւ հայորդի՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
