ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


Յուլիս 4-ին, այս անհանգիստ ժամանակներու մէջ, Ամերիկան կը դառնայ 244 տարեկան:

Հակառակ բազմաթիւ բողոքներու, որոնք մենք կրնանք ունենալ այնքան շատ հարցերու շուրջ, ներառեալ այն, թէ ինչպէս երբեմն ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը կ’առեւանգուի մայրաքաղաքի մէջ, նեոպահպանողականներու եւ նեոլիբերալներու կողմէ, այս հեղինակը դեռ եւս կը ցանկայ գնահատանքի խօսք ըսել մի քանի առանձնայատկութիւններու մասին, որոնք Միացեալ Նահանգները կը դարձնեն շատ լաւ երկիր:

Որպէս որբացած վերապրածներու յաջորդող սերունդի անդամներու եւ որպէս թուրքերու կողմէ գործադրուած 1915-1923-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած երրորդ սերունդի անդամ,

Որպէս ամերիկացի, հպարտ՝ հայկական ծագումով եւ լիբանանեան ծննդավայրի արմատներով, եւ որպէս Ամերիկայի գերիշխան եւ ինքնիշխան քաղաքացի՝ այս Միացեալ Նահանգներու, որ հիմնուած է Հիմնադիր Հայրերու բարձր իտէալներու վրայ, ես հավերժ երախտապարտ եմ Ամերիկային,

Իր թեւերը լայն բանալու համար բոլոր այն վերապրողներու առջեւ, որոնք փրկուած են Իռլանտական Մեծ Սովէն (1845-1852), եւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Լիբանանի Մեծ Հալածանքներէ եւ Սովէն (1915-1918), Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած 1915-1923-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն, նացիստական Գերմանիոյ կողմէ գործադրուած հրեական Հրկիզումէն (1941-1945), Խորհրդային բոլշեւիկ բռնապետական եւ բռնազաւթական իշխանութիւններէն (1921-1991), Քամպօտիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութենէն (1975-1979), Տարֆուրի Ցեղասպանութենէն (2003-մինչեւ այսօր) ) եւ միւս բոլոր ցեղասպանութիւններէն, պետական ահաբեկչական պատերազմներէ, ինչպիսին է 2020-ին Արցախի հայերու դէմ 44-օրեայ թուրք-ատրպէճանա-Իսլամական Պետութեան յարձակումը, գերբնական աղէտներէ, հալածանքներէ, մեծ սովերէ եւ այլ մեծ աղէտներէ:

Միլիոնաւոր անապահով մարդոց կեայնքի երկրորդ առիթ տալու համար։

Ազատութիւններու հիմքը դնելու համար, որոնք կենսունակ կը դարձնեն այն ընկերային հասարակութիւնը, որու մէջ մենք կ’ապրինք:

Իր քաղաքացիներուն լիարժեք զօրակցութիւն տալու համար, կատարելու եւ իրականացնելու իրենց երազները։

Ժողովրդավարութիւնը պաշտպանող այսպիսի առողջ արժեքային համակարգ խթանելու համար. «Ես չեմ ընդունիր ձեր ըսածները, բայց մինչեւ մահ պիտի պաշտպանեմ այդ ըսելու ձեր իրաւունքը» – Վոլթեր։

Հայաստանին եւ Արցախին ու խոցելի անկախ պետութիւններուն կենսական աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ ժողովրդավարութեան վահանի ներքոյ գոյութիւն ունենալու անոնց իրաւունքը պաշտպանելու համար` Օրէնքի Գերակայութեան ներքոյ նեխածութեան -«կոռուպցիայի» եւ ԽԾԲ-ութեան «նեպոտիզմի» համակարգային վերացման միջոցով:

Միայն Ամերիկայի մէջ կարելի է ականատես ըլլալ առաւելագոյն թիւով քաղաքացիներու կողմէ ամերիկեան երազանքի իրականացման,

Միայն Ամերիկայի մէջ որեւէ մէկը կրնայ հասնիլ բարձրագոյն մակարդակի գործարարութեան եւ կառավարութեան մէջ՝ դեռեւս գործող արժանիքային համակարգի շնորհիւ:

Միայն Ամերիկայի մէջ, Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանէն/Հայկական Կիլիկիայէն եկած գաղթական ծնողներու զաւակը՝ Նահանգապետ Ճօրճ Տէօքմեճեանի նմանները կրնային դառնալ երկու վարչաշրջանի կառավարիչ Միացեալ Նահանգներու ամենամեծ նահանգ՝ Քալիֆոռնիոյ։

Միայն Ամերիկայի մէջ կրնայ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու եւ փախստականներու որդին դառնալ Ծովային Ուժերու Պետ-Նախարար (1967-1969); ծառայել նաեւ որպէս Պաշտպանութեան Պետ-Նախարարի Տեղակալ եւ Բանակի Պետ-Նախարարի Տեղակալ եւ Բանակի Պետ-Նախարարի Տեղակալ (կառավարում՝ տեղակայման եւ նիւթատեխնիկական ապահովման), յանձինս՝ Փօլ Ռոպըրթ Իկնատիոսի;

Միայն Ամերիկայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած երիտասարդ մը կրնայ դառնալ աշխարհի ամենահզօր բանակի Ընդհանուր Մատակարարման Շտաբի Ղեկավարի գլխաւոր խորհրդական մը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ճօրճ Մարտիկեան, որ Ամերիկա եկած էր 1922-ին, ծառայած էր որպէս Միացեալ Նահանգներու բանակի պետի խորհրդական՝ կտրուկ փոփոխութիւններ կատարելով Միացեալ Նահանգներու բանակի մէջ: Նախագահ Հերի Ս. Թրումըն զինք պարգեւատրած է Ազատութեան Մետալով՝ իր կատարած փայլուն աշխատանքի համար: Ան նաեւ հիմնեց տարագիր հայերուն օգնելու ամերիկեան ազգային կոմիտէ «ԱՆՉԱ» (ANCHA), որ փրկեց Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէ յետոյ՝ տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներու:

Նման անհատական նուաճումներու ցանկը չափազանց երկար է այստեղ տեղաւորելու համար:

Անձնական մակարդակի վրայ,

Միայն Ամերիկայի մէջ, այս յօդուածագիրը, որպէս երիտասարդ մարդ մը, կրնար ստեղծել իսկապէս անկախ մամուլի եւ մեդիայի ընկերութիւն մը, որ զերծ կ’ըլլար յատուկ խմբակցութիւններու եւ անհատներու ազդեցութենէն: Այս՝ յարգանքի տուրք կը կատարեմ, ողջունելու համար խօսքի ազատութեան եւ զօրակցական ամերիկեան ոգին: Եթէ Ամերիկայի մէջ չըլլայի, ուրիշ ո՞րտեղ ես կրնայի իսկական ազատ մամուլի մը մասնիկը հիմնել: Շնորհակալ եմ այն բոլոր հարազատ զօրակիցներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան, որ համատեղoրէն օժտենք մեր համայնքը՝ առողջ եւ ազատ մամուլով մը:

Բոլոր վերեւը նշված եւ անսահմանօրէն աւելի շատ օրհնութիւններու համար, Շնորհակալ եմ, Ամերիկա:

Թող շնորհաւոր ըլլայ քո 244-ամեակդ, Ամերիկա:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *