Կիրակի, 13 Յունիս ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութեան՝ Գուրգէն Սարգիսեանի «Իմ Յուշերը (1914-1921)» երկլեզու հատորին ներկայացումը, թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ: Ներկայ էր նաեւ արտահաս հովիւ Վահան քհնյ. Գույումճեան, որ այդ օր հիւրաբար պատարագած ու քարոզած էր:

Ներկայացումը կատարեց առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ հատորին խմբագիրը եւ թարգմանիչն է: Հայերէն ու անգլերէն իր խօսքին մէջ, բանախօսը անդրադարձաւ հատորին պատրաստութեան մանրամասնութիւններուն, յայտնելով, թէ 1970ական թուականներէն անաւարտ եւ անտիպ մնացած ձեռագիրը զինք անակնկալի բերած էր, հանդիպելով դէմքի մը, որուն վաստակը մոռացութեան մատնուած էր եւ որուն յուշագրութիւնը, իր անաւարտ վիճակով հանդերձ, ուշադրութեան արժանի էր: Հեղինակին ինքնատիպ մանրամասնութիւնները այդ ժամանակաշրջանին մասին, յայտնեց դոկտ. Մատթէոսեան, ափսոսալ կու տան, որ ան չէ ամբողջացուցած 1921էն ետք իր կեանքի նկարագրութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր թատերական աշխատանքը, Փրակայի համալսարանի ուսանողական շրջանը, ռումանահայ համայնքին մէջ գոր-ծունէութիւն եւ Սիպերիոյ մէջ անցուցած աքսորի դաժան ժամանակաշրջանը: Ան յայտնեց, թէ հատորին տեղեկութիւններու ճոխութիւնը կը պարտադրէր մանրակրկիտ աշխատանք մը թէ՛ հեղինակին կենսագրութիւնը վերականգնելու եւ թէ բնագիրը ծանօթագրելու համար: Մէկ հատորի մէջ ամփոփուած հայերէն բնագիրը եւ անգլերէն թարգմանութիւնը, այդ ժա-մանակաշրջանին Արեւելեան Հայաս-տանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առա-ջին Հանրապետութեան մասին:
Հեղինակին թոռնիկը՝ Վիքթոր Սար-գիսեան, այնուհետեւ խօսք առաւ՝ շնոր-հակալութիւն յայտնելով թէ՛ Անուշաւան արքեպիսկոպոսին՝ այս հատորի հրատա-րակութեան նախաձեռնութիւնը ստան-ձելուն եւ թէ՛ դոկտ. Մատթէոսեանին` հա-տորի հրատարակութիւնը գիտական մակարդակով իրագործելուն համար:

Փակման խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազանը ոգեկոչեց Գ. Սարգիսեանը՝ իբրեւ մեր անցեալի «խոնարհ հերոս-ներ»էն մէկը, որ իր պարտքը կատարած էր հայրենիքին հանդէպ, ու գնահատեց դոկտ. Մատթէոսեանի կատարած բծա-խնդիր աշխատանքը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *