Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի պատանիներու ախոյեանութեան յաջող մեկնարկ ունեցաւ 80 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Դաւիթ Սիմոնեան, որ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձա-նագրեց իր թուրք մրցակիցին դէմ:

Առաջին երկու ռաունտերուն Սիմոնեան ունեցաւ մեծ առաւելութիւն, իսկ երկրորդ ռաունտին, իրաւարարները ռինկէն դուրս հանեցին թուրք կռփամարտիկը, որ արգիլուած հարուածներ սկսած էր կատարել:

Նշենք, որ երէկ թեքնիք նաք աութով յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 60 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Արթուր Մկրտչեան:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն երէկ յաղթական ելոյթ ունեցաւ նաեւ Մահուր Մարիկեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *