Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ Քոնկրեսի Հայկական յանձնախումբի համանախագահն է, յայտնած է, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յատկացումներու 2022-ի ելեւմտա-կան տարուան ծախսերու մասին օրինագիծին մէջ ներառուած է Հայաստանի եւ Արցախի կայուն ֆինանսաւորման հարցը:
«Աւերիչ տագնապին եւ անհաւանական տառապանքին յաջորդող տարուան մէջ յաջողած ենք Հայաստանի եւ Արցախի համար աւելի քան 52 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում ներառել Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յատկացումներու մասին օրինագիծին մէջ: Այս կայուն ներդրումը պիտի աջակցի Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական, տնտեսական եւ ուժանիւթային բարեփոխումներու իրականացման եւ առաջին անհրաժեշտութեան մարդասիրական օգնութիւն պիտի ապահովէ Արցախին», կը նշուի Էտըմ Շիֆի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Վերջինս աւելցուցած է, որ տակաւին ընելիք շատ կայ: «Մենք պէտք է շարունակենք Պայտընի վարչակազմը յորդորելձեռնարկելու բոլոր հաւանական քայլերը Ազրպէյճանի յարձակումին վերջ տալու եւ անյապաղ ազատ արձակելու հայ կալանաւորներն ու պատե-րազմական գերիները, որոնցմէ շատեր կտտանքներու ենթարկուած են, ինչ որ կը խախտէ մարդու իրաւունքներու մասին միջազգային ուխտերը: Մենք պէտք է նախագահ Պայտընը յորդորենք հրաժարելու օգնութիւն տրամադրելու Ազրպէյճանի մէջ Ալիեւի վարչակարգին, որ կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել մարդու իրաւունքներն ու սպառնալ Հայաստանի անկախութեան: Միշտ կանգնած եմ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի կողքին», շեշտած է քոնկրեսականը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *