ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Յուլիսի սկզբին Վատիկանի դատաւորը մեղադրանք առաջադրած է 10 մարդու, ներառեալ՝ երբեմնի հզօր Գարտինալին, ամբաստանելով՝ հափշտակութեան, պաշտօնի չարաշահման, դրամաշորթութեան եւ խարդախութեան մէջ որ կ՛առնչուի Լոնտոնի անշարժ կալուածի ձեռնարկութեան մը մէջ 350 միլիոն եւրօ (415 միլիոն տոլար) ներդրման հետ:
Վատիկանի քրէական ատեանի նախագահ Կիւսեփփէ Փինյաթօնէ Յուլիսի 27-ը նշանակեց դատավարութեան օր, կը նշէ Յուլիսի 2-ին լոյս տեսած Վատիկանի մամուլի հաղորդագրութիւնը:
Մեղադրական եզրակացութիւնները ներկայացուած են սունկի մաշտապով զարգացող երկամեայ հետաքննութեան հետեւանքով, թէ ինչպէս պետքարտուղար-ութիւնը կառավարած է իր հսկայական ֆոնտերը, որոնց մեծ մասը կը գոյանայ հաւատացեալներու կողմէ Peter՚s Pence ֆոնտին նուիրատւութիւններէ: Գայթակղութիւնը հանգեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրատւութիւններու կտրուկ կրճատման:
Արդէօ՞ք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Վատիկանի նման օրէնքի գերակայութեան ոգիով կ՛առաջնորդուի:
Վատիկանի գործող՝ Օրէնքի գերակայութեան ներքոյ, ֆինանսական սկան-դալի/խայտառակութեան հետաքննութիւնը հասաւ բարձրաստիճան գարտինալին: Սուրբ Վատիկանի մէջ քրէական արդարադատութեան առողջ համակարգի պատճառով գարտինալ Ճիօվաննի Անժելօ Պէչչիու հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն եւ ստիպուած եղաւ հրաժարական տալու:
Բայց Էջմիածնի Սուրբ Աթոռի բռնա-զաւթող Գարեգին Բ կաթողիկոսի օրոք, Հայ Եկեղեցւոյ բազմաթիւ կրօնական եւ աշխարհական անդամ մեղաւորներ անպատիժ կը մնան, քանի որ չարագործութիւն կատարողները նաև Արդարադատութեան «գործավարներն» են:
Շահերու բացահայտ բախու՞մ:
Եկէք քննարկենք:
Արևմտեան թեմի Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, հոգեւոր հովիւ Մանուկ Մարգարեան եւ հովիւի որդին՝ Արեւմտեան Թեմի գործադիր տնօրէն Յարութ Մարգարյան բազմաթիւ նենգ գործողութիւններու մեղավորներն/հեղինակներն են, միեւնոյն ժամանակ ըլլալով թեմի ամենօրեայ գլխաւոր կառավարիչները: Թեմի եւ համայնքի բազմաթիւ անդամներ կը շարունակեն ողողել ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի խմբագրութեան հեռախօսային շարքերը նեկայացնելով բողոքներ եւ հիմնաւոր հարցումներ, ինչպիսիք են. «Ինչպէ՞ս կրնանք ակնկալել հաշուետւողականութեան եւ թափանցիկութեան կիրառում, երբ եւ՛ հանցագործները, եւ՛ օրէնքի գործադրողները նոյն մարդիկ են»:
Ինչպէ՞ս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս վիճակին հասաւ:
Բոլշեւիկեան ռեժիմի ժամանակ, Հայկական եկեղեցին ոչնչացնելու համար Սովետական KGB/ԿԳԲ-ն հեղեղած էր եկեղեցին` Գարեգին Բ-ի նման հանցա-գործներով, Յովնան Տէրտէրեանի նման կուսակրօնութեան ուխտը խախտողներով որոնք կը ներկայացուէին իբրեւ «բարեպաշտ» քահանաներ:
KGB/ԿԳԲ-ի բռնաճնշման տակ Մայր Աթոռը նաեւ գրկաբաց «կ՛ընդունէր» Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մերժուածները: Նման մերժուածներէն մէկն էր Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանը, որ բռնուեցաւ անօրինական սեռական գործողութիւններու կատարմամբ՝ խախտելով իր կուսակրօն քահանայութեան խոստումները: Մէկ այլ մերժուած մըն էր «սրբազանի» տիտղոսը կորսնցուցած սակայն «սուրբ գազանի» տիղոսին տիրացած արքեպիսկոպոսն էր:
Գարեգին Բ-ի Սուրբ Աթոռի բռնազաւթումէն ասդին, վերջին երկու տասնամեակ-ներու ընթացքին, անողնաշար աշխարհականներու «կոյր, համր եւ խուլ» ձեւացող բանակի մը մեղսակցութեամբ, այսպիսիները եւ իրենց կլանակիցները Սփիւռքի զանազան թեմերէ ներս ստեղծեցին փոքրիկ մէնատիրական եւ բռնակալութիւններ «դիկդատորաներ» ներառեալ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի, Ռուսոիոյ, Գանատայի մէջ եւ այլուր:

Ամերիկահայութեան, գանատահայութեան, ֆրանսահայութեան եւ ռուսա-հայութեան լայն զանքուածներ կը պնդեն թէ «հարկաւոր է որ ժամ առաջ Գարեգին-Յովնան-Եզրաս մաֆիան փլուզուի որպէսզի Հայ Եկեղեցին փրկուի եւ բոլոր քրէամիտ կեղծ եկեղեցականները պատասխանատւութեան ենթարկուին իրենց գործած բազում հանցագործութիւններու համար:
Հայաստանի հանրապետութիւնը պարտաւոր է Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհական անդամներու իրաւունքը պաշտպանել որպէսզի ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ամբողջական վերահսկողութեան ներքեւ բերեն Հայ Եկեղեցին եւ ներեկեղեցական կամ համաժողովրդական դատական մարմին մը կազմուի որպէսզի իրականացուի պաշտօազրկումը Հայ Եկեղեցւոյ օրինախախտ բոլոր կրօնական եւ աշխարհական ղեկավարներու:

1) Կրօնական օրինախախտ ղեկավարներու օրինակներ. Գարեգին բըը չկաթողիկոսը, իր արիւնակից Մոսկուայի Եզրաս մանկապիղծ չարքեպիսկոպոսը, Լոս Անճելլսի ամերիկեան դատարանի մէջ սուտ խօսած Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, Արարատեան հայրապետական թեմի Նաւասարդ չարքըպիսկոպոս Կջոյանը որոնք բազում հանցագործութիւններու մէջ մեղսակցած են:
Ոչ կրօնական կամ աշխարհական օրինախախտ ղեկավարներու շարքին են՝
Լոս Անճելոսի փաստաբան Յովսէփ Կանիմեանը եւ ՀԲԸՄ-ի Սինան Սինանեանը:
Ա) Բազմահարիւր միլիոն տոլարներու ապօրինի իւրացում-ներու կամ շոքիացումներու մէջ մեղսակցած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
Բ) Մանկապղծումներու մէջ ուղղակի կամ անուղղակի մեղ-սակիցներ եղած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
Գ) Հայաստանի եւ Արցախի մէջ նորածին հայ երեխաներու արեւանգում եւ ապօրինի վա-ճառք միջազգային «թրաֆիքինկ» սեւ շուկաներու մէջ:
Դ) Հայաստանի երկրաշարժի գօտիի վերականգնման միլիոնաւոր տոլարներու ապօրինի իւրացում:
Բազմաթիւ հայեր հարց կուտան. «Ինչու մինչեւ հիմա Գարեգին Բ, Յովնան Տէտէրեան, Մոսկուայի Եզրասը հանրութեան չեն ներկայանար պարզաբանելու, հաստատելու կամ դրժելու այս ծանր ամբաստանութիւնները:»

Արեւմտեան թեմի երեց առաջատար անդամ մը ըսաւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ին. «Արեւածագը մօտալուտ է եւ ՊԻՏԻ՛ ժամանէ այն պահը երբ Հայաստանեայց Առա-քելական Սուրբ Եկեղեցին արմատապէս պիտի վերադառնայ իր Աստուածահաճոյ ակունքներուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի վերստին սրբազարթուի եւ ԲՈԼՈՐ հետոյքալեզները ԴՈՒ՛ՐՍ պիտի շպրտուին — բոլոր սրբավայրերէն: Եւ ՎԵՐՋ»:
Ժողովուրդն ունի գերագոյն իշխանութիւն՝ ընտրելու արժանի առաջնորդներ եւ պաշտօնազրկելու ստուերոտ ու ստոր կերպարներ: