Համաճարակի որոշ չափով հեռացումը պատճառ դարձաւ եւ արթնցուց մեզ, որ ձերբազատուինք եւ դիմաւորենք ուրախ, առողջ եւ փայլուն օրեր, մասնաւորաբար վայելելու մեր սիրասուն փոքրիկներուն կատա-րոմները:
Այս գեղեցիկ առիթը օգտագործելով դպրոցիս տնօրէնուհին՝ Տիկ. Մ.Պոյաճեանը, հրաշալի գաղափար մը ունեցաւ բացառիկ եւ գրաւիչ յայտագրի մը գործադրութեան:

Յունիս 18, 2021-ի երեկոյեան, դպրոցիս բակը եռուզեռի մէջ էր, միեւնոյն ժամանակ յարգելով ապահովութեան օրէնքները:
Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի աշակերտութեան մասնակցութեամբ Տիզնի Լենտի յայտագրէն քաղուած երգեր եւ պարեր ներկայացուցան գեղեցիկ տարազներով, որոնք պահ մը բեմին փայլքը աւելցուցին՝ հանդիսատեսը փոխադրելով Տիզնի Լենտ:
Չմոռնալով մեր հայ մշակոյթը եւ հայապահպանումը վառ պահելու մտահոգութամբ աշակերտները հայրենասիրական եւ գարնանային երգերու փունջ մը ներկայացուցին, դարձնելով երեկոն հաճելի եւ գողտրիկ, հրապուրելով ներկաներուն ուշադրութիւնը:
Խմբային արտասանութիւններով հանդէս եկան հոգեշունչ եւ հայեցի մօտեցումով, խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն հոգիներուն մէջ, հաւատալով հայկական դպրոցին առաքելութեան: Ութերորդ կարգի աշակերտըները ներկայացուցին նաեւ թատրոն մը:
Բալոր աշակերտներն ալ իրենց պարտականութիւնները կատարեցին ինքնավստահութեամբ:
Գնահատելի էին պարուսոյցներուն, երաժշտութեան եւ հայերէն լեզուի ուսուցիչներուն աշխատանքը, որոնք մեծ նուիրումով իրենց ներդրումը բերին այս յայտագրի յաջողութեան եւ վերելքին:
ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Ք.Սարեան Մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ 25 Յունիսի 2021-ի յետմիջօրէին: Այդ օր դպրոցին բակը նոր կեանքի կոչուած էր ընդունելու ծնողներ եւ հարազատներ, որոնք եկած էին վայելելու իրենց փոքրիկներուն դողդոջուն շրթերէն լսելու հայերէն եւ անգլերէն երգեր, սաղմոսներ, արտասանութիւններ եւ դիտելու տեսակաւոր պարեր:
Փոքրիկները ժպտուն դէմքերով, գոյնզգոյն հոգուստներով պարեցին եւ այցելեցին աշխարհի տարբեր շրջանները իրենց հաճելի ներկայացում-ներով:
Ք.Սարեան Մանկապարտէզի վկայականանց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 26, 2021-ի երեկոյեան դպրոցիս շրջափակին մէջ:
Աշակերտները կատարեցին հայկական եւ ամերիկեան ուխտերը, քայլերգները, սաղմոսները, հայերէն եւ անգլերէն հոգեշունչ եւ միաբերան հրաժեշտի երգերն ու արտասանութիւնները: Ականատես եղանք նաեւ աղջիկներու հեզաճկուն եւ տղոց խրոխտ հայկական պարերուն, որոնք բաւական ճանապարելէ ետք հասան հայրենիք:
Պահն էր դիտելու շրջանաւարտներուն տողանցքը, որոնք բեմ բարձրացան ստանալու իրենց կեանքին առաջին վկայականները, Տնօրէնուհիին եւ Դաստիարակ-ուսուցիչին միջոցաւ:
Հանդէսը փակուցաւ Տնօրէնուհիին խրախուսիչ խօսքերով եւ բարեմաղ-թութիւններով:
Այժմ պահն էր վայելելու Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի աշակերտներուն աւարտական հանդէսները:
Տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ աշակերտները տողանցեցին:
Ակներեւ էր լսելու շրջանաւարտներուն ուխտերը, քայլերգերը, խմբային եւ անհատական արտասանութիւնները, աղօթքները եւ ուղերձներոը, ուր հաճոյքով ըմբոշխնեցինք եւ բաւարարուած զգացինք՝ քաղելով տարիներու կատարուած աշխատանքին արդիւնքը:
Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի շրջանաւարտները համապատասխան պարգեւներով գնահատուեցան եւ ստացան իրենց վկայականները Տնօրէնուհիին եւ Դաստիարակներուն ձեռամբ:
Հանդէսի աւարտին գնահատանքի արժանացան Տնօրէնուհին, ուսուցիչները եւ հոգաբարձական կազմը, որոնք անսակարկ նուիրումով ծառայած էին բոլոր տարին:
Տնօրէնուհին վեր առաւ դպրոցիս առաքելութիւնը, որ կը ճամբէ հայեցի կրթութիւն եւ հոգեւոր սնունդ: Ան շնոր-հաւորեց ծնողները: Բարի երթ մաղթեց շրջա-նաւարտներուն՝ լաւագոյնը ցան-կալով իրենց ապագայ ծրագիրներուն:
Վարձքը կատար Տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան:
Նորանոր յաջողութիւններ եւ բար-գաւաճում կը մաղթենք, որպէսզի այս դարբնոցը մնայ կանգուն եւ ծառայէ մեր գաղութին:
Վերոհիշեալ բոլոր հանդէսներուն ծնողներուն կողքին ներկայ էին դպրոցիս հիմնադիրներէն Պրն. Մ.Եուսուֆեան, առաջին տնօրէն Պրն.Բ.Արոյեան, Ք.Սարեան Մանկամսուրի բարերար Դոկտ. Մ.Սարեան, հոգաբարձուներ եւ բարեկամներ:
Այսպիսով, բոլոր յայտագիրները փակուցան Պատուելի Ճ.Մաթոսեանի, Վ.Էքմէքճեանի եւ Մ.Մկրտիչեանի աղոթքներով:
Սոնա Պատալեան