ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը շատ դժգոհ են Հայաստանի դէմ իրենց կողմէ պարտադրուած զուգանհեր շրջափակումէն որ սկսած է 1991ին: Որովհետեւ շըրջա-փակումը դարձաւ ինքնաշրջափակում. Տեսակ մը տնտեսա-քաղաքական թրքական ինքնամեկուսացում:
1991-ի շրջափակումէն ի վեր, իրերայաջորդ թրքական կառավարութիւնները յոյս ունէին, որ հակահայ շրջափակումը Հայաստանին ծունկի կը բերէ:
Շրջափակման սկզբնական փուլին մէջ, Հայաստան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ դիմակալեց, բայց ի վերջոյ, շնորհիւ իր պայքարունակ ու ձեռներեց ժողովուրդին, նախաձեռնող սփիւռքի եւ բարեկամ ազգերու, ան յաղթահարեց իր դժուարութիւնները եւ շարունակեց իր պետականաշինութեան առաքելութիւնը:
Այժմ 30 տարի ետք եւ 2020-ի 44-օրեայ Թուրքիա/Ատրպէյճան/ԴԱԻՇ հակահայկական յարձակումէն ետք, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը խորապէս հիասթափուած են, որ անոնք դեռ չեն կրցած գրաւել Հարաւային Հայաստանի Մեղրիի միջանցքը, որ կը կապէ Թուրքիան՝ Ատրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական պետութիւններու հետ:
Հայաստան չէ քննարկած եւ չի քննարկելու Ատրպէյճանին «միջանցք» կամ նման «միջանցք» տրամադրելու թեման, Երեքշաբթի՝ Օգոստոս 31 -ին, ըսաւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորյան:
Եւ հիմա, Թուրքիոյ նախագահ Էրտօղան Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին կը դրդէ սնանել նոր «բարեկամութիւն» մը: Սակայն արդէօ՞ք Երեւան միամտութեամբ պիտի առաջնորդուի:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյան ճիշտ կը պնդէ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ցանկացած կարգաւորում պէտք է կատարուի առանց որեւէ նախապայմանի:
Աշխարհի հայերը լիովին կը գիտակցին, որ Անգարան կþառաջնորդուի թրքական նենգամտութեամբ, եւ երբ Հայաստան սկսի զիջել, աւելի շատ զիջումներու թրքական ախորժակը կը դառնայ անսահման ու անզսպելի:

Թուրքիան շատ յաճախ այնպէս կը վարուիիբրեւ թէ հայկական զոյգ պետութիւնները միայնակ մնացած են: Բայց ան պէտք է գիտակցի որ Հայաստանն ու Արցախը լիակատար աջակցութիւն կը ստանան Հայ Ազգէն, որ բաղկացած է հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութենէ: Ամեն անգամ, երբ Թուրքիան եւ անոր նախագահը ընդառաջ կուգան Հայաստանի Հանրապետութեան նենգամիտ «առաջարկով», անոնք պէտք է նկատի ունենան, որ երբ Թուրքիան կամ Ատրպէյճանը գործ ունին Հայաստանի կամ Արցախի հետ, լռելեան եւ նովին գործով՝ անոնք գործ ունին ողջ Հայ Ազգի հետ, քանզի երկու հանրապետութիւնները համաշխարհային ազգի անբաժանելի մասնիկներն են: Իհարկէ, հասկնալի է, որ Անգարան եւ Բաքուն շարունակաբար կը միտին Հայաստանը օտարացնել անոր հսկայական սփիւռքէն: Բայց անօգուտ: Չմոռնանք որ Թուրքիան բազմիցս յայտարարած է, որ իր թիւ մէկ թշնամին հայկական սփիւռքն է: Մինչ Թուրքիան այնպէս մը կը ձեւացնէ, իբրեւ թէ Հայաստանի հետ «խաղաղութիւն» կը հետապնդէ, որոշ տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ են չհաստատուած լուրերու մասին, թէ Թուրքիան ԴԱԻՇ-ի ահաբեկիչներ կը կուտակէ, որոնք սողսկուած են Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ/բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի՝ Վան շրջանի մէջ եւ տեղակայուած աֆղան փախստականներու մէջ: Կþենթադրուի, որ անորնց թիւը հազարաւոր է: Մինչ արեւմտեան լրատուական գործակալութիւնները սխալ կերպով կը յայտնեն, որ իբրեւ թէ Թուրքիան «չընդունիր աֆղանցի փախստականներուն», սակայն որոշ աղբիւներ կը պնդեն, որ Թուրքիան փախստականներուն կþօգտագործէ որպէս ծխածածկոյթ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի մէջ ԴԱԻՇ-ի աւելի մեծ թիւով ահաբեկիչներ ներխուժելու համար
Հայաստան եւ Արցախ:
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բազմաթիւ անկախ դիտորդներ կը նշեն, որ հայկական հանրապետութիւնը պատրաստ չէ բանալու իր շուկաները թրքական դրամագլուխի առջեւ, քանի որ շատերը կը կանխատեսեն, որ թուրք աշխատողներու եւ ձեռնարկութիւններու ներթափանցումը հայաստանեան շուկաներէ ներս, անկասկած, կը վտանգէ Հայաստանի տնտեսական աճը եւ Հայաստանը կը դարձնէ թուրքամետ «վասալ» պետութիւն:
Յարաբերութիւններու «աստիճանական կարգաւորման» թրքական նախապայմանները բացայայտ եւ քողարկուած կերպով կը հետապնդեն նպատակներ, որոնք կը վնասեն Հայաստանի եւ Հայ Ազգի շահերուն:
Ստորեւ ներկայացուած են թուրքերու հետապնդած մահացու պայմանները.
1) Հայաստանն ու Հայկական Սփիւռքը պէտք է հրաժարին Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն, ներառեալ՝ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումէն,
2) Հայաստանն ու Հայկական Սփիւռքը պէտք է հրաժարին Թուրքիոյ կողմէ ապօրինի բռնագրաւուած Վիլսընեան/Արեւմտեան Հայաստանի պապենական հողերու վերաբերող պահանջատիրութենէն եւ միաժա-մանակ ճանչնալով Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը,
3) Հայաստանն ու ընդհաանրապէս Հայ Ազգը պէտք է հրաժարին Հայոց Ցեղասպանութեան համար փոխհատուցման իրենց պահանջատիրութենէ
Ա) Մէկուկէս միլիոն զոհերու արեան գինի համար,
Բ) Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած եւ (կամ) ապօրինի բռնագրաւուած զոհերու անշարժ եւ անձնական կալուածներու համար,
4) Հայաստանը կը ճանաչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ներկայ սահմանային իրավիճակին մէջ` առանց Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած Արցախի հողերու վերադարձի եւ առանց Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակի արդարացի լուծման:
Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիան ինքնաշրջափակման մէջ պահելը կը շարունակէ ձեռնտու ըլլալ Իրանին, Վրաստանին, Ռուսաստանին, ԱՄՆ-ին, Եւրոպական Միութեան, Յունաստանին, Կիպրոսին, Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին եւ Հայաստանին ու Արցախին համար: