Հայկական մարզական լրատու գործակալութիւններ երէկ յայտնեցին, որ Քազանի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող Անկախ պետութիւն-ներու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) երկիրներու առաջին խաղերուն, Հայաստան տիրացաւ իր 5-րդ մետալին:
Հայաստանի համար արծաթ մետալներ ապահովեցին Գէորգ Մանուկեան, Հայկ Թադէոսեան, Յարութիւն Խաչատրեան եւ Դաւիթ Սիմոնեան (կռփամարտ), մինչ Արշակ Բաբլումեան տիրացաւ պրոնզ մետալի:
Նշենք, որ ԱՊՀ-ի երկիրներու առաջին խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 14-23 տարեկան շուրջ 1600 մարզիկներ:
Այս խաղերուն Հայաստան ունի 55 ներկայացուցիչ, որոնք կը մասնակցին տարբեր մարզաձեւերու մրցումներուն:
