ԳՐԵՑ՝Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան


Վերջերս ֆրանսական լրատու կայաններէ լրահոսը իր հաղորդած գլխաւոր լուրերով ցնցեց ոչ միայն տեղական, այլեւ միջազգային հասարակութիւնը։ Ան ճշգրիտ թիւերով եւ փաստերով կ’անդրադառնար սահմռկեցուցիչ իրողութիւններու, թէ 300.000 երեխաներ վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին չարաշահուած են շուրջ 3000 կաթողիկէ մանկապիղծ հոգեւորականներու կողմէ։ Սոյն թուաքանակն արդէն այնքան ճնշող է, որ կամայ թէ ակամայ չես ալ ուզեր մտածել այն անյայտ թիւերուն մասին, որոնք առ այժմ կամ ընդհանրապէս կը մնան պատմութեան մութին մէջ։ Համաշխարհային մակարդակով չարաշահումներուն եւ նոր ժամանակաշրջանին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն իրագործած բազմաթիւ յանցագործութիւններուն հետ,– որոնք ստոյգ զոհ դարձած են լռութեան,– նոյնիսկ աւելի յանցագործ կազմակերպութիւններ, որոնցմէ մին մաֆիան է, ամենեւին պիտի չկարենային մրցակցիլ։ Աստուծոյ անունով իրագործուած յանցագործութիւններ, քստմնելի ոճիրներ, բռնութեան տարատեսակ արարքներ եւ անմարդկային բնազդի ամենավայրագ դրսեւորումներ։ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ծուարած եւ սեւ սքեմին տակ թաքնուած մանկա-պիղծներու փաղանգին վերաբերեալ յօդուածներն այս օրերուն կ’ընթերցուին վախ-ազդեցիկ վիպակներու նման, հակառակ անոր, որ դեռեւս ընդամէնը սառցաժայրին գագաթն է տեսանելի, մինչդեռ անոր խոշորագոյն զանգուածը տակաւին անյայտ կը մնայ օվկիանոսին ան-թափանց ջուրերուն մէջ։

Անթիւ զոհերուն կրած անլուր ցաւին ու տառապանքին, հոգեկան-բարոյական նուաստացումներուն, տարիներ շարունակ հիւծող ընկճախտին ու իրենց սրտին խորքը նստուածք դարձած սարսափին վերաբերեալ որոշակի պատկերացում մը կրնանք միայն այն ժամանակ կազմել, երբ ենթակաները քաջութիւնն ունենան ամօթի ու վախի իրենց ապրումները յաղթահարելով արտայայտուիլ ու վկայել իրենց հետ պատահած սահմռկեցուցիչ եղելութիւններուն մասին։

Հիւանդագին երեւակայութիւն մը նոյնիսկ կը խորշի պատկերացնելու, թէ սիրասուն զաւակդ կիրակնօրեայ դպրոց, եկեղեցւոյ կազմակերպած ճամբար կամ որեւէ այլ միջոցառումին ուղարկես, եւ ան տուն վերադառնայ ենթարկուած սեռային պղծութեան այս կամ այն այնքան սիրած հոգեւոր հովիւէդ, որուն վստահած, մեղքերդ խոստովանած եւ ձեռքէն հաղորդութիւն ստացած ես։ Երբ այդ պահէն իսկ նկատած ես, թէ զաւակիդ հետ բացասականօրէն բան մը փոխուած է, բայց երբեք մտքիդ ծայրէն իսկ անցուցած չես, թէ զաւակդ դարձած է անպաշտպան բազմաթիւ զոհերէն մին հոգեւորականի մը անարգ կիրքերուն։

Արդարեւ, ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ եկեղեցիին տնօրինած գիշերօթիկ դպրոցներէ ու որբանոցներէ հարիւրաւոր սպաննուած երեխաներու զանգուածային գերեզմաններ յայտնաբերուէին, ինչպէս վերջերս Անգլիոյ մէջ պատահեցաւ: Եթէ երբեք բացայայտուէին հա¬մակարգուած եւ հետեւողական բռնաբարութեան, նուաստացումի ու հոգեբանական ստրկացումի դէպքեր եւ այս բոլորը յայտնուէին այլ համատեքստի մը կամ ընկերային այլ կառոյցներու մէջ, ապա ի՞նչ պիտի ըլլար հասարակութեան հակազդեցու-թիւնը այս եւ նման փաստերու հանդէպ։

Եկեղեցին սակայն անձեռնմխելի հաստատութիւն մըն է, իսկ հոգեւորականը՝ յաճախ պաշտպանուած մենաշնորհեալ մը անոր միջնադարեան հաստաբեստ պատերուն ետեւ։ Յարգանքը հանդէպ կրօնքին ու հաւատքին, պատմութեան եւ նուիրականութեան թոյլ չի տար, որ մար-դիկ խօսին եկեղեցիին դէմ կամ, աւելի ճիշդ, լրջօրէն քննադատեն անոր մէջ բոյն դրած յոռի բարքերն ու կղերին վատթար չարաշահումները։

Խեղաթիւրելու արուեստը կղերին է տրուած ի սէր եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մարդոց բարի եւ ազնիւ դիտաւորութիւնը իբրեւ հակաքրիստոնէական շարժում, աղանդաւորական վիժուածք, սրբա¬պղծութիւն, եկեղեցւոյ հեղինակութեան եւ նուիրապետութեան դէմ յանդգնութիւն որակաւորումներով պիտակաւորելու։ Սակայն եւ այնպէս, հասարակութիւնը յարաճուն փոփոխութեան մէջ է եւ, ի վերջոյ, տեղ մը հետզհետէ յաջողած է յաղթահարել իր ընկերային եւ հոգեբանական արգելքները։ Այսուհետեւ կարելի չէ պատկերացնել, որ եկեղեցին վեր մնայ օրէնքի գերակայութենէն, նաեւ մնայ ազատ՝ հարկային պարտաւորութենէն։ Ինչպէս հա-սարակական եւ քաղաքական կեանքի բոլոր կառոյցները, ան եւս պէտք է ներ-գրաւուած ըլլայ սահմանադրական պետութեան իրաւական դաշտին ու պար-տականութիւններուն ծիրին մէջ։ Անհատական, հաւաքական եւ զանգուածային չարաշահումներու եւ յանցագործութիւններու պարագային՝ առաւել եւս պատաս-խանատու եւ ենթակայ պատժելիութեան օրէնքին առջեւ։

Անդրադառնալով Ֆրանսայի կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ իրականացած սեռային վերոնշեալ յանցագործութիւններուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սրտի խոր ցաւով կ’արտայայտուի՝ ըսելով. «Զոհերուն կը յայտնեմ իմ խորազգած ցաւն ու տխրութիւնը իրենց կրած վնասուածքներուն համար։ Այդ նաեւ ի՛մ ամօթն է, մե՛ր ամօթն է, որ եկեղեցին երկար ժամանակ անզօր գտնուեցաւ զիրենք դնելու իր մտահոգութիւններուն կեդրոնը»։ Սրբազան Քահանայապետը խորապէս կը գիտակցի, որ եկեղեցին կը գտնուի լուրջ ճգնաժամի մը մէջ։ Սեռային եւ այլ չարա-շահումներու գայթակղութեանց հետեւանքով հաւատացեալներու լայն շրջա-նակներուն մէջ եկեղեցիին հանդէպ յառաջացած վստահութեան կորուստը մեծ է։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համաշխարհային սիւնհոդոսի բացումին, որ տեղի ունեցաւ 10 Հոկտեմբերին Հռոմի մէջ, ան իր ճառին մէջ հանգա¬մանօրէն կը նշէ, որ նախկին գործելաոճին կիրարկումը եկեղեցիին մէջ յառաջ եկած հիմնահարցերը լուծելու համար ապարդիւն է։ Ըսել «Մենք միշտ այդպէս ըրած ենք, եւ աւելի լաւ է ոչինչ փոխել՝ թոյն է եկեղեցւոյ կեանքին համար։ Ով այս մտահորիզոնով կ’առաջնորդուի, թէկուզ առանց անդրադառնալու, կը սխալի՝ ժամանակը, որուն մէջ մենք կ’ապրինք, լրջօրէն չընկալելուն համար»։

Բարեկարգութիւնը ոչ միայն Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին, այլ ընդհան-րապէս Ընդհանրական եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին ուղղուած մարտահրաւէր մըն է, որ պէտք է ըլլայ իր հայեցակարգային առաջնահերթութիւններէն մին։ Կարելի չէ լիարժէք ծառայել հասարակութեան բարիքներուն, եթէ ան ժամանակահունչ չէ, եթէ երբեք իր ուսուցումներուն եւ մարդոց ընկալումներուն միջեւ տարբերութիւնը անհաշտելի դարձած է։

Ներկայ ժամանակաշրջանին մէջ վերիմաստաւորելով մեր կեանքն ու ապրելաոճը մեզի համար ոչ միայն առաջնահերթ հրամայական մըն է պահպանելու եւ կազդուրելու համար ծանրօրէն վիրաւորուած մեր բնաշխարհը, այլ նաեւ Երկիր մոլորակին վրայ գերազանցապէս պաշտպանելու մարդ արարածը այսօրուան ու վաղուան բոլոր այլասերումներուն դէմ։ Արդարեւ, հարկ է զայն ուղղորդել ու առաւել եւս ամրագրել իր մարդկային կոչումին մէջ, զայն վերարժեւորելով համաձայն Աստուածաշունչին աւանդած գնահատականին՝ մարդ, ըստ պատկերի եւ նմանութեան Աստուծոյ։

Եկեղեցին մի՛շտ պէտք է բարեկարգուի, ըլլայ ժամանակահունչ եւ բաց՝ մարդոց ու Ս. Հոգւոյն ներգործութեան համար։ Ա՛յս եղած է եւ այսօր ու վաղը անընդմիջելիօրէն ա՛յս պէտք է ըլլայ անոր տիրաւանդ առաքելութիւնը։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *