ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Անցեալ շաբաթ օրը բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի մէջ գտնուող «Կովերուն Պարտէզին» դիմաց: Ցուցարարները պահանեցին չեղեալ համարել 99-ամեայ վարձակալութեան պայմանագիրը, որն անօրինական կերպով բանակցած էին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի երկու ներկայացուցիչներ: Ցուցարարները նշեցին, որ պատրիարք Նուրհան Մանուկեան եւ անշարժ կալուածի տնօրէն հայր Պարետ Երեցեան իրաւունք չունին միակողմանի ստորագրել երկարաժամկէտ վարձակալութիւնը: Ցուցարարները պահանջեցին այս պայմանագիրէն ստորագրութեան արագ հետս կոչումը: Մի քանի ակտիվիստներ ահազանգեցին եւ կոչ ըրին հրաւիրելու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Ընդհանուր Ժողով՝ պայմա-նագիրը չեղեալ յայտարարելու համար: Պատրիարքարանի հոգեւորականներուն ու աշխարհա-կաններուն Երուսաղէմի հայ համայնքի հետ միասին տեղեակ չեն ապօրինի պայմանագրի մանրամասնութիւններու մասին:

Բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն մէկը USA Armenian Life-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ ասիկա անհատներու կողմէն իրականացուած գործարք է «Մենք կ՛ակնկալենք, որ իշխանութիւնները՝ Հորդանան, Պաղեստին, Հայաստան, իրենց քայլերը կատարեն ընդդէմ այս պայմանագրի: Եւ բողոքի ցոյցը նաեւ ցոյց տուաւ, որ տեղացիները՝ հայ եւ ոչ հայ, չեն կրնար լուռ մնալ եւ ատոր համար կþակնկալեն իշխանութիւններու միջամտութիւնը: Մենք մտադիր ենք պայքարիլ ամէն ձեւով մինչեւ հողի վերադարձը: Իհարկէ, պէտք է փոփոխութիւն ըլլայ, բաւականին ճնշում բանեցնէ Պատրիարքութեան վրայ, եւ յոյսով ենք այս հարցով փոփոխութիւն կþըլլայ շուտով», նշեց ակտիվիստը:
Եթէ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինը Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա-ի նման պատկառելի կաթողիկոս ունենար, ապա այսօրուան կաթողիկոսը բարոյական իրաւունքն ու հեղինակութիւնը կրնար ունենալ կազմելու համազգային քննիչ մարմին մը որ կրնար գործուղուէր դէպի Երուսաղէմ որ պատրիարքութեան բոլոր անշարժ կալվածային հարցերը քննարկէր եւ ստուգէր: Սակայն քանի որ այսօրուան Գարեգին Բ չկաթողիկոսն ալ բարոյապէս խոշոր անկումի մէջ է եւ զուրկ՝ բարոյական հեղինակութենէ եւ իրաւունքէ, ապա կենսական է, որ համազգային մարմին մը շուտափոյթ կերպով կազմուի, հետաքննէ եւ ստուգէ վանքի կալվածքի դրութիւնը եւ ֆինանսական իրավիճակը:
Բոլոր Սուրբ Միաբանութիւնները – Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Կոստանտնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, Մխիթարեան Հայրերու Միաբանութիւնը, Զմմառի Հայ Կաթողիկէ Միաբանութիւնը եւ աշխարհի բոլոր հայկական հաստատութիւններն ու ազգային գանձերուն պէտք է ուշադիր հեսկել, հետեւիլ եւ մանրազնին ստուգել՝ կոռումպացուած հոգեւորականներու եւ (կամ) աշխարհական մարդոց կողմէն ապօրինի իւրացումներ կանխելու համար:
Մեկ այլ ակտիվիստ մը նշեց, որ «հայ ազգը կենտրոնական դեր ունի, եւ սրտացաւ հայերու համաշխարհային հզօր արձագանքը պարզ է։ Այո, Երուսաղեմի պատրիարքարանը կը գործէ ինքնուրոյն, բայց միեւնոյն ժամանակ ան հայ ազգի անբաժանելի մասնիկն է: Հայ ազգը կրնայ եւ իրաւունք ունի հետաքննելու հայկական բոլոր ազգային գանձերու վիճակն ամենուր: Մենք պէտք է յստակութիւն սփռենք մեր ազգային գործերուն վրայ: Հարկ է նշել, որ Հորդանանի և Պաղեստինի իշխանութիւնները, սփիւռքի միջամտութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ միասին, պէտք է պահանջեն այս համաձայնագրի չեղեալ յայտարարումը»:
Այս խնդիրը կրնայ լուծուիլ, եթէ Նուրհան պատրիարքն իր ստորագրութիւնը հետս կոչէ այդ պայմանագիրէն, ինչպէս նաեւ Սրբոց Հակոբեանց Միաբանութեան անդամներու կողմէն չեղեալ յայտարարուի այս համաձայնագիրը, որ, ցաւոք, Միաբանութեան եւ համայնքի անդամներուն ցոյց չէ տրուած: Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովն է այդ օրինական մարմինը, որ այսպիսի պայմանագրեր կրնայ քննարկել, բայց տեղեակ պահուած չէ նման գործարքի մասին, ատոր համար պարտաւոր են չեղեալ հռչակել այս պայմանագիրը, պնդեց մէկ այլ ակտիվիստ մը:
Այսպես կոչուած «Պատրիարքարանի զոյգը» — Պատրիարք Նուրհան Մանուկեան եւ հայր Պարետ Երեցեան առաւել կը բարդացնեն խնդիրները եւ ալ աւելի կը շիկացնեն մթնոլորտը՝ գործելով ինքնագլուխ, միակողմանի եւ առանց որեւէ մանդատի: Անոնք պէտք է հեռու կենան այսպիսի բոլոր գործարքներէ եւ կեդրոնանան բացառապէս իրենց հոգեւոր առաքելութեան վրայ: Թող Պատրիարքարանի Ընդհանուր Ժողովը պատշաճ կերպով կառավարէ անշարժ կալուածները եւ ֆինանսական հաշիւները՝ հաշուետվողականութեան և թափանցիկութեան ներքեւ: