Երկուշաբթի ամրիկա ժամանեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Գլխաւոր Խորհրդական Եւ Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպան՝ Մեծարգոյ Ռուդիկ Հյուսնունց։ Պրն. Հյուսնունցին դիմաւորեցին շարք մը ընկերներ եւ որոնց կարգին Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Հիմնարկութեան (The American Armenian National Security Institute – AANSI) նախագահ ԱՄՆ Բանակի Գեներալ-Մայոր (Հանգս. Կոչ.) Մարք ՄաքՔարլի եւ փոխնախագահ Աբօ Չափարեան։

Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Հիմնարկութիւնը (ԱՀԱԱՀ-AANSI) կազմակերպած է յատուկ հանդիսութիւն Ի ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏ-ՈՒԹԵԱՆՑ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԱՆԿԱԽ-ՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ:

Հինգշաբթի 11 Նոյեմբերին Լոս Անճելոսի մէջ կայանալիք հանդիսութեան ոչ միայն հարաւային Գալիֆոռնիոացի բազմաթիւ ամերիկահայեր եւ ոչ-հայ ամերիկացիներ այլ նաեւ զօրակիցներ որոնք պիտի ժամանեն հեռաւոր Գանատայէն, Նիւ Եորքէն, Ուաշինկթընէն եւ այլ քաղաքներէ։

Նախաձեռնութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ մրցանակի արժանացած Տաղլեան Համալիրի Մէջ, պիտի զուգորդուի գեղարուեստական ճոխ յայ-տագիրով։ Արցախեան Ազատապայքարին նուիրուած՝ AANSI-ի վաւերագրա-կան ֆիլմի Առաջին Ցուցադրումը պիտի կատարուի։

Ելոյթ կþունենան Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Գլխաւոր Խորհրդական Եւ Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպան՝ Մեծարգոյ Ռուդիկ Հյուսնունց եւ ԱՄՆ Բանակի Գեներալ-Մայոր (Հանգս. Կոչ.) Մարք ՄաքՔարլի որ նախագահն է Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Հիմնարկութեան (The American Armenian National Security Institute – AANSI):

Օգոստոսին, AANSI փորձագէտներու եւ լրագրողներու թիմն իրականացուց իր առաջին ուսունասիրական-կրթական առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այս ուղեւորութեան նպատակն էր զեկուցել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակի մասին՝ յատկապէս շեշտադրելով ռազմական պատրաստուածութիւնը եւ անոնց ազդեցութիւնը ԱՄՆ շահերու վրայ, մինչ Հայաստանն ու Արցախը դարձեալ կը դիմակալեն գոյութենական սպառնալիքներ իրենց հարեւան երկրներ՝ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն: (Տե՛ս «AANSI-ի առաջին կրթական առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ» յօդուածը էջ 8-10 կամ՝ այցելել http://aansi.org/news/sample/ )

AANSI-ն անկուսակցական հաստատութիւն է, որ մէկ վրանի տակ կը միաւորէ ամերիկահայ եւ հայասէր ամերիկացիներ որոնք ունին զանազան քաղաքական պատկանելութիւններ եւ կը միտին AANSI-ի առաքելութիւնն իրականացնել վերջնական նպատակի համար՝ ԱՄՆ Գոնկրէսի, ռազմական եւ քաղաքական ազգային անվը-տանգութեան որոշում կայացնող-ներուն կրթելու համար՝ նպատակ ունենալով համադրել երկու պետութիւններու միջեւ պաշտպանական եւ ռազմավարական շահեր եւ որոնց հիմնաքարը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Հայաստանի Հանրապետութիւն ամուր համագործակցութիւնն է անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան ոլորտներու մէջ: AANSI-ն կը հաւատայ, որ ամերիկեան ուժեղ ռազմական եւ ազգային անվտանգութեան դիրքորոշումը, խաղաղութեան եւ մեր համայնական արժեքներու ու քաղաքակրթութեան գոյատեւման լաւագոյն երաշխիքն է:

Համայնքի առաջատար անդամները քրտնաջան աշխատանք կը տանին AANSI-ի Նոյեմբերի 11-ի հանդիսութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար՝ ժամանակին օգնութիւն ցուցաբերելու զոյգ հանրապետութիւններ՝ Արցախին եւ Հայաստանին, եւ հզօրացնելու AANSI-ն՝ իրականացնելու իր առաքելութիւնը:
Նոյ.11-ի միջոցառման հասոյթը կը նպաստէ՝

  • Ստեփանակերտի մէջ Արցախի Զինուորական Հիւանդանոցին։
  • Ամերիկեան պետական շրջանակներու մէջ ուսուցողական եւ տեղեկատուական ջանքերու` Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշ-խանութեան օգտին։
  • Ամերիկահայ մարդասի-րական ջոկատներու «բրիգադ-ներու»՝ Հայաստանի եւ Արցախի համար:

Միասին՝ կրթութեան եւ գիտելիքի միջոցով, մեր ուշադրութիւնը կը սեւերենք ամերիկահայ համայնքի եւ ԱՄՆ պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հաստատութիւններու միջեւ ուժեղ գործընկերութեան խթանմանըի շահ Ամերիկայի, Արցախի եւ Հայաստանի: Տոմսերու եւ նուիրատւութիւններու համար հեռաձայնել Ալին Պողարեանին 818.241.5800:
Կամ email ուղարկեցէք` info@aansi.org

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *