ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
ՙՀԱՅ ԿԵԱՆՔ՚-ի եւ USA Armenian Life-ի
—
ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ | USA Armenian Life Magazine | Issue #1810
—
Կիրակի Նոյեմբերի 28-ին AANSI-Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Հիմնարկութեան Նախագահ, ԱՄՆ բանակի գեներալ-մայոր (Հանգս. կոչուած) Մարք Մաքքարլին ներկայացուց Արցախի Հիմնադրամի հիմնադիր պարոն Ռուդիկ Հյուսնունցին– AANSI-ի նւիրատվութիւնը կատարվել է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Արցախի զինվորական հոսպիտալին մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով:
Նվիրատվութիւնը հնարաւոր ե°ւ AANSI-ի ե°ւ Արցախի Հանրապետութեան հարիւրաւոր աջակիցներու կողմէ:
Նոյեմբերի սկզբին, հարիւրաւոր ամերիկացիներ հասարակութեան տարբեր խավերից, տարբեր էթնիկ եւ կրօնական ծագումէ համախմբուեցան Լոս Անճելոսի մէջ՝ յայտնելու իրենց աներկբայ աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ պաշտպանութեան: Հազարաւոր մարդիկ հետեւեցան միջոցառման Facebook-ի, YouTube-ի եւ այլ առցանց հարթակներու ուղիղ եթերով:
ՙԱրցախ Հիմնադրամին՚ քսանհինգ հազար տոլար արժողութեամբ չէքի յանձնումը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելոսի մէջ գործող ամերիկահայ նշանաւոր իրաւաբան, Լոս Անճելոսի Սպառողներու Փաստաբաններու Միութեան (CAALA) նախկին նախագահ Կարօ Մարտիրոսեանի ապարանքին մէջ:
Պարոն Մարտիրոսեան AANSI-ին նուիրատվութիւն կատարած աջակիցներէն է: Ներկայ էին նաեւ AANSI-ի մի քանի այլ աջակիցներ, որոնք չկրցան մասնակցիլ Նոյեմբերի 11-ի AANSI-ի հանդիսութեան, որոնց կարգինէ Տիկին Մերի Նաճարեան, ինչպէս նաեւ Բժ. եւ Տիկին Սիմօն Ճ. եւ Արփի Սիմոնեանները՝ ԱՄՆ նախկին Նախագահներ՝ Ռանելտ Ռէկընի եւ Ճօրճ Հ.Վ. Պուշի անձնական բժիշկը:

Պարոն Մաքքարլին նաեւ AANSI Gampr մրցանակը յանձնեց Բժ. Վարդգէս եւ Մերի Նաճարեանեաններուն՝ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ մարդասիրական ծրագիրներու իրենց նուիրաբերութեան՝ վիրաւոր հայ զինւորներուն անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերելու համար:
Նոյոմբերի 11-ին, զանազան կրօնական եւ էթնիկական պատկանելիութեան տէր հարիւրաւոր ամերիկացիներ համախմբուե-ցան 11 Նոյեմբերի, Լոս Անճելոսի մէջ իրենց հուժկու զօրակցութիւնը յայտնելու ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ: Հազարաւոր ուրիշներ Facebook եւ YouTube-ով հետեւեցան իմաստալից եւ ոգեւորիչ յայտագրին:
Հիւրերը հրճուած էին մասնակից ըլալու Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Հիմնարկութեան (The American Armenian National Security Institute – AANSI) հիմնադիր նախաձեռնութեան որու հասոյթը կը նպաստէ 1) Ստեփանակերտի մէջ Արցախի Զինուորական Հիւանդանոցին, 2) Ամերիկեան պետական շրջանակներու մէջ ուսուցողական եւ տեղեկատուական ջանքերու‘ Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութեան օգտին, 3) Ամերիկահայ մարդասիրական ջոկատներու ՙհումանիտար բրիգադներու՚՝ Հայաստանի եւ Արցախի համար:
Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Հիմնարկութեան որոշ զօրակիցներ ճամբորդած էին հեռաւոր քաղաքներէ եւ որոնց կարգին՝ Նիւ Եորք, մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, Միամի, Լաս Վեկաս, Ֆինիքս ինչպէս եւ՝ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի զանազան շրջաններէ՝ մասնակցելու համար հիմնադիր երեկոյթին որ տեղի ունեցաւ մրցանակակիր Տաղլեան Համալիրի մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրեալ քաղաքացիները համախմբուեցան աւելի ամուր տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական դաշինք ստեղծելու համար:
Ներկաներու ճնշող մեծամասնութիւնը բարձր գնահատանքէ բացի այլ բան չունէր եւ AANSI-ի անդրանիկ նախաձեռնութիւնը որակեց որպէս ՙշռնդալից յաջողութիւն՚:
Հիմնական բանախօսներէն մէկը՝ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Գլխաւոր Խորհրդական եւ Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպան Ռուդիկ Հյուսնունցը, որ ամբողջ ճանապարհն անցած էր Ստեփանակերտէն, մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց համախոհներու շարքերէ ներս՝ շարունակելու համազգային եւ համաշխարհային ջանքերը՝ աջակցելու Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ պաշտպանութեան:
Դեսպան Հյուսնունց նշեց, որ Արցախը կանգնած է եւս մէկ ՙՆախիջեւան դառնալու վտանգի՚ առջեւ, երբ վերջինս 1920-1960-ական թուականներուն սիստեմատիկ կերպով հայաթափուած էր իր բնիկ քրիստոնեայ հայերէն պաքուակետրոն թյուրքաատրպէյճանական տիրակալներու կողմէ:
AANSI-ի փորձագէտներու լրագրողական թիմը ֆիլմարտադրող խումբի հետ միասին Ուաշինկթընի մէջ գործող Globalist Films-ի ղեկավար Փիթըր Մուսուրլեանի գլխաւորութեամբ՝ ներկայացուց AANSI-ի վաւերագրական համաշխարհային առաջին ցուցադրումը ՙպրեմիերան՚ արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին:
AANSI-ի աջակիցներուն՝ գեներալ մայոր ՄաքՔարլին ներկայացուց տեսլական գաղափար մը եւ նախնական ծրագիր՝ ձեւաւորելու ՙ500 հոգինոց հզօր Մարդասիրական Ջոկատ ՙԲրիգադ՚, որ կրնայ զօրաշարժի ենթարկուիլ աշխարհի ցանկացած կետէն եւ յատկապէս Ամերիկայէն, դէպի Հայաստան եւ/կամ Արցախ, ազգային արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ՝ ազդանշանի ստացումին յաջորդող 96 ժամուայ ընթացքին՚:
Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Հիմնարկութեան զօրակիցները իրազեկուեցան համաամերիկեան մասշտապի՝ յառաջիկայ ջանքերու մասին որոնք միտուած պիտի ըլլան տեղեկացնելու Ուաշինկթընի եւ ԱՄՆ-ի այլ շրջաններու մէջ, գոնկրէսական« ռազմական եւ քաղաքացիական ազգային անվտանգութեան որոշումներ կայացնող ղեկավարներուն՝ ամերիկեան պաշտպանական եւ ռազմավարական շահերու վերաբերեալ, առաւել ամուր համագործակցութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հարապետութեան միջեւ:
Օգոստոսին, AANSI փորձագէտներու եւ լրագրողներու թիմն իրականացուց իր առաջին ուսունասիրական-կրթական առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այս ուղեւորութեան նպատակն էր զեկուցել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակի մասին՝ յատկապէս շեշտադրելով ռազմական պատրաստուածութիւնը եւ անոնց ազդեցութիւնը ԱՄՆ շահերու վրայ, մինչ Հայաստանն ու Արցախը դարձեալ կը դիմակալեն գոյութենական սպառնալիքներ իրենց հարեւան երկրներ՝ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն:
AANSI-ն անկուսակցական հաստատութիւն է, որ մէկ վրանի տակ կը միաւորէ ամերիկահայ եւ հայասէր ամերիկացիներ որոնք ունին զանազան քաղաքական պատկանելութիւններ եւ կը միտին AANSI-ի առաքելութիւնն իրականացնել վերջնական նպատակի համար՝ ԱՄՆ Գոնկրէսի, ռազմական եւ քաղաքական ազգային անվտանգութեան որոշում կայացնողներուն կրթելու համար՝ նպատակ ունենալով համադրել երկու պետութիւններու միջեւ պաշտպանական եւ ռազմավարական շահեր եւ որոնց հիմնաքարը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի Հանրապետութիւն ամուր համագործակցութիւնն է անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան ոլորտներու մէջ: AANSI-ն կը հաւատայ, որ ամերիկեան ուժեղ ռազմական եւ ազգային անվտանգութեան դիրքորոշումը, խաղաղութեան եւ մեր համայնական արժեքներու ու քաղաքակրթութեան գոյատեւման լաւագոյն երաշխիքն է:
Միասին՝ կրթութեան եւ գիտելիքի միջոցով, մեր ուշադրութիւնը կը սեւերենք ամերիկահայ համայնքի եւ ԱՄՆ պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հաստատութիւններու միջեւ ուժեղ գործընկերութեան խթանմանը‘ ի շահ Ամերիկայի, Արցախի եւ Հայաստանի:
2020 թուականի աշնան՝ Արցախի մէջ 44-օրեայ հակահայկական Թուրքիա-Ատրպէյճան-ՏԱԻՇ ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով Արցախը ենթարկուեցաւ աննախադէպ մարդկային աղէտի: Իսկ հիմա Արցախը ծանր վիրաւոր է: Այնուամենայնիւ, արցախահայութիւնը կը ցուցաբերէ բարձր տոկունութիւն եւ դիմադրողականութիւն: Աշխարհի հայերը թոյլ պէտք չէ տան, որ Ատրպէյճանը բնիկ հայերուն արմատախիլ ընելով դուրս մղէ Արցախի Հանրապետութեան իրենց պպենական հողերէն: Անոնք պէտք է կանգնին Արցախի կողքին: Անոնք թոյլ պէտք չէ տան, որ Արցախը սիստեմատիկ հայաթափման ճանապարհով արժանանայ հայկական Նախիջեւանի Ինքնավար Մարզի ճակատագրին:
Ժամանակին կատարելով այս նուիրատւութիւնը՝ AANSI-ն սկիզբը դրաւ 2021 թուականի Արցախի Հիմնադրամի դրամահաւաքի մարաթոնին, որ կը մեկնարկուի 2021 թուականի Դեկտեմբերի 10-ին եւ կ°աւարտի Դեկտեմբերի 25-ի Սուրբ Ծննդեան օրուայ հեռուստամարաթոնով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ: Դեկտեմբերի 10-ը Մարդու իրաւունքներու օրն է, որ ամեն տարի կը նշուի ամբողջ աշխարհիկ մէջ՝ ի պատիւ 1948-ի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Համագումարի ընդունման եւ հռչակագրի՝ ի աջակցութիւն եւ յանուն մարդու իրաւունքներու:
Որպէս համաշխարհային համայնքի մաս՝ արցախահայութիւնը ունի նաեւ նախնիներու հողերու մէջ գոյատեւելու եւ իրենց մշակոյթի մէջ ազատ ապրելու մարդու հիմնական իրաւունքները:
Թէեւ մահացու հարուած ստացած է, բայց Արցախը վերստին պէտք է բարձրանայ եւ պիտի° բարձրանայ: