Երկուշաբթի օրուայ Հայաստանի` Թուրքիոյ հետ մերձեցման եւ Արցախի մէջ զիջումներու դէմ ցոյց կատարուեցաւ Երեւանի մէջ եւ այլուր: Բողոքի ձայնը բարձրացնելը կարեւոր է, որ օրուան ինշխանութիւնները զգաստանան եւ չյանձնեն Արցախը եւ սահմանները չբանան Թուրքիոյ առջեւ: Բայց նոյնքան կարեւոր է, որ այս բողոքի ցոյցերը չշահարկուին նախկին իշխանաւորներ՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսյանի, Ռոբերտ Քոչարյանի, Սերժ Սարգսյանի նախկին գողապետական ռեժիմներու եւ իրենց մեղսակից Գարեգին բ… չկաթողիկոսի ու անոր կլանակից Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ, բեմադրելու համար իշխանութեան իրենց վերադարձը:

Չմոռնանք որ նախկին գողապետականներու կողմէ էր, որ լայնածաւալ թալան իրականացաւ եւ

Ա- Չարաբաստիկ 1999-ի Հոկտեմբեր 27-ի սպանդը գործադրուեցաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս երբ Վարչապետ Վազգէն Սարսգյան եւ ԱԺ-ի Նախագահ Կարէն Դեմիրջյան իրենց բարձրաստիճան գոծակիցներով զոհ գացին հակահայ դաւադրութեան մը:

Բ- 2008-ի Մարտի 1-ի խաղաղ ցուցարարներու դէմ սպանդը կատարուեցաւ Քոչարյանի օրոք՝ խլելով բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներու կեանքը:

Հետեւաբար մերօրեայ ժողովրդական արդար բողոքը պէտք չէ որ, արեւանգուի եւ առիթ տայ նոր Հոկտեմբերի 27-ի մը կամ Մարտի 1-ի մը:

Հայաստանը կողոպտած, 2020-ի Արցախի 44-օրեայ աղէտի գլխաւոր պատասխանատուներ՝ Գարեգին բ, Ռոբերտ Քոչարյան Սերժ Սարգսյան եւ իրենց թուալները այսքան սանցարձակօրէն երկիրը կ՛ապակայունացնեն ի տես ամբողջ Հայ Ազգին: Պատճառը այն է, որ այս թալանչի հանցագործները ճիշտ ժամանակին պատասխանատւութեան եւ արդար պատիժի չենթարկուեցան: Անպատիժ մնացին:

Նաեւ կարեւոր պատճառ մը. Ներկայ՝ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը որ ժողովրդական մադատ ստացաւ 2021-ի Յունիսի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն որպէսզի

Ա- Ապօրինի իւրացումներու բռնագանձման մասին օրէնքը գործադրէ եւ նախկին գողապետական թալանչիները ազատ-համարձակ իրենց ազգաքանդ եւ պետականաքանդ սեւ գործը չկարենան շարունակել:

Բ- Հայաստանի դատաիրաւական համակարգը մաքրազարդեն նախկին գողապետականներու դրածոյ՝ կոռումպացուած դատաւորներէ եւ դատախազներէ:

Սակայն ցաւ ի սիրտ, Փաշինեանի կառավարութիւնը ցայսօր, լիակատարօրէն չէ գործադրած ապօրինի իւրացումներու բռնագանձման մասին օրէնքը: Փաշինեանի կառավարութիւնը ցայսօր, Հայաստանի դատաիրաւական համակարգը չէ մաքրագործած նախկին գողապետականներու դրածոյ՝ կոռումպացուած դատաւորներէ եւ դատախազներէ:  Դատաիրաւական համակարգը տակաւին խոշոր չափով կը մնայ նախկին գողապետականներու հակակշռին տակ:

Ահա՝ պատճառը որ Հայ Ազգը եւս մէկ անգամ թիրախ կը դառնայ ներքին թշնամիներու սադրանքներուն որովհետեւ ճիշտ ժամանակին օձին գլուխը չճզմուեցաւ:

Ամբողջ աշխարհը գիտէ Գարեգին բ, Լոս Անճելոսի մէջ՝ Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեան, Մոսկուայի արք. Եզրասը իրենց մեղրալուսինը կը շարունակեն հացնագործ Քոչարյանի եւ Սարգսյանի հետ: Աշխարհասփիւռ եւ հայրենի հայութեան խոշոր մեծամասնութիւնը լաւատեղեակ է որ կեղծ հոգեւորականները գող աւազակներ եւ ստախօսներ են եւ իրենց ձեռքերը՝ արիւնոտ:

Բազմաթիւ Փասատինայի եւ ընդհանրապէս Լոս Անճելոսի հայեր հարց կուտան. ՙԻնչու՞ Աւօ Մարգարեան կը շարունակէ պաշտօնի վրայ մնալ՛:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Արեւմտեան Թեմի արք. Յովնան Տէրտէրեանի լոսանճելոսեան կլանի մասին, ապա ուրեմն վերջերս, ընթերցող եւ հեռուստադիտող լայն հասարակութիւնը ՙԼոս Անճելոս Թայմզ՚ օրաթերթի բացայատող յօդուածաշարքի միջոցով ինքնութիւնը պարզեց Տէրտէրեանի կլանակից՝ Աւետիս Աւօ Մարգարեանին:

Աւօ Մարգարեան այնպիսի մարդ մըն է որու անունը կապուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու արեան դրամի դաւաճանութեան հետ: Սակայն ինչ-ինչ պատճառներով Աւետիս Աւօ Մարգարեան տակաւին պաշտօնի վրայ կը մնայ Արեւտմեան Թեմի Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս՝ որպէս հոգաբարձու:

Բազմաթիւ Փասատինայի եւ ընդհանրապէս Լոս Անճելոսի հայեր հարց կուտան. ՙԻնչու՞ Աւօ Մարգարեան կը շարունակէ պաշտօնի վրայ մնալ՛:

Շատեր կը պնդեն որ ՙան պէտք է ժամ առաջ պաշտօնազրկուի որպէսզի Հայյց. Առաքելական Եկեղեցին նորանոր վնասներ չկրէ՚:

Ուրիշներ զարմանք կը յայտնեն. ՙԱյսպիսի զեղծարար մարդ ի՞նչ գործ ունի եկեղեցիէն ներս: Յստակ է, որ ան արք. Յովնան Տէրտէրեանի մարդն է եւ Տէրտէրեանի հետ բազմաթիւ մութ գործարքներու մէջ մեղսակից եղած է՚:

Արեւմտեան Թեմի մէկ այլ անդամուհի մը հարց տուաւ. ՙԿրնայ՞ ըլլալ որ Աւօ Մարգարեան՝ Տէրտէրեանի կլանակից քահանաներու անունով ալ գրուած կեղծ չեքեր գանձած է իր աշխատած դրամատունէն ներս: Աւօ Մարգարեան ապօրինաբար գանձած էր New York Life Insurance եւ Axa ապահովագրական ընկերութիւններու ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման կեղծ չեքերը յօգուտ վարկազրկուած եւ արտօնազրկուած փաստաբան Պերճ Պօյաճեանի օգտին: Արդէօ՞ք ինչքան գողութիւն ըրած է արք. Յովնան Տէրտէրեանի հետ որ այդչափ մտերիմ են՚:

ՙԼոս Անճելոս Թայմզ՚ օրաթերթի տեղեկագրութեան մէջ նշուած է որ ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման համար գործող փաստաբաններէն մէկը՝ Մարք Կիրակոս 450 հազար տոլարի հատկացում յանձնած էր Արեւմտեան Թեմի արք. Տէրտէրեանին որպէսզի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին փոխանցէ: Սակայն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնատարները հաստատած են որ այդ 450 հազար տոլարի գումարը երբէք չեն ստացած: Եւս մէկ հարց կը ծագի. Արդէօ՞ք այդ գումա՞րն ալ Աւօ Մարգարեանի միջոցով ապօրինի կերպով գանձուած եւ անհետացած է:

Չմոռնանք որ Քանատայի մէջ, արք. Յովնան Տէրտէրեան Արցախի Առաջին պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու այրիներուն եւ որբերուն տրամադրուած ֆոնտի դրամները թալանեց զանոնք փաշխելով գարեգինապաշտ հաստավիզ տէրտէրներու եւ անոնց զաւակներուն: Նոյնպէս ալ՝ արդէօ՞ք Աւօ Մարգարեան մեղսակից եղաւ New York Life Insurance and Axa ցեղասպանութեան զոհերու արեան դրամի թալանին, կեղծ չեքեր գանձելով նոյն այդ տէրտէրներուն համար։

Այսպիսի մարդիկ պէտք չէ պաշտօնի վրայ մնան եկեղեցիներէ, հասարակական կազմկերպութիւններէ կամ կուսակցութիւններէ ներս։

Հայաստանը կողոպտած, 2020-ի Արցախի 44 օրեայ աղէտի գլխաւոր պատասխանատուներ՝ Գարեգին բ, Ռոբերտ Քոչարյան Սերժ Սարգսյան եւ իրենց թուալները նոյն մարդիկն են որ Սփիւռքը կթան կովի տեղ դրած էին երկար տասնամեակներ:

Մեր ազգը որ կազմուած է Հայկական զոյգ պետութիւններու ազգաբնակչութեամբ եւ հզօր Սփիւռքով, աւելի քան երբեք վճռական է հետեւելու՝ ո՛չ գլոպալիստ սորոսականներուն եւ ո՛չ ալ հին ռեժիմի գողապետականներուն:

Բարեբախտաբար, հիմա Սփիւռքն ու հայրենի ժողովուրդը առթնցած են եւ վճրական են ճիշտ քայլերով առաջ երթալ եւ ապահովեցնել որ այսօրուայ եւ վաղուան Հայաստանի ու Արցախի մէջ որեւէ դերակատարութիւն չունենան ոչ սորոսականները եւ ոչ ալ հին գողապետականները:

Մեր ազգը որ կազմուած է Հայկական զոյգ պետութիւններու ազգաբնակչութեամբ եւ հզօր Սփիւռքով, աւելի քան երբեք վճռական է հետեւելու՝ ո՛չ գլոպալիստ սորոսականներուն եւ ո՛չ ալ հին ռեժիմի գողապետականներուն:

Հայ Ազգը տրամադիր չէ հետեւելու ոչ թրքական աերեւելումին ՙօրիանտատցիայի՚, ոչ սորոսական արեւելումին, ոչ արւեմտեան կամ արեւելեան արեւելումին այլ միայն՝ Հայկական արեւելումին:

Հայաստանը կողոպտած, Հայկական պետականութիւնը ներսէն քանդել ցանկացող եւ Սփիւռքը թուլացնել ուզող Յովնան Տէրտէրեան, Գարեգին բ, Ռոբերտ Քոչարյան, Սերժ Սարգսյան եւ իրենց թուալները այնպէս կը ձեւացնեն որ իրե՛նք են Հայ Ազգի եւ Ռուս ժողովուրդի միջեւ կամուրջը ՙբրոքերները՚: Իսկ սորոսականները նոյնը՝ կը փորձեն կամուրջի դեր ստանձնել Հայ Ազգի եւ Ամերիկայի միջեւ:

Հայաստանը իր բարեկամական կապերը Ամերիկայի եւ Ռուսաս-տանի հետ զարգացնելու համար կարիք չունի ոչ սորոսականներուն եւ ոչ ալ հին ռեժիմի գողապետականներուն: 

Հայ-Ռուսական կապերուն կամուրջը ոչ թէ Գարեգին բ, Ռոբերտ Քոչարյան Եւ Սերժ Սարգսյանն է:  Հայ-Ռուսական կապերուն կամուրջը Հայ Ազգն է:

Հայ-Ամերիկեան կապերուն կամուրջը ոչ թէ սորոսականներն են, այլ Հայ-Ամերիկեան կապերուն կամուրջը Հայ Ազգն է:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *