Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Սարգսեան ընտրուեցաւ զարգացող պետութիւններու դահուկարշաւի ֆետերասիոններու ընդհանուր քարտուղար, այս մասին յայտնեց Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հայաստան այսպիսի բարձր պաշտօն մը կ՛ունենայ նմանատիպ կառոյցի մը մէջ:
Զարգացող երկիրներու դահուկարշաւի ֆետերասիոններու միութիւնը հիմնուած է 1992-ին:
Անիկա կը գործէ Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին հովանիին տակ:
