«FlyOne Armenia»-ի վերաբերեալ Թուրքիոյ օդային փոխադրութեան իշխա-նութիւններուն յայտնի որոշմամբ կը զբաղին Միջազգային Քաղաքացիական Օդագնացութեան ԿազմակերպութիւնըICAO-ն եւ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը: Օրերս յայտնի դարձաւ, որ թրքական օդային փոխադրութեան իշխա-նութիւնները զրկած են «FlyOne Armenia»-ն
Թուրքիոյ օդային տարածքով դէպի եւրոպական երկիրներ թռիչքներ իրականացնելու հնարաւորութենէն:
Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէի Օդային Փոխադրումներու Կարգաւորման Վարչութեան պետի պաշտօնակատար Ստեփան Փայասլեանի խօսքովօդանաւային ընկերութիւնը դիմած է իրենց, սակայն Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու եւ օդային փոխադրութեան ոլորտը կարգաւորող միջպետական համաձայնագրի բացակայութեան պատճառով
կոմիտէն զրկուած է Թուրքիոյ Քաղաքացիական Օդագնացութեան գլխաւոր վարչութիւն ուղիղ դիմելու հնարաւորութենէն: Ուստի դիմած է ICAO, Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն եւ Տարածքային Կառավարման եւ Ենթակառուցուածքներու Նախարարութիւն, որուն կազմին մէջ կը գործէ կոմիտէն:
«Տակաւին պատասխանը չենք ստացել, գիտեմ, որ հարցը քննարկման փու-լում է, թէ ճշգրիտ ինչ միջոցառումներ են իրականացւում, եւ ինչ գործողու-թիւններ կան այդ հարցի լուծման ուղղութեամբ, մեզ տակաւին յայտնի չեն», ըսաւ Ստեփան Փայասլեանը:
Անցեալ տարի ստեղծուած «FlyOne Armenia»-ի բաժնետոմսերու կէսէն աւելին, ըստ մամուլին, կը պատկանի Ազգային Ժողովի իշխանական պատգա-մաւոր Խաչատուր Սուքիասեանի ընտանիքին փոխկապակցուած անձերու, միւս մասը` մոլտովացի երկու նախկին պաշտօնեաներու:
Գրեթէ մէկ շաբաթ առաջ ընկերութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, թէ Թուրքիոյ օդային փոխադրութեան իշխանութիւններու նման որոշման հետեւանքով ստիպուած է մինչեւ Յունիս 10 չեղարկել Երեւան-Լիոն-Երեւան ու Երեւան-Փարիզ-Երեւան ուղղութիւններով թռիչքները: Միաժամանակ, Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան թռիչքը կը շարունակէ իրականացուիլ:
