Վերջին օրերուն տարբեր յայտարարութիւններ կատարուեցան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող օրակարգին գծովհայկական ու ազրպէյճանական կողմէ: Արդարեւ, Պրիւքսելի մէջ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միր-զոյեան յայտնեց, որ Ազրպէյճան ցարդ չէ ընդունած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգին մէջ նաեւ Ղարաբաղի հետագայ կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը ներառելու
Երեւանի առա-ջարկը: Ան դիտել տուաւ նաեւ. «Մենք նաեւ կը կարծենք, թէ կարեւոր է խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ այս բանակցութիւնները շարունակել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ եւ համանախագահութեան լիազօրութեան համաձայն:
Մինչ այժմ մենք Ազրպէյճանէն դրական արձագանգ չենք ստացած այս առաջարկներուն, բայց ջանքեր կը գործադրուին, որպէսզի այդ բանակցութիւնները կարելի դառնան»:
Մինչ նախարար Միրզոյեան հանդիպումներ կ՛ունենար Պրիւքսելի մէջդժգոհելով, թէ Պաքուն երկրորդ ամիսն է
չէ արձագանգած հայկական կողմի առաջարկներուն, Ազրպէյճանի նախագահը Հայաստանը մեղադրեց «անպատասխանատու վերաբերմունքի համար»:
Պաքուի մէջ ընդունելով Եւրոպական Միութեան անդամ Լիթուանիոյ նախագահըԻլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Երեւան երկու անգամ չեղեալ նկատած է համաձայնեցուած հանդիպումները
սահմանազատման ու սահմանի անվտանգութեան հարցով:
«Ինքնին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջարկած էր առաջին հանդիպումը կայացնել սահմաններու հարցով: Ազրպէյճան ընդունեց այդ առաջարկը, եւ մենք պատրաստ էինք պատուիրակութիւն ուղարկել: Սակայն վերջին օրը29 ապրիլին, Հայաստան չեղեալ յայտարարեց արդէն համաձայնեցուած հանդիպումը: Ասիկա շատ հիասթափեցնող է: Ա՛լ աւելի հիասթափեցնող է, որ Հայաստան մերժեց նաեւ 7-11 մայիսի միջեւ նոր հանդիպում կայացնելու նախնական առաջարկը», պնդեց Ազրպէյճանի նախագահը: Պաշտօնական Երեւանը հերքեց Ազրպէյճանի նախագահին մեղադրանքները: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը 19 մայիսին յայտարարեց, որ հայկական կողմը որեւէ հանդիպում չեղեալ չէ յայտարարած եւ չէ մերժած: «Երկու երկիրներու ղեկավարներուն
Սոչիի եւ Պրիւքսելի մէջ ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններուն լոյսին տակ հայկական կողմը կը շարունակէ պատրաստակամ ըլլալ յանձնախումբերու աշխատանքներուն մեկնարկը տալու համար», ըսաւ մամլոյ քարտուղարը:
Պաշտօնական Երեւան յոյս ունի, որ որեւէ պահու Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը գտնեն ընդհանուր յայտարարխաղաղութեան օրակարգի շուրջ: «Ազատութեան» հարցումին պատասխանելով այս մասին յայտնեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան
շեշտելով, որ խաղաղութեան օրակարգը չի կրնար միակողմանի ըլլալ: Ան վերահաստատեց Երեւանի դիրքորոշումըԱզրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջարկած փաթեթները պէտք է միացնել եւ ատոր հիման վրայ սկսիլ բանակցութիւններու
խաղաղութեան օրակարգին շուրջ:
Արմէն Գրիգորեան նաեւ աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով յանձնախումբի հանդիպումը տեղի չ՛ունենար թեքնիք համաձայնութիւն ձեռք չբերելու պատճառով: Հայկական կողմը յոյս ունի, որ մօտիկ ապագային գոյութիւն ունեցող այդ հարցերը կը լուծուին, եւ կարելի կ՛ըլլայ հանդիպում կազմակերպել:
Ան դիտել տուաւ, որ հայկական կողմին համար առաջնային է Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Հայաստան այս օրակարգով կ՛երթայ բանակցութիւններու:
