Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան, 50 մեթր թիթեռնիկի լողարշաւի մրցումներուն, Վարսենիկ Մանուչարեան 93 մարզիկներուն մէջ արձանագրելով 28” 8 արդիւնք մը, գրաւեց 43-րդ դիրքը:
Հակառակ ասոր սակայն, ան բարելաւեց իր անձնական մրցանիշը աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Ան ցարդ իր ելոյթները չէ աւարտած եւ պիտի մասնակցի 50 մեթր ազատ լողի մրցումներուն:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Արթուր Բարսեղեան, 50 մեթր ազատ ազատ լողի մրցումներուն արձանագրելով 23” 46 արդիւնք մը, 90 մասնակ-ցողներուն մէջ գրաւեց 55-րդ դիրքը:
