«Ամերիկայի Ձայն»ը ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին ապագային մասին զրուցեց ամերիկացի նախկին դիւանագէտներ Ճէյմզ Ուորլիքի եւ Ռիչըրտ Քազլիարիչի հետ:
Ամերիկացի նախկին համանախագահ Ուորլիք «բաւական շփոթեցնող» որակեց Մինսքի խմբակին վերաբերեալ Մոսկուայէն եւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները: Ըստ անոր՝ կը թուի, թէ անոնք այլեւս չեն ուզեր պահպանել այս ձեւաչափը, սակայն չեն ներկայացներ այլընտրանքայսպիսով հոլովոյթը յանձնելով միայն Ռուսիոյ: «Ի տարբերութիւն Մոսկուայի, Փարիզ եւ Ուաշինկթըն կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Մինսքի խմբակի ձեւաչափին», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն նաեւ «շատ աւելի հեռու գնաց նշանակելով Կովկասի եւ շրջանի հարցերուն մէջ մասնագիտացած նոր համանախագահ մը»:
Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Քազլիարիչ եւս համամիտ է, որ ամերիկեան կողմէ նոր համանախագահի նշանակումը այս ձեւաչափին նկատմամբ Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը ցոյց կու տայ:
Ըատ նախկին դիւանագէտներուն՝ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը խնդրայարոյց դարձուց միջնորդ ըլլալու հարցին մէջ Ռուսիոյ առաքելութիւնը:
«Ուքրանիա ներխուժումը յստակ դարձուց, որ անկարելի է վստահիլ Մոսկուայի խօսքին», ըսաւ Ուորլիք:
«Չեմ կրնար տեսնել, թէ Ռուսիա ինչպէ՛ս կրնայ դեր ունենալ Մինսքի խմբակին մէջ», իր կարգին նշեց Քազլիարիչ:
Ըստ վերջինիս, սակայն, նկատի ունենալով յատկապէս Ատրպէյճանի բացասական դիրքորոշումը Մինսքի խմբակին նկատմամբ՝ դժուար է պատկերացնել խաղաղ բանակցութիւններուն այս ձեւաչափին վերադարձը: Փոխարէնը, հոլովոյթը կ՛ընթանայ երկու նոր միջնորդական առաքելութիւններու տակԵւրոպական Միութեան եւ Մոսկուայի միջնորդութեամբ: Քազլիարիչ կարեւոր կը նկատէ յատկապէս Եւրոպական Միութեան միջնորդական առաքելութիւնը եւ Ուաշինկթընին կոչ կ՛ուղղէ շարունակելու այս հոլովոյթին նկատմամբ իր աջակցութիւնը:
«Եւրոպական Միութիւնը շրջանին մէջ անկախ դերակատար է, որ ունի շահեր, սակայն չ՛ենթարկուիր նոյն քննադատութեան, ինչպէս` Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները կամ Ռուսիան, երբ կը խօսուի այս կամ այն կողմին աւելի հակուած ըլլալնուն մասին», պնդեց ան:
Ուորլիք յայտնեց, որ Մոսկուայի եւ Պրիւքսէլի ձեւաչափերը իրարու հետ չեն մրցիր, սակայն Եւրոպական Միութիւնը հոլովոյթին մէջ աւելի մեծ դեր կրնայ խաղալ:
«Եւրոպական Միութեան միջնորդութեան վերաբերող միակ խնդիրը այն է, որ ի տարբերութիւն ԵԱՀԿի, Ռուսիա անոր մաս չի կազմեր: Օգտակար պիտի ըլլայ, եթէ Ռուսիա իսկապէս հաւատարիմ ըլլայ տագնապին խաղաղ լուծման նկատմամբ, որպէսզի համանախագահող խումբը գործունէութիւնը շարունակէ ռուսական մասնակցութեամբ», ըսաւ Ուորլիք:
Ըստ Ուորլիքի պնդումին՝ հասկնալի է, որ Ռուսիա իբրեւ Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարող կողմ՝ պէտք է կապ պահպանէ կողմերուն հետ, սակայն խաղաղ լուծման հոլովոյթը ո՛չ միայն խաղաղապահ առաքելութեան հետ առնչութիւն ունեցող հարցերէն բաղկացած է, այլ նաեւ բազմաթիւ այլ խնդիրներէ, ներառեալ կարգավիճակի հարցէն, առ այդ, ո՛չ Հայաստանի եւ ոչ ալ Ատրպէյճանի շահերէն կը բխի, որ հայ-ատրպէյճանական խաղաղ երկխօսութիւնը ընթանայ միայն Մոսկուայի միջնորդութեամբ:
Իսկ Քազլիարիչ ըսաւ, որ Մոսկուա այսօր չ՛ընդունիր իր միջնորդութենէն բացի խաղաղ հոլովոյթի որեւէ այլ ձեւաչափ: «Ռուսիա այսօր շատ աւելի յարձակողական կը գործէ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ, իսկ արտաքին ուժերու իւրաքանչիւր մասնակցութեան փորձ կը նկատէ իբրեւ միջամտութիւն, որ մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ յատկապէս Պաքուին», եզրափակեց Քազլիարիչ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *