ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, թէ կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ ստեղծել արտաքին հետախուզական մարմին մը՝ նշելով, որ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը արդէն գործընկերներու հետ քննարկումներու սկսած է այս նոր կառոյցը կազմելու համար:
Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը 2018էն սկսած է ապահովութեան ոլորտի ժողովրդավարացման գործընթացին, ինչ որ կարեւոր է ապահովութեան, կայունութեան եւ կարողութիւններու յաւելման տեսանկիւնէն:
Ընդհանուր ապահովութեան համակարգին առումով, ան կարեւոր նկատեց
ոստիկանութեան եւ արտաքին իրավիճակներու նախարարութեան գործառոյթներումէկ նախարարութեան մէջ համատեղումը: «Անվտանգութեան խորհրդի նիստերին, օրինակ, յաճախ լինում են թեմա-ներ, որոնք առնչւում են ԱԻՆին, ԱԻՆի գործառոյթներ, որոնք առնչւում են պաշտպանութեանը: Անվտանգութեան խորհրդում ԱԻՆը ներկայացուած չէր: Բայց այժմ այսպիսի բարեփոխումներով նաեւ արդիւնաւէտութիւն է ստեղծւում, քանի որ ՆԳ նախարարը, որպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակների ոլորտում քաղաքականութիւնը եւ գործառոյթները համակարգող մարմին, հնարաւորութիւն կ՛ունենայ ներգրաւուած լինելու ԱԽում քաղաքականութեան մշակման գործընթացում եւ հարցերը լուծելու մասով», յայտնեց Գրիգորեան: Ըստ անոր՝ ընտրուած ճանապարհը
փոխկապակցել ոստիկանութեան բարեփոխումները այլ ոլորտներու հետ, արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնել, շատ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի ժողովրդավարացման գործըն-թացին վրայ:
