Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը խստիւ արգիլած է կարգ մը քիմիական թունաւոր կազերու եւ հրակոծ(Napalm)զէնքերու գործածութիւնը, բայց արտօնած է այլատեսակ մահասփիւռ եւ աշխարհաքանդ ռումբերու գործարկութիւնը յընթացս ազգամիջեան պատերազմաց։
Գայլ մը նենգամիտ ու չարախորժակ,
Որսալու համար այծ ու նապաստակ,
Խիղճ ,սիրտ ու հոգի թաղած գետնի տակ,
Որսի շատ դիւրին գտաւ եղանակ։
Երբ անօթենար կը բարձրանար լեռ ,
Մացառներու մէջ դարան կը մտնէր,
Ու երբ նշմարէր որս մ՝ ախորժահամ,
Սուր ճիրանի ու ժանիքի փոխան,
Կը բարձրացնէր սուրսայր գաւազան,
Զոհը կը զգետնէր հարուածով դաժան։
Գայլի հնարած զէնքը մահացան,
Յայտարարուեցաւ քար գայթակղութեան,
Գազաններն իսկոյն կազմեցին բանակ
Եւ խմբագրեցին բողոքի նամակ, _
—Տէր Արքայ ,ժամն է որ գայլը սաստես,
Եւ զարհուրելի զէնքն իր ար գիլես,
Որպէսզի պահուի օրէնքն անտառին,
Ու սեւ չհագուի մեր օրն ու տարին։
Կարդալէ յետոյ ուշի եւ ուշով,
Կենդանիներու բողոքն անսովոր,
Նոյն օրն իսկ Արքան գումարեց ժողով
Եւ պատասխանն իր տուաւ սա ձեւով, _
—Շա՛տ կը զարմանամ որ կը գանգատիք,
Գայլի մը համար որ պահած ժանիք,
Որսալու համար այծեամ Ու եղնիկ,
Ձեռք է անցուցեր մահաբեր գործիք։
Ըսէ՛ք,թէ ինչ՞ն է դատապարտելին,
Մահատեսա՞կը՝թէ մա՛հը ինքնին։
Մահուան մէ՞ջ ալ կայ նախապատուութիւն,
Որ խռովեր է ձեր խաղաղութիւն։
Եթէ իսկապէս կ՝ուզէք կեանք խաղաղ,
Ապրիլ ապահով ,ուրախ եւ անվախ,
Պէտք է բողոքէք առանց խտրութեան,
Դէմ ամէ՛ն տեսակ ոճրածին մահուան։
Դադրիք արիւնով լուալ ձեր կզակ
Եւ յափշտակել ուրիշի վաստակ։
Վեր՛ջ տալ անտառի վայրագ օրէնքին ,
Որ կեր չդառնայ թոյլը զօրեղին։
Ունեցէք հոգի լայն ու վեհածին,
Ձեռք երկարեցէք նոյնիսկ ինկածին,
Ըրէ՛ք ձեր սրտերն սիրոյ շատրուան՝
Որպէսզի կորչի սեւ շուքը մահուան։
………………..
Երբ դէմ ես չարին,
Ո՛չ թէ չար ծառի միայն մէկ ճիւղին ,
Այլ նետէ կացին՝
Չարո ւթիւն սնող չարի արմատին։