Օրուան մը հանգիստէ ետք, երէկ5 օգոստոսին, Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ շարունակուեցաւ ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 7-րդ հանգրուանի ճակատումները: Հայաստանի տղոց հաւաքականը շարունակեց մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ, հակառակ անոր որ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մըարձանագրեց Միացեալ Նահանգներուն հետ: Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Հրանդ Մելքումեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան պարտութիւն կրեցին: Միացեալ Նահանգներու կազմէն Լեւոն Արոնեան այս մրցումին չմասնակ-ցեցաւ: Հայաստան այժմ 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ անոր ետին են վեց խումբեր, որոնք ունին 12-ական կէտ: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, հայրենի կազմը 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Իսրայէլին: Սուսաննա Գաբոյեան արձանագրեց յաղթանակ մը, մինչ Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Աննա Սարգսեան
հաւասարութիւններ:
Հայաստան այժմ 12 կէտով կը բաժնէ 2-4-րդ դիրքերը, մինչ պարագլուխի դիրքը 14 կէտով կը գրաւէ Հնդկաստան:
