Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութենէն:
Զրուցակիցները քննարկած են շրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: Փաշինեան Իրանի նախագահին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային վերջին միջադէպերուն վերաբերեալ: Շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ծիրին մէջ, ան ընդգծած
է 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ համաձայ-նութիւններու լիարժէք իրականացման կարեւորութիւնը:
Իրանի նախագահը, անդրադառնալով վերջին օրերուն Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող լարուած միջադէպերուն, յիշատակած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի` վերջերս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախա-գահներուն հետ հանդիպումի ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը, թէ Իրան զգայուն է կովկասեան շրջանին մէջ իր սահմաններու հարցին մէջ եւ պիտի հակազդէ զանոնք փոխելու որեւէ փորձի:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ երկկողմանի կապերու շուրջ ընդ-գծած անոնց սերտացման կարեւորութիւնը: Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնած է հայ-իրանեան յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ եւ նշած, որ Հայաստանը պատրաստակամ է կարելի եղածին չափ խթանելու երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքներու տարանցումը եւ զարգացնելու համագործակցութիւնը ենթակառոյցներու ոլորտին մէջ, ներառեալ ճանապարհային, ուժանիւթային եւ այլ ուղղութիւններով:
Իրանի նախագահը պատմական եւ խոր որակած է երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները եւ ընդգծած հայ-իրանեան կայուն տնտեսական համագործակցութեան մակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռայիսի Փաշինեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է, որ իր երկիրը շրջանի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն պիտի չընդունի:
Անոնք քննարկած են երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր: Իրանեան լրատու գործակալութիւնը կ՛ընդգծէ, որ զրոյցը տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր մարտերէն քանի մը օր ետք:
Իրանի նախագահը անդրադարձած է 2020 թուականին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած զինադադարի մասին եռակողմ համաձայնագիրին: Ան ըսած է, որ զինադադարի համաձայնագիրին հաւատարիմ ըլլալն ու մնացեալ հարցերու լուծումը երկխօսութեան եւ դիւանագիտա-կան ուղիներով լաւագոյն միջոցն է կովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը վերականգնելու համար:
Փաշինեան իր կարգին ըսած է, որ Հայաստանը պատրաստ է մեծցնելու Իրանի հետ ճանապարհային եւ ուժանիւթային ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ դիւրացնելու երկու կողմերուն միջեւ ապրանքներու տարանցումը:
