Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը ՖԻՏԷ-ն, նախանցեալ օր հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց հոկտեմբեր ամսուան ճատրակի միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի հաւաքականի անդամ, Հայաստանի եւ աշխարհի 18 տարեկանէն վար ախոյեան Մարիամ Մկրտչեան առաջին անգամ ըլլալով յայտնուեցաւ առաջին հարիւրին մէջ, երբ գրաւեց 78-րդ դիրքը: Էլինա Դանիէլեան կը գտնուի 35-րդ դիրքին վրայ, Աննա Սարգսեան
68-րդ, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան72-րդ դիրքերուն վրայ: Տղոց դասաւորման մէջ, առաջին հարիւրին մէջ Հայաստան ունի 3 ներկա-յացուցիչ, հետեւեալ ձեւով. Գաբրիէլ Սարգսեան
33-րդ, Հայկ Մարտիրոսեան64-րդ, իսկ Շանթ Սարգսեան
86-րդ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն:
