Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողի խնդրանքով անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին մէջ օրեր առաջ հրապարակուած յօդուածին, որուն մէջ վկայակոչելով «հաւաստի աղբիւր»-ի, նշուած է, թէ Ռուսիան Հայաստանի վերաբերեալ ի՛նչ ցանկութիւններ ունի:
Զախարովայի համաձայն, եթէ տուեալ յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Ռուսիան որեւէ ճնշում կը գործադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, ապա այդ հարցի բացատրութեան համար պէտք է դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք կա՛մ հաստատեն, կա՛մ հերքեն այդ տեղեկութիւնը:
«Եթէ ատիկա պաշտօնական յայտարարութիւն ըլլար, պիտի մեկնաբանէինք, սակայն ներողութիւն, «հաւաստի աղբիւր»-ին յղումը, մեր իրաւասութիւնը չէ: Եւ որ ամէնէն կարեւորն էխօսքը այլ երկրի մասին է, ուր կան իշխանութիւններ, որոնք կրնան միանգամայն հանգիստ ու բաց կերպով խօսիլ այդ մասին», ըսած է Զախարովա: Ան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ արեւմտեան մօտեցումները ամբողջովին հաւասարակշռուած չեն: «Կը կարծեմ
մեր մօտեցումը շատ յստակ է: Մենք դէմ ենք. կը հասկնանք,
որ աշխարհաքաղաքականութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ խաղի տարրխուսանաւումներ, սակայն մենք դէմ ենք աշխարհաքաղաքական սադրանքներուն, որոնք կը յանգեցնեն կացութեան վտանգաւոր խաթարման: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու այն ջանքերուն, որոնք կը յանգեցնեն շօշափելի դրական արդիւնքներու: Եւ մենք բոլորս գիտենք, թէ ո՛րն է դրական արդիւնքը
կացութեան կայունացումը: Եւ ատոր համար մենք միջնորդական դեր կը կատարենք, ամէն ինչ ըրած ենք, որպէսզի կողմերը մշակեն ու կնքեն եռակողմ համաձայնագիրներ, եւ որ ամէնէն կարեւորն էմիտուած ենք անոնց իրականացման: «Բոլոր հարցերու պատասխանները կան: Ի հարկէ, կրնան ըլլալ աւելի շատ հարցեր, սակայն հիմնական հարցերու պատասխանները կան: Ասիկա պէտք է իրականացուի: Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի վերաբերեալ արեւմտեան մօտեցումներուն, ապա, մեր կարծիքով, անոնք այնքան ալ հաւասարակշռուած չեն թուիր: Եւ, ճիշդ ըսելով, ես նոյնիսկ չեմ ուզեր խօսիլ որոշ արեւմտեան միջնորդներու դերին մասին, որովհետեւ կարելի չէ զանոնք խաղաղութեան միջնորդ կոչել», ըսած է Զախարովա: Զախարովա պատասխանելով ռուսական «Նիուզ»-ի հարցումին յայտնած է, որ Ղարաբաղի մէջ առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու ընթացքին բոլոր միջադէպերը կը պահանջեն մանրակրկիտ եւ համապարփակ վերլուծութիւն, ներառեալ պատերազմական յանցագործութիւններու նշաններու համար: Ան այսպէս մեկնաբանած է Պաքուի յայտարարութիւնները, թէ որոշ երկիրներ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղեն տեղեկատուութիւն տրամադրելու չորս հազար անհետ կորսուած ազրպէյճանցիներու ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ անոնց թաղման վայրերուն մասին: «Բոլոր նման դէպքերը կը պահանջեն անյապաղ, մանրակրկիտ եւ համա-պարփակ վերլուծութիւն, ներառեալ զինուորական յանցագործութիւններու նշանները: Մենք կը մեկնինք անկէ, որ կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ կնքուած եռակողմ համաձայնագիրներու բոլոր կէտերուն, ներառեալ
չլուծուած խնդիրներու լուծման առումով: Ատիկա կը վերաբերի նաեւ պատերազմական գերիներու փոխանակման, անհետ կորսուածներու ճակատագիրի բացայայտման եւ շրջանին մէջ մշակութային ու մարդասիրական ժառանգութեան պաշտպանութեան», ըսած է Զախարովա:
