Գրեց՝ Աբօ Չափարեան
ԱՐՔ. ՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ՝
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ
ԹԻՒ 3՝ 13-Ի
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ ԹԻՒ 3-ը՝ 13-էն
ՀԱՐՑՈՒՄ ԹԻՒ. 1
Պարոն Քապաթեք,
Քանի որ ձեր յաճախորդՅովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէն Արեւմտեան Թեմէ ներսը հաւանական ստոր գործողութիւններու մասին վկայող ապացոյցներու քանակի աճ կը նկատուի, ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի խմբագրական կազմը այժմ ստիպուած է աւելցնել Մամլոյ Հարցադրումներու թիւը 12-էն
13-i: Այս համալրման պատճառն այն է, որ, ըստ տեղեկութիւններու, բացի թեմական բազմաթիւ անդամներ, զօրակիցներ եւ բարերար ընտանիքներ պարզաբանումներ կը պահանջեն Արեւմտեան Թեմի Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանէն:
Որեւէ ապօրինութիւն բացասաբար կ՛անդրադառնայ Արեւմտեան Թեմի վարկի եւ անոր դիրքի վրայ` ամերիկահայ համայնքէն ներս, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս:
«ՀՐԱՏԱՊ» ՀԱՐՑԸ, ՈՐ ՇԱՏ ՄՏԱՀՈԳԻՉ Է ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀԱՄԱՐ.
Ինչպէս կը յայտնուի, Արեւմտեան Թեմի որոշ մերձաւորներ, վերջերս զբաղուած եղած են չարափոխելով թեմին վստահուած ՅԱՏՈՒԿ ՀԻՄՆԴՐԱՄՆԵՐՈՒ, ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՖՈՆՏԵՐՈՒ ԵՒ ԱՅԼ ՆՊԱՏԱԿԱՅԻՆ ՖՈՆՏԵՐՈՒ հետ կապուած գրքերու փոփոխութեամբ՝ որպէսզի անոնք «լաւ» տեսք ունենան, եթէ հանկարծ համապարփակ հետաքննութիւն կատարուի: Կրնա՞ք հաստատել կամ հերքել զայս։ Երկու պարագային ալ, դուք եւ ձեր յաճախորդը ինչպէ՞ս կ՛արձագանքէիք՝ անկախ «աուդիտ»- հաշուքննութիւն իրականացնելու հանրային աճող պահանջներուն: Հարցում մը եւս. Դուք կամաւոր թէ՝ վճարուող իրաւապաշտպան էք:
Փաստաբան Պարոն Քապաթեք, որպէս իրաւաբան, դուք տեղեակ էք այն փաստի մասին, որ թեմական կեդրոնական գրասենեակի մէջ եւ այլուր, ֆինանսական գրառումներու, հաշուապահական, հաշուառման գրքերու, արձանագրութիւններու եւ այլ հարցերու « չարափոխումը» կամ կեղծումը կը հանդիսանայ արդարութեան խոչընդոտման գործողութիւն:
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ 3Ը 13-ԷՆ:
ՀԱՐՑՈՒՄ ԹԻՒ. 2
Դուք գիտէ՞ք, թէ քանի ՅԱՏՈՒԿ ՀԻՄՆԴՐԱՄՆԵՐ, ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՖՈՆՏԵՐ ԵՒ ԱՅԼ ՆՊԱՏԱԿԱՅԻՆ ՖՈՆՏԵՐ վստահուած են եւ գոյութիւն ունին Արեւմտեան Թեմի խնամակալութեան ներքեւ:
Արդէօ՞ք այս հիմնադրամները ապօրինի կ՛օգտագործուին ֆինանսաւորելու համար Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի քմահաճոյքային դատական հայցերը, որոնք ահռելի ծախսերու տակ կը դնեն Արեւմտեան Թեմին:
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ 3Ը 13-ԷՆ:
ՀԱՐՑՈՒՄ ԹԻՒ. 3
Դուք անարդարացիօրէն եւ խոշոր մասշտապով խեղաթիւրած էք փաստերը՝ ձեր պաշտպանեալ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի անձնական շահերուն ծառայելու համար՝ ի վնաս Արեւմտեան Թեմի եւ համայնքի։ Դուք կոպիտ բացթողում կատարած էք արհամարհելով այս գրողի դէմ մահուան սպառնալիքներու փաստերն ու ապացոյցները, եւ դուք ապակողմնորոշած եւ շրջած էք նախադասութիւնը՝ փորձելով խօսքեր դնել իմ բերնի մէջ՝ պնդելով, որ այս գրողը «բռնութեան կոչ կ՛ընէ», երբ կ՛ըսէ, որ մենք պէտք է «վերացնենք մեր ազգի դաւաճաններուն»: Որպէս օրինապաշտ քաղաքացի եւ Օրէնքի Գերակայութեան ջատագով այս գրողը միշտ եղած է Օրէնքի Գերակայութեան կողքին։ Ձեր մտքով երբեւէ անցա՞ծ է, որ համայնքներն ու ազգերը կրնան արմատախիլ ընել դաւաճաններուն՝ օրինականօրէն Օրէնքի Գերակայութեան վահանի տակ դաւաճաններուն հասարակութենէն հեռացնելով՝ զանոնք արգելափակելով:
Ուստի այս գրողը մեքենայութիւններէ, մանիպուլյացիաներէն կամ չարափոխումներէ Ձեզի «Ետ Կանգնելու եւ Դադրեցման» պահանջ կը ներկայացնէ՝ մեկնաբանութիւններու կամ արտայայտութիւններու խեղաթիւրուած իմաստը սխալ վերագրելու փորձերէ՝ այն անհատներուն, որոնք իրենց բնոյթով՝ դէմ են ամեն տեսակի բռնութեան։
Աբօ Չափարեան
Գլխաւոր Խմբագիր՝ ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի