Փաստահաւաք առաքելութեամբ Հայաստան հասած Եւրոպական խոր-հրդարանի պատգամաւորները դիտորդական առաքելութեան ժամկէտը երկարացնելու եւ դիտորդներու թիւը մեծցնելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնեն: Այս առաջարկը կը խոստանան ներկայացնել Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Մտադիր են բարձրացնել նաեւ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցը:
Ճիշդ է, Եւրոպան նախաճգնաժամային իրավիճակի մէջ է, սակայն պէտք չէ թոյլ տալ, որ ուժանիւթի հարցերը առաւել կարեւոր նկատուին. 3 նոյեմբերին Երեւանի մէջ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ կարծիք յայտնած է իտալացի երեսփոխան Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ:
«Մեծապէս մտահոգուած ենք եւ կը դատապարտենք ազրպէյճանական նախայարձակումը, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբերին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, այն դաժանութիւնները, որոնք թոյլ տրուած են ռազմագերիներուն նկատմամբ: Ասոնք մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ են», ըսած է ան:
Ան յոյս յայտնեց, որ պատասխանատուները կը պատժուին: Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտոյի համաձայն, դատապարտելի է, որ տակաւին 2020 թուականէն Պաքուի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիները չեն վերադարձուիր հայրենիք: Ան դատապարտեց նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Ազրպէյճանի կողմէ:
Իտալացի երեսփոխանը վստահեցուց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ հասնելու Եւրոպական Միութեան աւելի հասցէական վերաբերմունքի. «Այս առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ թէ ժամանակաւոր, այլ մշտական: Դիտորդներու թիւը պէտք է աւելցուի»:
Նշենք, որ պատուիրակութեան անդամները այցելած են Սիւնիք, հանդիպած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ, այցելած են ազրպէյճանական վերջին նախայարձակումէն տուժած բնակավայրեր եւ հանդիպած քաղաքացիական բնակչութեան հետ:
