Աշխարհի մարմնամարզութեան նորընծայ ախոյեան Արթուր Դաւթեան, որ Լիվըրփուլի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյ-եանութեան հանդիսացաւ ախոյեան, Հայաստանի կառավարութենէն 10 միլիոն դրամ պիտի ստանայ, իսկ դեկտեմբերէն ետք, իւրաքանչիւր ամիս, աւելի քան մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար դրամ:
Այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի եւ երիտասարդութեան-մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Սիսակ Գաբրիէլեան:
Ներկայիս իւրաքանչիւր ամիս կառավարութենէն մէկ միլիոն եւ աւելի գումար կը ստանայ 70 մարզիկ:
2023-ի պիւտճէով շուրջ 500 միլիոն դրամ պիտի յատկացուի մարզական աշխարհին մէջ մեծ նուաճումներու հասած մարզիկներուն` առ ի քաջալե-րանք:
