Հայաստան Արդարադատութեան միջազգային դատարանին Ազրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած է: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան:
«Ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթի ծիրին մէջ Հայաստան Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մօտ Ազրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած է` խնդրելով դատարանէն Ազրպէյճանին պարտ-աւորեցնել դադրեցնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ միջանցքի երկայնքով ապահովել մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու անարգել ազատ տեղաշարժը», գրած է Կիրակոսեան:
