Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող Փիւնիկի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 32 տարեկան միջնապահ Էտկար Մալաքեան վերադարձաւ երեւանեան ակումբ:
Էտկար Մալաքեան, որ Փիւնիկի սան է, 2007 տարեշրջանին Փիւնիկ-2-ի կազմին հետ հանդիսացաւ Հայաստանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսակիր, իսկ նոյն տարուան 10 նոյեմբերին Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի` Շիրակ Գիւմրիի դէմ, իր նորամուտը նշեց խումբին գլխաւոր կազմին հետ:
2012-ի ամրան ան Փիւնիկէն տեղափոխուեցաւ չեխական Վիքթորիա Փլզեն:
Նշենք, որ ան երեք անգամ (2008, 2009 եւ 2010) Փիւնիկի հետ հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան:
Բարձրագոյն դասակարգին մէջ ան ցարդ կատարած է 232 մրցում եւ նշանա-կած 29 կոլ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ 21 մրցում կատարած Մալաքեան մաս կազմած է նաեւ Հայաստանի 19 եւ 21 տարեկանէն վար հաւաքականներուն:
