Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան դարձեալ տիրացաւ ոսկի մետալին:
Յենացատկի մրցումներու աւարտականին, ան ապահովելով 15.083 կէտ, գերազանցեց բոլորին:
Ան ոսկի մետալի տիրացած էր նաեւ գերմանական Քոթպուս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն` ապահովելով 15.133 կէտ:
Տոհայի մէջ տեղի ունեցած աւարտական այս մրցումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Վանոյեան:
Նշենք, որ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի մրցումները վարկանշային են աշխարհի ախոյեանութեան համար, որուն ընթացքին մարզիկները կը պայ-քարին ապահովել Փարիզի ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը:
Աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան), որոնց իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Հայաստանի ազգային հաւաքականը:
