Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի մարզիկները ունենալով տպաւորիչ ելոյթներ, ուշագրաւ յաղթանակներ արձանագրեցին ազրպէյճանցի եւ թուրք իրենց մրցակիցներուն դէմ:
57 քկ դասակարգին մէջ, Էդիկ Յարութիւնեան յաղթելով իր ազրպէյճանցի մրցակիցինՆովրուզովին, տիրացաւ պրոնզ մետալին: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը Կնեազ Իբոյեան (86 քկ), յաջորդաբար յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի եւ թուրք մրցակիցներուն, հաստատ քայլերով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
70 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայկ Պապիկեան տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ 79 քկ դասակարգի մրցումներուն, Նարեկ Գրիգորեան չյաջողեցաւ տիրանալ պրոնզ մետալին:
Աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Մեժլում Մեժլումեան, որ 61 քկ դասակարգին մէջ 6-5 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Սիմոն Վինչենցօ Փիրոտուին:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է` Յաբէթնակ Կուրղինեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *