Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին՝ յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ար-տաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպումի մը առաջարկը կար նախապէս, հիմա նաեւ՝ պայմանաւորուածութիւն:
Նախարարութիւնը նշեց, որ թուականին ու վայրին մասին պիտի հաղորդուի յառաջիկային:
Միւս կողմէ, այս մասին խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ նշելով, որ համաձայնութիւն կայ արդէն Ռուսիոյ մէջ իրականացնել նախարարներու եռակողմ հանդիպում մը, իսկ ժամ-կէտին մասին պիտի յայտարարուի աւելի ուշ:
Մինչ այդ, 27 Ապրիլին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին, Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ
Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլողլի ունեցան հանդիպում մը եւ քննարկեցին Լաչինի միջանցքին մէջ եւ ընդհանրապէս Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի զարգացումը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ: Կը շեշտուի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020էն 2022 հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
