Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Մ. Մարտիրոսեանի յաղթանակով վերջ գտաւ Ասթանայի (Ղազախստան) մէջ տեղի ունեցած կայծակնային ճատրակի «Սեթի Զուլտիզ Պլից» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը:
Մարտիրոսեան առաւելագոյն 22 կէտէն 15,5 կէտ ապահովելով միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ երկրորդ դիրքը 15 կէտով գրաւեց Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ այժմ հանդէս կու գայ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ:
Երրորդ-չորրորդ դիրքերը 13-ական կէտով բաժնեցին գերմանացի Վենսընթ Քէյմեր եւ ռուս Վլատիմիր Քրամնիք:
Նշենք, որ «Սեթի Զուլտիզ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, արագ եւ
կայծակնային մրցաշարքի մրցումներուն ընդհանուր արդիւնքները նկատի առնելով տիտղոսակիր դարձաւ Լեւոն Արոնեան, որ արագ ճատրակի մրցաշարքին առաւելագոյն 11 կէտէն 8 կէտ ապահովելով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Արագ ճատրակի մրցաշարքին տիտղոսակիր դարձաւ հնդիկ Արճուն Էրիկայիսի, որ կայծակնային մրցաշարքին 12 կէտով գրաւեց 5-րդ դիրքը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *