Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մեթիու Միլըր՝ անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ կայացած Փաշինեան-Ալիեւ- Փութին հանդիպումին, դիտել տուաւ, որ իր երկիրը կ՛աջակցի հայ-ատրպէյճա-նական բանակցութիւններու շարունակութեան։
«Մենք դահլիճին մէջ չէինք, բայց ասիկա մեզի համար առաջնային կը մնայ:
Ինչպէս գիտէք, արտաքին գործոց նախարարը քանի շաբաթ առաջ հոս՝ Ուաշինկթընի մէջ, ողջունեց երկու կողմերը: Մենք կը հասկնանք, որ այդ ատենէն ի վեր բանակցութիւնները շարունակուած են Պրիւքսէլի մէջ, եւ մենք կ՛աջակցինք անոնց շարունակութեան», ըսաւ Միլըրշեշտելով. «Ասիկա կը շարունակէ մեզի համար առաջնահերթութիւն մնալ»: Ան վերահաստատեց Ուաշինկթընի դիրքորոշումը, թէ համաձայնութիւնը հասանելի է, եւ երկու կողմերը պէտք է միասին աշխատին
չլուծուած հարցերու շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար:
Միլըր նաեւ «Թուիթըր»ի վրայ գրառում կատարեց` գնահատելի համարելով Փաշինեանի վերջերս կատարած մեկնաբանութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման եւ խաղաղութեան ուղղութեամբ շարունակուող յանձնառութեան վերաբերեալ:
«Վերջնական համաձայնագիրը տեսանելի է եւ մենք վճռականօրէն տրամադրուած ենք օգնել մեր բարեկամներուն՝ հասնելու անոր», գրեց ան։
