Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) ուսումնամարզական հաւաք կատարող Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականը, որ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Եւրոպայի փոխախոյեան Ֆրանսայի դէմ, անկէ կրեց 107-74 արդիւնքով պարտութիւն մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Իր կատարած երկրորդ մրցումին եւս հայրենի կազմը պարտուեցաւ Ֆրանսայէն, այս անգամ98-83 արդիւնքով: Նշենք, որ փորձառու մարզիչ Ռեքս Քալամեանի գլխաւորած կազմը
Հայաստան, որ ՖԻՊԱ-ի Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան տիտղոսակիրն է, իր նոյն մրցակիցին դէմ, երէկ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, ըստ նախապէս ծրագրուածին:
Այստեղ պէտք է անդրադառնալ այն կարեւոր կէտին, որ երկու մրցումներուն ալ, հայ համակիրները մեծ թիւով եկած էին քաջալերելու հաւաքականին մարզիկները:
