Այն տեղեկութիւնները, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Մոլտովայի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովէն ետք հեռաձայնային կապ հաս-տատած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի հետ, կը համապատասխանեն իրականութե-ան, կը նշէ ֆրանսական «ԱրմԱքթիւ» կայքը:
Իր նախագահական օդանաւ նստելէն անմիջապէս ետք, Մաքրոն հեռաձայնած է Մուրատ Փափազեանին: Մաքրոն մեծապէս դժգոհած այն ձեւէն, թէ ինչպէ՛ս անցաւ վեհա-ժողովը: Ան փաստացիօրէն միակը եղած է, որ վեհաժողովի ընթացքին պաշտպանած է հայկական շահերը:
Նախագահ Ալիեւ ինքզինք շատ հաստատակամ դրսեւորած է եւ լսելի դարձուցած իր ձայնը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել անցած է Ազրպէյճանի կողմը: Իսկ Փաշինեան ինքզինք դրսեւորած է շատ ինքնամփոփ, քաշուած եւ շատ թոյլ:
Արցախահայութեան շահերու միակ պաշտպանը ըլլալը նախագահ Մաքրոնը դրած է շատ անյարմար կացութեան մէջ:
