Թուրքիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Տիարպաքըրսփոր վերանուանուեցաւ Մեսոփոթամիասփոր անունով:
Բացի անունէն, փոխուեցաւ նաեւ ակումբին տարբերանշանը, որ գրեթէ նոյնութեամբ յար եւ նման է Հայաստանի զինանշանին:
Կատարուեցան գոյներու որոշակի փոփոխութիւններ, հանուեցան խաչերը, իսկ Արարատ լեռը թէեւ մնաց, սակայն անոր վրայ չկայ Նոյեան տապանը:
Նշուեցաւ, որ ակումբին սեփականատէրերը քիւրտեր են:
Նախապէս, ակումբին տարբերանշանին վրայ կային Տիգրանակերտ քաղաքի պարիսպները, ինչպէս նաեւ քաղաքին խորհրդանիշը հանդիսացող ձմերուկը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *