ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգ է Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժի առնչուած խնդիրներու մասին հաղորդումներով: Այս մասին կը նշուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Ֆարհան Հաքի մեկնաբանութեան մէջ:
«Ընդհանուր քարտուղարը խորապէս մտահոգուած է Լաչինի միջանցքին երկայնքով ազատ տեղաշարժի առնչուած շարունակական խնդիրներու մասին հաղորդագրութիւններով», ըսած է Հաք:
Անոր համաձայն, ընդհանուր քարտուղարը յիշեցուցած է իր նախորդ յայտարարութիւնը կողմերուԱրդարադատութեան միջազգային դատարանի, ներառեալ 22 փետրուար 2023-ի որոշումներու, ինչպէս նաեւ մարդոց փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու Բերձորի միջանցքի երկայնքով երկու ուղղութիւններով անարգել տեղաշարժը ապահովելու քայլերուն առնչուած որոշումներուն կատարման անհրաժեշտութեան մասին: «Ան յատկապէս մտահոգուած է այդտեղ մարդասիրական կացութեան վատթարացման մասին հաղորդագրութիւններով եւ կոչ կ՛ուղղէ շտապ միջոցներու ձեռնարկելու
դիւրացնելու հասանելիութիւնը կարիքաւորներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար», ըսած է Հաք:
Ան աւելցուցած է, որ ընդհանուր քարտուղարը երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէաշխուժացնելու յարաբերութիւններու երկարաժամկէտ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը
ի շահ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան:
Սքաու. «Կ՛ակնկալենք, Որ Ընդհանուր Քարտուղարի Յայտարարութիւնը Դրական Արդիւնքներու Հանգեցնէ»
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչները երէկ այցելած են Կոռնիձորի սահմանային հատուած, ուր կը շարունակէ կանգնած մնալ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը21 բեռնատարով: Այս մասին հաղորդեց «Լուրեր»-ը: Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հեռուէն ցոյց տրուած է Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար տեղադրուած անցակէտը, ապա ներկայացուած է ստեղծուած կացութիւնը: Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատար Նաննա Սքաու պատասխանած է մամլոյ ասուլիսի ժամանակ «Լուրեր»-ու թղթակիցին այն հարցումին, թէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Բերձորի միջանցքը անյապաղ բանալու կոչ հրապարակած է, ի՞նչ քայլեր կը նախատեսուին այս ծիրին մէջ: «Ցաւօք սրտի, այս պահու դրութեամբ չեմ կրնար աւելին ըսել յայտարարութենէն, որ երէկ երեկոյեան կատարուած է, եւ այսօր առաւօտեան
ժամը հինգին հրապարակուած: Կ՛ակնկալենք, որ այն յայտարարութիւնը, որ հրապարակուած է, դրական արդիւնքներու յանգեցնէ», ըսած է ան:
