Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի բանբերը հրապարակած է յայտարարութիւն մը:
«Նախագահ Միշել կը շարունակէ եռանդուն կերպով ներգրաւուած ըլլալ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յա-ռաջ մղման գործին մէջ: Անոր ջանքերը, որոնց կ՛աջակցէր Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, վերջին շաբաթներու ընթացքին, իբրեւ առաջնահերթութիւն, կեդրոնացած էին Ղարաբաղի հայերու մարդասիրական կացութեան կարգաւորման վրայ:
«Քլաարը եւ Միշելի խումբը յաճախակի կապի մէջ եղած են Պաքուի, Երեւանի եւ Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներուն հետմուտքի ապաշրջափակման համար լուծում մշակելու համար: «Ներկայիս այդտեղ մարդասիրական կացութիւնը արագօրէն կը վատանայ, ծայրաստիճան կարեւոր քայլեր ձեռնարկել տեղական բնակչութեան կարիքները բաւարարելու համար:
«Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել առաջարկած է փուլային մօտեցում, որ պիտի արտացոլացնէ Լաչինի միջանցքի լիարժէք շահագործման եւ Աղտամի երթուղիի բացման յաջորդականութիւնը:
«Այս քայլերու յաջորդականութիւնը եւ բեռներու տեսակը, որ այս ճամբաներէն իւրաքանչիւրով պիտի մատակարարուի, ինչպէս նաեւ ատոր յաջորդող ընթացակարգերը, եղած են վերջին քննարկումներու առանցքը:
«Եւրոպական Միութիւնը խորապէս համոզուած է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապաշրջափակուիհամաձայն նախկին համաձայնագիրներուն եւ Միջազգային դատարանի վճիռին: «Աղտամի ճամբու օգտագործումը մատակարարումներու համար կրնայ ըլլալ հիմնական կարիքներու հրատապ եւ ամէնօրեայ ապահովման որոշակի եւ կայուն լուծման մաս: Այս տարրերուն շուրջ քննարկումները սկսած են 15 յուլիս 2023-ին Պրիւքսելի մէջ ղեկավարներու վերջին հանդիպումէն ետք: «Եւրոպական Միութիւնը նաեւ ընդգծած է, որ Պաքուն ղարաբաղցի հայերուն բացատրէ Լաչինի միջանցքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն Ղարաբաղ տեղաշարժելու ընթացակարգերը: «Զուգահեռաբար, քննարկումները կեդրոնացած են նաեւ ղարաբաղցի հայերուն ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումներու շուտափոյթ վերականգնման վրայ: «Անմիջական կացութենէն բացի, Եւրոպական Միութիւնը շեշտած է տագնապին ժառանգութիւնը յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը երկարաժամ-կէտ կայուն լուծումը դիւրացնելու համար:
«Պաքուի եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակող հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը այս առումով էական պիտի ըլլայ: Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուին, իսկ որոշակի եղանակներու շուրջ քննարկումները պէտք է սկսին կարելի եղածին չափ արագ:
«Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ երկխօսութիւնը վստահութեան ամրապնդման կարիք ունի: Այդ նպատակով Եւրոպական Միութիւնը տարբեր առաջարկներ ներկայացուցած է այս հոլովոյթին միջազգային աջակցութեան, ինչպէս նաեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականաց-ման աջակցելու, այդտեղ ներգրաւուելու համար:
«Վերոնշեալ բոլոր ջանքերը միայն մէկ նպատակ ունինապահովել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու անշրջելի կարգաւորումը ի շահ տեղւոյն բնակչութեան: Այժմ եկած է խիզախ փոխզիջումային լուծումներու ժամանակը, նաեւ այսօրուան մագլցումին լոյսին տակ:
«Եւրոպական Միութիւնը ներգրաւուած եղած է այլ միջազգային դերակատարներու հետ այդ ջանքերուն մէջ կանոնաւոր անձնական հաղորդակցութիւններու եւ կարծիքներու փոխանակման միջոցով, թէ ինչպէս լաւագոյնս կարգաւորել ներկայ անկայուն կացութիւնը»:
Պաքուն Կ՛արձագանգէ
Պաքուն արձագանգած է Միշելի յայտարարութեան: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յիշեցուցած է 15 յուլիսին կայացած Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպման մասին եւ պնդած, որ այդ բանակցութիւններուն ընթացքին «համաձայնութիւն գոյացած է տարբեր երթուղիներով ապրանքներու առաքումը Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջան, ինչպէս նաեւ Լաչինի ճամբու օգտագործման կեանքի կոչումըԱղտամԽանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.») ճամբու բացման զուգահեռ»: Նախարարութիւնը կը յայտարարէ «համաձայնութիւնները խախտուած են հայկական կողմին անօրինական պայմաններուն պատճառով»:
Ազրպէյճանական կողմը չէ արձագանգած ՄիշելիՂարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութեան, փոխարէնը կրկնած է հայերը պիտի ունենան նոյն իրաւունքները, որոնք ունին Ազրպէյճանի միւս քաղաքացիները:
«Ազրպէյճանը վճռական է Ղարաբաղի շրջանին մէջ բնակող հայկական ծագումով բնակիչները վերահամարկելու հարցին մէջիբրեւ իրաւահաւասար քաղաքացիներու զանոնք ապահովելով Ազրպէյճանի սահմանադրութեամբ նախատեսուած իրաւունքներով եւ ազատութիւններով», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *