Ստորեւ կը ներկայացնենք անցած շաբաթուայ Հոկտեմբերի քսանմէկի հարցազրոյցը՝ ամբողջական:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Սիրելի՛ հեռուստադիտողներ եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի ու USA Armenian Life-ի ընթերցողներ, այսօր շաբաթ օր է՝ Հոկտեմբերի քսանմէկը, երկու հազար քսաներեք թիւ: Ես կը գտնուիմ Երեւանի մէջ: Յատուկ շնորհակալութիւն բժիշկ եւ տիկին Վաղարշակ եւ Սիլվա Փիլոսեաններուն՝ իրենց աջակցութեան համար:
Այսօր իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս, հետազօտող լրագրող, 2020-ի աշնանային պատերազմի մասնակից, տասնամեակներ առաջ Մայր Հայրենիքի մէջ կայք հաստատած՝ հայրենադարձութիւն իրագործած քաջարի մտաւորական Գէորգ Եազըճեանը:
Պարո՛ն Եազըճեան, շնորհակալ ենք, որ այս հրաւէրն ընդունեցիք եւ այս զրոյցն իրականացնելու համար սիրայօժար Ձեր մասնակցութիւնը կը բերէք:
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ – Շնորհակալ եմ հրաւէրին համար: Կ’ուզէի, ամենէն առաջ, որ բոլորս ալ ունենանք հնարաւորութիւնը գալ հաստատուելու Հայրենիքին մէջ, որովհետեւ հայրենիքը մեր բոլորին մեծ տունն է, բոլորիս համայնական սեփականութիւնն է: Նաեւ գալիք սերունդներուն համայնական սեփականութիւնն է: Հետեւաբար ինչպէս ամէն սեփականութեան, մեր մեծ սեփականութեան, այս համայնական սեփականութեանն ալ պէտք է տիրութիւն ընել: Եթէ անտէր ձգենք, տէր ելլողներ միշտ կը գտնուին: Ինչպէս կը տեսնէք, բազմաթիւ թշնամիներ ունինք, նոյնիսկ եթէ անոնք չ’ըլլան, կենդանական աշխարհի մէջ հազար ու մէկ տեսակ էակներ կան՝ մուկեր, առնետներ, կրծողներ, սարդեր, զանազան միջատներ եւ այլն, անո՛նք տիրութիւն կ’ընեն: Պէտք է տէր կանգնինք մեր հայրենիքին: Գանք այստեղ, հո՛ս արարենք, հո՛ս ծերանանք, հոս ալ կը թաղուինք: Ոմանք թող չնեղուին եթէ ըսեմ, թէ Հայաստանը ո՛չ ծերանոց է, ո՛չ, առաւել եւս՝ գերեզմանոց: Հոս, Հայրենիքին մէջ ապրինք ու արարենք, իսկ երբ ծերանանք ու յետոյ մահանանք, ինչպէս ըլլայ՝ երկու քառակուսի մեթր հող կը գտնուի Մայր Հողին մէջ հանգչելու համար: Բայց պէտք է գա՛լ, արարե՛լ ու պաշտպանե՛լ:

Կ’ուզեմ սկիզբէն ըսել, կոչս յատկապէս երիտասարդութեան ուղղուած է: Մի՛ հաւատաք դասական կառոյցներու ղեկավարներուն, որոնք կը մտածեն իրենց աթոռներուն, իրենց բարեկեցութեան մասին, եւ ձեզ կը խաբեն սին խօսքերով:
Թշնամիին դէմ կը պայքարիս ի՛ր հասկցած ձեւերով եւ ոչ թէ արդարութիւն ու պաշտպանութիւն կը մուրաս ՄԱԿ-էն, մուկէն, Եւրամիութենէն, չեմ գիտեր որմէ, առաւել եւս՝ մեր «ոխերիմ դաշնակից» Ռուսաստանէն: Ուրեմն, վստահինք մե՛ր ուժերուն, մե՛ր կարողութիւններուն: Հաւատացէ՛ք, մենք շատ բան կրնանք իրագործել, կրնանք ամէն ինչ վերադարձնել՝ բացի մեր մահացած հայրենակիցներէն: Մնացած ամէն ինչը կարելի է վերադարձնել: Ձեր յոյսը մի՛ կտրէք:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ինչպէս որ պարոն Եազըճեանը նշեց՝ ՄԱԿ-էն, մուկէն, Եւրամիութենէն, Արեւմուտքէն, Արեւելքէն, Հիւսիսէն, Հարաւէն, ոչ մէկէն կարելի է սպասել, որ իրենք հասնին Հայաստանի օգնութեան: Ուզենք, թէ չուզենք, այսօրուայ աշխարհաքաղաքականութիւնը կը կառավարուի Realpolitik-ով՝ իրավիճակային քաղաքականութեամբ: Realpolitik-ը միայն խոշոր, գերհզօր կամ միջակ պետութիւններու մենաշնորհը չէ, Realpolitik-ը կը պատկանի նաեւ Հայաստանի նման պետութիւններու, յատկապէս Հայաստանի նման պետութեան, որ ունի լայնատարած եւ մարդկային ու ֆինանսական հզօր պաշարներով հարուստ Սփիւռք: Սփիւռք բառը ճիշդ չէ, սփիւռքը բառը ես չեմ սիրեր օգտագործել, աւելի լաւ է ըսել՝ արտերկրացի կամ աշխարհով մէկ տեղակայուած հայութիւն:
Պարոն Եազըճեանի՝ «ՄԱԿի, մուկի» մասին խօսքը ինծի յիշեցուց իրանցիներուն մէկ շատ լաւ խօսքը. «Լա շարղիյէ, լա ղարպիյէ, ճոմհուրիէ էսլամիէ», այսինքն «ո՛չ արեւմտամէտ ենք, ո՛չ արեւելամէտ, այլ իսլամական հանրապետութեան կողմնակից ենք»: Նոյնը մեր պարագային ալ պէտք է ըլլայ, սիրելինե՛ր:
Պարոն Եազըճեանը այն հայորդիներէն է, որ իսկապէս կը մարմնաւորէ հայամէտութեան կրողը: Թող ըլլան ռուսասէրներ, թող ըլլան արեւմտասէրներ, բայց մենք պէտք է միշտ հայկական պետութեան ազգային շահերը գերադասենք ամէն տեսակի ուրիշ շահերէ:
Պարո՛ն Եազըճեան, յատկապէս այս օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարծես թէ երրորդ փուլ կը թեւակոխէ՝ միջազգային վտանգներու առումով: Առաջինին, ի ցաւ ամբողջ հայ ազգին, ականատեսը եղանք 2020-ին թատերականացուած 44-օրեային, երբ մեր ներքին դաւաճանները արտաքին դաւադիրներու հետ ձեռք-ձեռքի տուին եւ բեմականացուած պարտութիւն իրականացուցին՝ մեզ ներսէն կրծելով, ինչպէս որ քիչ առաջ նշեցիք, թէ մուկեր կան, սարդեր կան, որոնք մարմինը ներսէն կը հիւծեն: Երկրորդ թատերականացուած հարուածը եղաւ Սեպտեմբերի 19-ին՝ Ատրպէյճանի ցեղասպանական յարձակումով Արցախի վրայ եւ անոր յաջորդող՝ Արցախի թատերականացուած յանձնումը: Այդ յանձնումին առթիւ ըսեմ հետեւեալը: Արցախցի մեր հայրենակիցներուն մէջ, վստահ եմ, քաջեր շատ կան, որոնք ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց տալու պատրաստ էին, բայց ըստ երեւոյթին, խարդաւանքներու, դաւադրութիւններու ճնշման տակ, անոնք ստիպուեցան ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգին առկայութեան՝ թողել նախնիներու հողը եւ ցաւ ի սիրտ հեռանալ Արցախէն:

Եւ Մայր Հայաստանն ընդունեց աւելի քան հարիւր հազար տեղահանուած արցախցի հայրենակիցներ: Հիմա, ըստ երեւոյթին, տեղահանուած հայրենակիցներու շարքերուն մէջ կան ղարաբաղցիներ: Մենք պէտք է զանազանենք, սիրելինե՛ր, արցախցիները՝ ղարաբաղցիներէն: Ղարաբաղցիները նախկիններու կլանին կցորդներն են, հին գողապետներու՝ Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Գարեգին Բ չկաթողիկոսի խնկարկուները, ովքեր իրենք զիրենք Ռուսիոյ կցորդ կը նկատեն: Ցաւ ի սիրտ, Ռուսաստանը վստահած է այսպիսի զիպիլներու, ինչպէս պարոն Սուրէն Սարգսեանը՝ «Մերոնք»-ի զրուցավարը կ’ըսէ՝ այսպիսի «շանորդիներու»: Եւ ան իրաւացի է:
Ես քանի մը աղբիւրներէ իմացայ, որ հին ռեժիմականներուն՝ ղարաբաղեան մաֆիայի շրջանակներուն մէջ կան հոս՝ Երեւանի մէջ վտարանդի կառավարութիւն կազմելու նկրտումներ: Պարո՛ն Եազըճեան, ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք, ի՞նչ է Ձեր կարծիքը այդ մասին: Եւ եթէ իրօք կան այդպիսի նկրտումներ, ինչպիսի՞ վտանգներ կը տեսնէք Հայաստանի Հանրապետութեան համար:
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ – Շատ ճիշտ դիտարկում կատարեցիր, սիրելի՛ Աբօ, որ բաժնեցիր արցախցիները ղարաբաղցիներէն: Ես կ’ուզեմ աւելին ըսել: Կան ուծացած, իրենց հայրենի հողին վրայ իսկ ուծացած, իրենք զիրենք մայրենի հողէն անջատած, օտարը, օտար գայլը իր թէկուզ հիւանդ ոչխարէն նախընտրողներ: Այդպիսիք բոլոր հասարակութիւններու մէջ ալ կան: Կ’ուզեմ, որ մեր ժողովուրդը շատ լաւ հասկնայ, թէ ամէն հայազգի արժանի չէ հայ կոչուելու: Կան լաւեր, կան շատ-շատ լաւեր, կան նաեւ տականքներ, նոյնիսկ թուրքէն աւելի վատ, ստոր արարածներ, որոնք հայու անուն կը կրեն: Պէտք է այս բոլորը զանազանել եւ բոլորը նոյն ջուրով չլուալ:
Այո՛, մենք շատ տուժեցինք ազգովին, եւ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. սփիւռքի մէջ, նոյն ինքն Արցախի մէջ, շատ տուժեցինք այս կլանին, այս աւազակաորջին գործունէութենէն: Աւազակապետերուն անուններն ալ յայտնի են՝ Ռոբերտ Քոչարեան, Սերժիկ Սարգսեան (Սերժիկը իսկական անունն է, Սերժ չէ իր անունը, Սերժիկ է, երեւի ստորակայութեան բարդոյթ ունի. գաճաճ մըն է ոչ թէ իր հասակով, այլ իր էութեամբ ստոր եւ ցած արարած է): Պէտք է զանազանենք այդ երկուքը եւ անոնց շուրջի մանկլաւիկները արցախցիներէն: Արցախցիք հերոսակա՛ն ժողովուրդ են, ես այդ բառը կը շեշտեմ՝ հերոսակա՛ն ժողովուրդ են, որ իր հողին վրայ տէր մնաց. ընտանիքներուն գրեթէ 90%-ը ունեցած է առնուազն մէկ, եթէ ոչ աւելի նահատակներ. կան մէկ ընտանիքի մէջ նոյնիսկ երեք-չորս-հինգ նահատակ ունեցողներ: Ինչպէ՜ս չխոնարհինք այդ տղաներուն, զանոնք ծնած մայրերուն, ծնողներուն եւ հարազատներուն առջեւ: Խոնարհումս բոլորին:
Բայց հիմա վերադառնամ Ձեր հարցումին: Կ’ուզեն վտարանդի կառավարութիւն, չգիտեմ ինչ պահել ինչ-ինչ պատրուակներու տակ. իբր պէտք է իրենց գաղթականներուն ընկերային հարցերը լուծեն, բնակարանային հարցերու լուծման օգտակար ըլլալ եւ այլն: Ո՞ւր էիք, երբ կը կողոպտէիք միլիարներ, երբ կողոպուտի գումարները օֆշորներ կամ եւրոպական ու ամերիկեան դրամատուներ կը ղրկէիք, ամերիկաներու մէջ, կամ հոս՝ Երեւանի մէջ, հիւրանոցներ եւ այլազան անուններու տակ անառականոցներ կը բանայիք, պարոնայք Արկադի Ղուկասեան, Ռոբերտ Քոչարեան, Բակօ Սահակեան եւ այլք: Հիմա ի՞նչ է, կը վայելէ՞ք ձեր կողոպուտը Պաքուի զնտաններուն մէջ: Չեմ ուզեր չարախնդալ, բայց ինչ ցանած էք, այդ ալ կը հնձէք: Ցաւալի է, որ ձեր պատճառով հարիւր հազարաւոր արցախցիք եւ միլիոնաւոր հայութիւն տուժեցին, եւ մենք չենք գիտեր, թէ ինչպէս պիտի կարողանանք այս մարդոց օգտակար ըլլալ: Թէեւ այդ շատ դժուար է, բայց պէտք է օգտակար ըլլանք առանց վերապահութեան: Վերջ ի վերջոյ, անոնք մեր հայրենակիցներն են: Նախընտրելի է, որ զիրենք պահենք սահմանամերձ շրջանին, մասնաւորապէս Սիւնիքի մէջ, որովհետեւ Սիւնիքը մեր ողնաշարն է (ողնաշարին մէկ կողմը արդէն հաշմանդամ դարձաւ՝ Արցախի դաւաճանական յանձնումով): Եւ առանց ամչնալու՝ մինչեւ այսօր դեռ մէջտեղերը կը սլքտան այդ աւազակներն ու անոնց հաստավիզ եւ դատարկագլուխ քծնողները:
Ես ուսումնասիրած եմ 1920-ի աշնանային հայ-թրքական պատերազմը, մասնաւորապէս Կարսի անփառունակ եւ խայտառակ անկումը: Ամէն ինչ նոյնութեամբ կրկնուեցաւ ճիշդ հարիւր տարի յետոյ: Այդ ատեն գոնէ ութը զինուորական ունեցած են պատիւը անձնասպան ըլլալու՝ կատարուածին մէջ իրենց մեղքը տեսնելով: Մինչեւ այսօր տեղեակ չեղանք, թէ ոեւէ մէկը նման բան ըրաւ: Ընդհակառակը, կը տեսնենք, որ Արցախի այսպէս կոչուած նախագահը, որ իր ձեռքով ստորագրած է Արցախի կործանման հրամանագիրը, այնքան մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք եւ այլն նուէր տուած է թշնամիին, այսօր ոչ միայն պարսաւանքի չարժանանար, ոչ միայն չէ յայտնուած իրաւապահ մարմիններուն ձեռքը՝ հաշիւ տալու իր կատարած պետական եւ ազգային ահաւոր դաւաճանութեան համար, այլ որջ մը ստեղծած է «Արցախի ներկայացուցչութիւն» կոչուած վայրին մէջ, ուր ժողովներ կը գումարեն եւ խարդաւանքներու մասին կը մտածեն՝ անշուշտ ստանալով Քրեմլինէն համապատասխան ցուցումներ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, ինչպէ՛ս պէտք է Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութիւնը աւելի թուլացնեն՝ ի շահ քրեմլինեան, ընդհանրապէս՝ ոչ-հայկական շահերուն:
Ասոնք օր առաջ, վայրկեան առաջ պէտք է ձերբակալուին, որովհետեւ ազատութեան մէջ ասոնց գոյութիւնը կը նշանակէ հազար ու մէկ «Տրոյական ձի» (Trojan Horse) բերած ըլլալ երկիրէն ներս, որպէսզի ներսէն գրաւեն: Սա ճիշդ այն նոյն դերն է, որ 1920-ի աշնանը կատարեցին բոլշեւիկները՝ սեփական պետութեան դէմ դուրս գալով, ի շահ Կարմիր Բանակին, քեմալական Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մուսաֆաթականներուն կամ կարմիր գոյնը ստացած ատրպէյճանցիներուն:
Նոյն դերը այսօր կը կատարեն այսօրուայ նոր-բոլշեւիկները՝ շահրամանեանները եւ միւսները: Ցաւօք սրտի, ժամանակին բոլշեւիկներու կատաղի թշնամի Դաշնակցութիւնը միացած է ասոնց, ի՛նքը դարձած է նոր-բոլշեւիկ՝ Հայաստանի պետականութիւնը ներսէն քանդելու, ներսէն թուլացնելու առումով: Ասոր վերջին օրինակը մենք տեսանք Գանատայի մէջ, երբ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին Արցախի գաղթականներու համար կազմակերպած հանգանակութեան օրը հանգանակութեան շէնք թոյլ չտուին մտնել դեսպանին՝ տիկին Անահիտ Յարութիւնեանին: Ի պատիւ դեսպանին՝ նշեմ, որ ան այդ մոլորեալ, տգէտ երիտասարդներուն տուաւ պետականութեան գաղափարի լաւ դաս մը: Սա շատ կարեւոր է:
Սիրելի՛ դաշնակցական երիտասարդներ, գիտեմ, որ ձեր մէջ կան իսկապէ՛ս հայրենասէրներ, կան նաեւ պատեհապաշտներ, կան նաեւ ամէն տեսակի արարածներ, ինչպէս միւսներուն մէջ են: Կը սիրեմ ձեր այդ հայրենասէր մասը: Բայց դուք մոլորուած էք: Պէտք է կարենաք զանազանել «հայրենիք», «պետութիւն», «կուսակցութիւն», «վարչակարգ», «իշխանութիւն» հասկացութիւնները: Ասոնք տարբեր բովանդակութիւն ունին: Ձեր ղեկավարները ձեզ այսպիսի բաներ չեն սորվեցներ, որպէսզի մնաք տգիտութեան մէջ եւ դիւրին ըլլայ ձեզ կառավարելն ու ձեռնածելը, օտար բառով ըսեմ՝ manipulate ընելը: Դուք ձեր խե՛լքը գործածեցէք: Ձեր մէջ կան համալսարանականներ, համալսարան աւարտածներ, բայց երբ կը տեսնեմ, թէ զբաղած են այսպիսի տգէտ, տխմար, զեւզեկ քայլերով, շատ կը ցաւիմ, որովհետեւ ձեր ներուժը պէտք է դուք գործածէք ի շահ հայութեան: Կուսակցութիւններէն վեր է պետութիւնը, կուսակցութիւններէն վեր է, առաւել եւս, Հայրենիքը: Հետեւաբար, դուք պէտք է միշտ նախընտրէք Հայրենիքը, Մայր Հայրենիքը պէտք է նախընտրէք, պետականութիւնը պէտք է նախընտրէք: Եւ եթէ հակասութիւն ստեղծուի կուսակցական, նեղ-խմբակային շահերու եւ պետական շահերու կամ ազգային շահերու միջեւ, պէտք է անպայման առաջնահերթութիւնը տալ վերջիներուն միայն:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Պարո՛ն Եազըճեան, Դուք նշեցիք նէօ-բոլշեւիկներու մասին, մենք պէտք է նշենք նաեւ նէօ-օսմանցիներու մասին: Սփիւռքի մէջ ալ մենք ունինք նէօ-օսմանցիներ, յատկապէս Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ –Վիգէն Յովսէփեան եւ Նորա Յովսէփեան –, որոնք բաւական սիլիբիլի յարաբերութիւններու մէջ են նէօ-օսմանեան շրջանակներու հետ: Տիկին Նորա Յովսէփեան ինքն իրեն նոյնիսկ թոյլ տուած է այցելել Թուրքիա՝ իր նախնիներուն ծննդավայր այցելութեամբ փորձելով արդարացնել իր արարքը: Ան պարզ անհատ մը չէ: Ես անհատ շատ հայեր գիտեմ, որոնք Թուրքիա կ’երթան զանազան պատճառներով: Ունինք Թուրքիա ծնած հայրենակիցներ: Կան ուրիշ հայրենակիցներ ալ, որ զանազան պատճառներով Թուրքիա կ’երթան: Բայց անոնք հայկական կազմակերպութիւնները չեն ներկայացներ, մինչդեռ տիկին Նորա Յովսէփեան կը ներկայացնէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCA WESTERN UNITED STATES): Ան ինքն իրեն ինչպէ՞ս թոյլ կու տայ, առանց խորհրդակցելու հայ գաղութին հետ, առանց խորհրդակցելու Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներուն հետ, այդպէս ինքնագլուխ երթալ Թուրքիա:
Այս տարրերը մեր նորօրեայ նէօ-օսմանցիներն են: Մենք ունինք նէօ-օսմանցիական եւ նէօ-բոլշեւիկեան շրջանակներու այս խոշոր խնդիրը: Բայց բարեբախտաբար, մեր ազգը զարթօնք կ’ապրի: Այստեղ ես եւս մէկ անգամ պէտք է իմ երախտագիտութիւնը յայտնեմ մեր ոսկեայ նոր սերունդի անդամներուն՝ առանց տարիքի խտրութեան: Անոնցմէ մէկը զրուցակիցս է, պարոն Եազըճեանը: Կան շատ եւ շատ ուրիշ ազգակիցներ, որոնց կարգին՝ երիտասարդներ եւ աւելի մեծեր, ա՛լ աւելի մեծեր:
Պարո՛ն Եազըճեան, ի՞նչ կարելի է ըսել Սիւնիքի կարեւորութեան մասին: Մեր ժողովուրդը, աշխարհասփիւռ թէ հայրենաբնակ, ի՞նչ պէտք է ընէ Սիւնիքի արցախացումը կանխելու համար; Արդեօ՞ք չափազանցուած մտահոգութիւն է:
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ – Ո՛չ, ոչ մէկ չափազանցութիւն կայ: Սիւնիքի նկատմամբ թրքական շրջանակներու – ոչ միայն Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի, այլեւ համաշխարհային թրքութեան – յաւակնութիւնները վաղուց նկատելի են: Երբ քարտէսին նայինք՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նմանի գամին, որուն սուր ծայրը, դէպի վար ուղղուած ծայրը Սիւնիքն է, որ կը խոչընդոտէ համաթրքական միացումին: Եւ ատոր համար է, որ ամէն ջանք կը տանին, յատկապէս Թուրքիոյ համաթրքականները՝ ներկայացուած նախագահ Էրտողանով, որ այդ խոչընդոտը վերացուի: Այդ գիտակցութեամբ ալ, 19-րդ դարի վերջի եւ 20-րդ դարու սկիզբի մեր մեծագոյն երկու ռազմական եւ գաղափարական գործիչները, երկուքն ալ ինծի համար ազգային հերոսներ՝ Զօրավար Անդրանիկն ու Գարեգին Նժդեհը, գիտակցած են այդ կարեւորութիւնը, եւ Սիւնիքի ու Արցախի նկատմամբ իրենց պարտքը կատարած են, նոյնիսկ երբ հրահանգ ստացած են Երեւանի կեդրոնական կառավարութենէն՝ լքել այդ տարածաշրջանը: Անոնք չեն ենթարկուած հրամանին, զոր զինուորական կարգապահութեան օրէնքներով իրենց կը սպառնար գնդակահարութեամբ: Իրենք, քիչ առաջ ինչպէս ըսի, նախընտրած են ազգային շահը, քան նեղ-խմբակային շահը, զոր պետական շահ չեմ կրնալ կոչել: Ըստ երեւոյթին՝ հոն նաեւ խարդաւանքային մաս մըն ալ կայ: Ներքին գործոց եւ պատերազմի նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեան շատ քիչերուն յայտնի է որպէս սիոնիզմի գործիչ. կինը հրէուհի էր, իսկ ինքը 40-ականներու սկզբին Պաղեստինի մէջ կը դիմաւորէր նաւով եկող հրեայ գաղթականները ու կը մասնակցեր անոնց տեղաւորման աշխատանքներուն: Այս փաստերը շատ քիչերու յայտնի են: Լաւ կ’ըլլայ, եթէ խորքային պրպտենք: «Հայրենիք» ամսագրի 30-ական թուականներու թիւերուն մէջ կը հանդիպինք Ռուբէնի բազմաթիւ հրապարակումներուն, որտեղ գովքը կը հիւսուի սիոնական շարժումին:
Սիւնիքը մեզի եւ յատկապէս Իրանի համար, գիտէք՝ կարմիր գիծ է: Իրանցիները այդ շատ յստակ յայտարարեցին: Այդ փոքր տարածքը՝ 46 քիլոմեթր, որ հազարաւոր քիլոմեթր սահմաններով Իրանին համար երեւութապէս էական բան մը պէտք չէ ըլլայ, ռազմագիտական առումով շատ մեծ նշանակութիւն ունի: Մենք, որպէս հայութիւն, պէտք է կարողանանք Սիւնիքի նշանակութիւնը աւելի կարեւորել, քան մեր հարեւանները, քան թուրքերը, ռուսերը, եւրոպացիներն ու ամերիկացիները: Իսկ Սիւնիքը ինչպէ՞ս կարելի է պաշտպանել: Քանիերորդ անգամ, արդէն տարիներէ ի վեր կոչ կ’ընեմ. սիրելի՛ երիտասարդութիւն, կ’ուզէ՞ք պաշտպանել Հայրենիքը, եկէ՛ք Հայրենիք, այսօր Հայրենիքին մէջ կան տասէ աւելի խումբեր՝ Մեծն Տիգրան, ՈՄԱ, Ազգային Լեգէոն, Ազատազէն, Նեմեսիս եւ այլն, որոնք կը մարզեն երիտասարդները: Եկէ՛ք, մարզուեցէ՛ք երկու շաբաթով, մէկ ամիսով, երկու ամիսով, ըստ ձեր հնարաւորութեան, յետոյ վերադարձէ՛ք ձեր աշխատանքներուն, ձեր համալսարանին եւ այլն, որպէսզի երբ պահը հնչէ եւ Հայրենիքը կարիք ունենայ պաշտպանութեան, գաք եւ պաշտպանէք: Ես Իսրայէլը չեմ պաշտպաներ, ես Իսրայէլի մա՛հը կը ցանկամ նոյնիսկ, բայց կը տեսնէք, որ պատերազմական վիճակին մէջ, այսօր օրական տասնեակ օդանաւերով կը վերադառնան երիտասարդները՝ լսելով, իրենց կարծիքով, իրենց հայրենիքին կանչը, օգնութեան կանչը: Ինչու՞ դուք նոյնը պիտի չընէք:
Ամօթ կը զգամ, օրինակ, երբ կը կարդամ, որ երիտասարդներ «պայքար» կը մղեն “Artsakh is Armenia” ցուցատախտակներով: Անոնցմով դուք պիտի չպաշտպանէք Հայրենիքը: Հասկցէ՛ք վերջ ի վերջոյ, որ աշխարհի մէջ մենք մինակ ենք, մ-ի-ն-ա-կ ենք: Նժդեհի խօսքով՝ մինակութիւնը քեզի կու տայ ներուժ, կարողութիւն, վբճռականութիւն եւ խենթութիւն: Խօսքս սրբազա՛ն, սարդարապատեա՛ն խենթութեան մասին է: Եւ այսօր այդ բուն տեղը Սիւնիքն է: Եկէ՛ք, մարզուեցէ՛ք եւ պաշտպանեցէ՛ք Հայրենիքէն հայկական մնացած այս բուռ մը հողը:
Եկէ՛ք շիտակը խօսինք, ամէն մէկս մեր մեղքն ընդունինք: Ես ալ իմ մեղքս կ’ընդունիմ պատահածներուն մէջ: Մեղաւոր եմ, այո՛, իմ սերունդիս ժամանակ, իմ կեանքիս ընթացքին կը կատարուին այս աղէտները: Այսօր ոեւէ մէկը կը կասկածի՞, որ եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մօտ 5 միլիոն հայութիւն ապրէր, իսկ Արցախի մէջ, ազատագրուած տարածքներով, առնուազն կէս միլիոն հայութիւն, այս բոլորը տեղի կունենայի՞ն: Հաստատապէս՝ տեղի չէին ունենար, չէ՞: Ուրեմն, ո՞վ է մեղաւորը, որ մենք չեկանք, տիրութիւն չըրինք մեր երկրին, թողեցինք անտէր-անտիրական: Վարուեցանք այսպէս՝ արցախցիները թող իրենց իւղով տապկուին, սիւնեցիները՝ իրենց իւղով, եւ այլն, եւ այլն: Փոխանակ հարիւր հազարներով ու միլիոններով Հայրենիքին մէջ հաստատուելու, ընդհակառակը, մէկ ու կէս միլիոն ալ այս ընթացքին արտահանեցինք, որպէսզի անոնք օր մը վերջնականապէս կորսուին հայութեան համար:
Կայ հարց մը, որու մասին ընդհանրապէս չենք ուզեր խօսիլ, մանաւանդ անոնք, որոնք մատի փաթաթան դարձուցած են հինգ հազար զոհի փաստը: «Հինգ հազար մահացան», «հինգ հազար ընտանիքներու օջախներ մարեցան» կ’ըսեն ու կը կրկնեն անդադար: Այդ՝ ճի՛շդ է: Խոնարհումս նոյնիսկ մէկ հոգիին, նոյնիսկ մէկ հոգին մեզի համար շատ մեծ թիւ է, անոր կորուստը շատ մեծ ցաւ է: Բայց ինչո՞ւ չենք խօսիր, որ ամէն ամիս առնուազն հինգ հազար, եթէ ոչ աւելի, հայ կը կորսուի հայութեան համար, արտասահմանի ձուլման կաթսաներուն մէջ՝ ամերիկեան, գանատական, ֆրանսական, յատկապէս ռուսական: Այդպէս չէ՞: Ինչո՞ւ չենք խօսիր այս մասին: Կը լռենք, որովհետեւ այդ պարագային պէտք է խոստովանինք, որ մենք կը սիրենք կեղծիքներու եւ պատրանքներու մէջ ապրիլ, պէտք է խոստովանինք ինքնանպատակ հայապահպանութեան գործելակերպի կատարեալ ձախողութիւնը:
Եկէ՛ք, տէ՛ր կանգնեցէք Սիւնիքին, տէ՛ր կանգնեցէք Գեղարքունիքին, տէ՛ր կանգնեցէք Տաւուշին: Այո՛, պէտք է գան, նախընտրաբար՝ երիտասարդ զոյգեր, եւ հաստատեն Իսրայէլի քիպուցներուն նման բնակավայրեր, այսինքն՝ ռազմականացուած գիւղական բնակավայրեր, որպէսզի թէ՛ այդ շրջանները զարգանան եւ թէ՛ այդ շրջանները պաշտպանուին:
Այսօր մեր հայրենաբնակ ժողովուրդին քանակը, մեր բանակին, պահեստայիններուն եւ աշխարհազօրայիններուն քանակը չի բաւարարեր պաշտպանելու ստեղծուած նոր սահմանները: Քանի մը հարիւր քիլոմեթրի մասին է խօսքը, մեծ մասամբ՝ լեռնային շրջաններ: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ այդ սահմանները՝ ֆրանսացի՞ն, ամերիկացի՞ն, ռո՞ւսը… Ասոնց, մանաւանդ ռուսին ինչ ըլլալը տեսանք. եթէ խարդաւանքներ չընեն, մեզ մեր թիկունքէն չհարուածեն, մենք պէտք է երեւի շնորհակալ ըլլանք իրենց…
Այո՛, դո՛ւք տէր պէտք է ելլէք Հայրենիքէն մնացած այս կտորին: Սիւնիքը կը պաշտպանուի համահայկական ուժերով: Եկէ՛ք, մարզուեցէ՛ք, եւ ամէն մէկս մեր պարտականութիւնը կատարենք: Տարին թէկուզ երկու շաբաթ երթանք Ջերմուկի սահմանին վրայ կենանք, Սիսիանի լեռներուն վրայ կենանք: Կը հաւատացնեմ ձեզի, որ եթէ Հայրենիքը ճանչնաք, զայն շատ աւելի մեծ հաճոյքով կը պաշտպանէք, մինչեւ իսկ ձեր կեանքն ալ պատրաստ կ’ըլլաք տալու անոր համար:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Գիտէք արդէն, ժամանակին շատ շրջանառուեցաւ, որ օրուայ անարժան նախագահ Սերժիկ Սարգսեանը շքանշանով մը այսպէս ըսած կը պատուէր այսօր ԱՄՆ-ի Արեւմտեան էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը: կը ծագի հարցումը՝ այդ ո՞ր ծառայութիւններուն համար, Տէրտէրեանը ի՞նչ ըրած է, այդ ի՞նչ ծառայութիւններ են:
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ – Անշուշտ, հոգեւորականները, մնալով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, ունին նաեւ, որպէս քաղաքացի, իրենց իրաւունքները: Բայց քաղաքական գործընթացներուն մասնակցելու իրաւունք չունին՝ թէ՛ ըստ ՀՀ-ի Սահմանադրութեան եւ թէ՛ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ անգիր կանոնադրութեան: Անոնք պէտք է բոլորին նկատմամբ նոյնքան մօտիկութիւն ունենան (չեմ ըսեր բոլորէն նոյնքան հեռաւորութիւն պահեն): Բայց մի՞թէ այդպէս է: Լա՛ւ, Սերժիկը աջ ու ձախ շատ մետալ-շքանշան բաժնեց՝ այդ թիւին նաեւ իր կրտսեր եղբայր Լեւոնին, որ փախած է երկրէն եւ Լիբանանի քազինոներուն մէջ խումար կը խաղայ: Մետալ տուաւ նաեւ նաեւ իր՝ ո՛չ բարով, ո՛չ խերով փեսայ Միշիկին: Գիտենք, որ աւագ եղբայրն ալ՝ Սաշիկը, աւելի ճիշդ՝ Յիսուն-Յիսուն Սաշիկը, բարի պտուղ մը չէ: Բայց ինչո՞ւ տուաւ յատկապէս այս արարածին՝ Յովնանին: Ի՞նչ ծառայութիւններու համար: Յովնանը ի՞նչ ըրած է, արդեօ՞ք Սերժիկի խումարներուն համար գումա՞ր ապահոված է Լոս Անճելըսի մեծահարուստներէն: Չեմ գիտեր: Գիտցողները լաւ կ’ընեն եթէ այդ մասին տեղեկացնեն հանրութիւնը: Որպէս հետաքննող լրագրող, փորձած եմ քակել այս կծիկը, սակայն շօշափելի արդիւնքի չեմ հասած: Բայց դեռ կը յամենայ հարցումը՝ ո՞ր ծառայութիւններուն համար Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեան արժանացած է Սերժիկ Սարգսեանի այդ յատուկ պարգեւին: Պարզ է, որ փոխարէնը ծառայութիւններ մատուցած պէտք է ըլլայ կամ խոստացած ըլլայ մատուցել: Բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ այդ լուսանկարը շրջանառուեցաւ, եւ մենք ալ օրին հարց տուինք պարգեւատրման շարժառիթներուն մասին: Մինչեւ հիմա ալ ինծի համար հարցական է, թէ այդ ո՞ր ծառայութեան համար Յովնան նախագահական պարգեւին արժանացաւ: Ինքը նոյնպէս, Յովնանը, մինչեւ այսօր լուռ է այդ մասին: Անշուշտ պիտի լռէ: Եթէ ամօթալի բան չըլլար այդ ծառայութիւնը կամ ծառայութիւնները, ան շատ յստակ կամ թափանցիկ կրնար յայտարարել՝ այսինչ բանին համար ստացած եմ, ըսենք՝ գիւղական շրջանի մը մէջ դպրոց շինել տալու համար եւ այլն, եւ այլն: Ի՞նչ ըրած է: Թերեւս որպէս թեմակալ առաջնորդ՝ Արեւմտեան թեմին մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներ փակած ըլլալու ծառայութեա՞ն համար է:
Սերժիկ այնպէս ցոյց կու տայ, թէ հաւատացեալ է. Ծնունդին, Զատիկին կ’երթայ Մայր Աթոռ, կը խաչակնքէ, երեւի նոյն պահուն ալ կը մտածէ, թէ ինչպէ՞ս Պատէն-Պատէնի իր խումարը պիտի խաղայ, կամ ընթացքին գումար պիտի ապահովէ: Ո՜վ գիտէ, եկեղեցիներ փակելու ետին թերեւս կան գումարային խարդաւանքներ ու խարդախութիւններ:
Շատ կը ցաւիմ, որ «թաւիշ»ով իշխանութեան եկածները գործակալներու բացայայտումներ չկատարեցին: Պէտք է, որ մեր Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան արխիւները բացուին եւ գիտնանք՝ ով ով է, ինչն ինչոց է: Այդ պարագային, այս հարցերուն մեծագոյն մասը, չըսելու համար գրեթէ բոլորը, կը պարզուին, մենք տեղեակ կ’ըլլանք, թէ ինչպիսի՞ կապեր եղած են այս աւազակախումբի տարբեր տարրերուն միջեւ:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Պարո՛ն Եազըճեան, ընդամենը մէկ շաբաթ մեզ կը բաժնէ Հոկտեմբերի քսանեօթէն: Հոկտեմբերի քսանեօթը տարելիցն է 1999 թուականի այն տխրահռչակ օրուան, երբ սպանդ գործադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն ներս, որուն զոհ գացին, նահատակուեցան օրուան վարչապետը՝ Վազգէն Սարգսեանը եւ Ազգային Ժողովին նախագահը՝ Կարէն Դեմիրճեանը: Գիտենք նաեւ, թէ ինչպիսի՜ անարդար մթնոլորտի մէջ Գարեգին Բ-ն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուեցաւ: Այս առթիւ ի՞նչ պատգամ ունիք հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ այսօրուայ կառավարութեան:
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ – Շուտով կը լրանայ քսանչորս տարին այդ ահաւոր ոճիրին, որ գործուեցաւ ոչ միայն այդ ութը սպանուած պետական գործիչներուն նկատմամբ, այլեւ ուղղակի Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Պետական դաւաճանութեան առաջին, գլխաւոր եւ սահմռկեցուցիչ դրուագն է այդ: Մինչեւ այսօր անոր իսկական պատուիրատուներու եւ կազմակերպիչներու անուններուն չբացայայտուիլը, կամ իբրեւ թէ չբացայայտուիլը, կը խօսի այն մասին, որ այդ ոճրագործներուն խմբակին ետեւ կը գտնուէր մեծ տէրութիւն մը, գերտէրութիւն մը, որու անունը տալէ կը զգուշանան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները մինչեւ այսօր: Հասկանալի է, թէ Քոչարեանն ու Սերժիկը ինչո՛ւ պիտի զգուշանային. որովհետեւ իրենք ալ այլ կերպ կը ծառայէին այդ նոյն պետութեան, մասնակիցն էին այդ ոճիրին: Ոճիրին համար օրուան նախագահը՝ Քոչարեանը կը կրէ առաջնային պատասխանատուութիւն, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց եւ անվտանգութեան նախարարը, որ Սերժիկ Սարգսեանն էր:
Բայց այդ երկուքը ոչ միայն չհրաժարեցան կամ չհրաժարեցուցին, այլ նոյնիսկ ակնարկութիւն չըրին այդ մասին: Քոչարեանը ուշացաւ տասնչորս ժամ՝ ստանձնելու իր պարտաւորութիւնները, ու ծիծաղեցաւ ամբողջ աշխարհին, մանաւանդ, հայութեան վրայ՝ ըսելով, ինքը սափրուած չէ եղած… Միւսը՝ Սերժիկը այդ օր կը գտնուէր Գորիսի շրջանին մէջ: Բայց այդ ի՞նչ կապ ունի. կրնար տունը պառկած ըլլալ կամ արտերկիր ճամբորդութեան մէջ, սակայն այդ զայն չազատէր պատասխանատուութենէն երկրիդ մէջ պատահած այդ ահաւոր ոճիրին համար: Այս երկուքը ոչ միայն պատասխանատուութիւն չկրեցին, այլեւ շարունակեցին բարձր դիրքեր զբաղցնել, նոյն Սերժիկը վարչապետ ու նախագահ դարձաւ եւ այլն: Սա կը նշանակէ, թէ շան գլուխը թաղուած է այլ տեղ: Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ մեղադրանքին սլաքը դէպի հիւսիս ուղղուած է:
Իսկ ի՞նչ դաս պէտք է քաղել Հոկտեմբերի քսանեօթէն:
Այսօր, մանաւանդ ցոյցերու ժամանակ, ընդդիմութեան հաւաքներուն (որոնց կը մասնակցին նաեւ որոշ վեղարաւորներ ու քաղաքական ելոյթներ կ’ունենան), ընկերային ցանցերուն մէջ անթաքոյց կը խօսուի այս կամ այն պետական իշխանաւորը սպանելու, կտոր-կտոր ընելու, ընտանիքը վերացնելու եւ այլնի մասին: Ես ալ ընդդիմադիր եմ Նիկոլ Փաշինեանին, եւ կ’ուզեմ, որ երկրին ղեկը ստանձնէ ազգայնական իշխանութիւն մը, բայց այդ չի նշանակեր, որ պէտք է դիմենք բռնի միջոցներու այս կամ այն իշխանաւորի ու անոր ընտանիքի անդամներուն նկատմամբ…
Իշխանութիւններն այսօր շատ պիտի զգուշանան, որովհետեւ կը պատրաստուի հերթական ահաբեկչութիւնը: Երբեմն կը յայտնաբերուի դաւադրութիւնը, մեր Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը երբեմն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, երբեմն ալ երեւի կը յայտնաբերէն, բայց հանրութիւնը այդ մասին չի իրազեկեր: Այսօրուայ մեր թուլցած վիճակին մէջ նման նոր հարուած մը կը նմանի հաշմանդամ մը ողնայարէն կացնահարելուն. ատկէ յետոյ գրեթէ յոյս չի մնար, հիւանդը չի կրնար այլեւս որեւէ բան ընել, կ’երթայ ուղղակի դէպի մահ:
Մեր իշխանութիւնը պէտք է շատ զգուշանայ, պէտք է սաղմին մէջ խեղդէ նման որեւէ դրսեւորում:
Ընդդիմադիրները կ’ուզե՞ն իշխանութեան հասնիլ, խնդրեմ, կայ օրինական ձեւը: Կարծեմ երկու տարի յետոյ պէտք է տեղի ունենան Ազգային Ժողովի ընտրութիւններ, խնդրեմ հիմակուընէ՛ պատրաստուեցէք, օգտուեցէ՛ք ներքին ու արտաքին ճակատներուն վրայ իշխանութիւններուն վարած սխալ քաղաքականութիւններէն, ձեր ծրագիրը ներկայացուցէ՛ք, եւ ժողովուրդը թող ձեզի՛ քուէարկէ: Այդ պարագային, խնդրեմ, հարց չունիմ: Բայց ներկայի ձեւերով ի՞նչ կ’ուզէք ընել:
Եկէ՛ք այս հարցը տանք՝ Հոկտեմբեր քսանեօթէն ետք մեր երկիրը աւելի հզօրացա՞ւ, թէ՞ տկարացաւ: Տկարացաւ, չէ՞: Վերելք պիտի ապրէր, արդէն սկսած էր, յոյսեր կային, յուսադրիչ մթնոլորտ էր, երկու քաղաքական գործիչներուն միասնութիւնը յուսադրած էր նոյնիսկ սփիւռքը՝ ներդրումներու, նոյնիսկ հայրենադարձութեան առումներով: Բայց ի՞նչ եղաւ: Հարուածեցին յոյսի՛ն, պետականութեա՛ն: Սա պետականութեան հասցուած առաջին լրջագոյն հարուածն էր: Իսկ հիմա, արցախեան աղէտէն յետոյ, եթէ նման բան մը կրկնուի, համոզուած եմ, որ մենք այլեւս ոտքի չենք կրնար կանգնիլ, նոյնիսկ մեր այս հրաշալի նոր սերունդին առկայութեան մէջ: Մեր ներսը գտնուող այդ «Տրոյական ձին» (Trojan Horse), մէջը գտնուող դաւաճաններով հանդերձ, պէտք է վերացնենք նախքան որ ձիէն իջնեն, միջնաբերդը ներսէն գրաւեն եւ դարպասները բանան օտար պետութեան առջեւ, որ արդէն իր զօրքերն ունի մեր երկրին մէջ: Սա թոյլ պիտի չտանք, ինչ ալ ընեն՝ թոյլ պիտի չտանք: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու անոր կիսատ-պռատ անկախութիւնը մեզի համար մեծագոյն արժէք են, որուն համար պէտք է չզլանանք նոյնիսկ մեր կեանքը նուիրաբերելու, զոհելու՝ մեր ազատութիւնը, մեր թէկուզ կիսատ-պռատ անկախութիւնը պահպանելու համար:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ականջալուր պէտք է հետեւինք, պարոն Եազըճեանի ազգասէր, պետականասէր ոգիէն ելլող առաջադրանքներուն ու պատգամին, եւ չթողնենք, որ եւս մէկ Հոկտեմբերի քսանեօթը կրկնուի: Իսկ ամենակարեւորը. ես իմ ձայնը կը միացնեմ բազմաթիւ լուսամիտ, քաջասիրտ հայրենակիցներու, որոնց կարգին պարոն Սուրէն Սարգսեանը՝ «Մերոնք» հաղորդաշարի զրուցավարը, պարոն Գէորգ Եազըճեանը եւ բազմաթիւ սրտցաւ անձնաւորութիւններ, որոնք յստակօրէն կը պատգամեն մեր արցախցի հայրենակիցներուն՝ յանկարծ չխաբուիլ ղարաբաղեան կլանի առաջարկութիւններէն եւ այստեղ չմասնակցիլ այսպէս կոչուած՝ Զարթի՛ր լաոյի ոգիով իբրեւ թէ բողոքի ցոյցերու, իրականութեան մէջ՝ խարդաւանքներու: Բողոքի ցո՞յց կ’ուզէք ընել` գացէ՛ք սահմանները պաշտպանեցէք: Բողոքի ցո՞յց կ’ուզէք ընել, Զարթի՛ր լաո՞ կ’ուզէք ընել, գացէ՛ք Ալիեւը շանսատակ ըրէ՛ք: Զարթի՛ր լաո՞ կ’ուզէք ընել, ձգեցէք մեր ժողովուրդը իր ազատ կամքով իշխանափոխութիւն իրականացնէ եւ ոչ թէ բռնի կերպով իշխանազաւթութիւն կատարուի: Այդ՝ Հայաստանի համար մահացու հարուած կ’ըլլայ եւ Հայաստանի գերեզմանը փորած կ’ըլլանք:
Թէ՛ հայրենաբնակ եւ թէ՛ աշխարհով մէկ տարածուած մեր գիտակից հայրենակիցները վճռական են եւ միակամ թոյլ չտալու, որ 44-օրեան եւ անոր յաջորդած երկու հազար քսաներեքի Սեպտեմբերի քսանինի Արցախի թատերականացուած յանձնումը գերեզմանը դառնան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ ազգին: Այլ պէտք է այս երկու դաւաճանական քայլերը դառնան ղարաբաղեան մաֆիայի՛ գերեզմանը: Այն ժամանակ է, որ պիտի կարենանք միաձայն բարձրաձայնել հայ յայտնի բանաստեղծին խօսքը՝ …Վարդահեղեղ արշալոյսին մը ես ոտնաձայները կ’առնեմ…
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ – Ի՞նչ ըսեմ, սիրելի՛ Աբօ, արդէն ըսիր՝ վարդահեղեղ արշալոյսի գալուստին մասին: Այո՛, այո՛, այո՛: Բայց պէտք է միշտ զգոյշ ըլլանք, օձը ոչ միայն չջերմացնենք մեր ծոցին մէջ, չգուրգուրանք օձին վրայ, այլ օձին գլուխը որքան շուտ, այնքան արագ, ճզմենք, որպէսզի ան գործիք չդառնայ օտարներու ձեռքին, որպէսզի մեր մեծ հայրենիքէն հայկական մնացած, հայկական գերիշխանութեան տակ գտնուող այս վերջին կտորն ալ չկորսնցնենք:
Իշխանութի՞ւն կ’ուզեն, խնդրեմ: Կան օրինական ձեւերը, թող անոնց դիմեն, ես ալ համաձայն եմ: Ըսելիքս կը վերաբերի յատկապէս Դաշնակցութեան: Ինչպէս յայտնի է 1988-ի ընդհանուր ժողովին որդեգրուեցաւ «Դէպի Երկիր» նշանախօսքը: Դէպի Երկիր, այսինքն՝ դէպի Հայաստան: Ընդհանուր ժողովին որոշումները, ըստ կուսակցութեան կանոնադրութեան, պարտադիր են բոլորին՝ սկսած Բիւրոյի անդամէն մինչեւ վերջին շարքայինը: Ի՞նչ եղաւ սակայն, քանի՞ հոգի եկաւ «Դէպի Երկիր» կոչով:
Այսօր Դաշնակցութեան շրջանակին մէջ կան բազմաթիւ հարուստներ: Եկէ՛ք, ներդրեցէ՛ք, շինարարութիւն ըրէ՛ք, Լիբանանէն, Սուրիայէն, հիմա ալ Արցախէն եկած ժողովուրդին բնակարաններ տրամադրեցէ՛ք տասնհինգ, քսան, նոյնիսկ աւելի տարի ժամկէտով մասնավճարներով, այդպիսով ժողովուրդը սիրաշահեցէ՛ք եւ անոր քուէները ստացէ՛ք: Այսպիսով իշխանութեան կը տիրանաք ամբողջովին օրինական ճանապարհներով: Հայրենիք հաստատուած սփիւռքահայերն ու անոնց սերունդները կը փրկուին թափառականութենէն ու հետագային ձուլման աղէտէն, հայրենական պետութիւնն ալ կը զարգանայ, կը բարգաւաճի ու կը հզօրանայ:
Պէ՞տք է այսքան տարրական բաները ձեզի բացատրել: Իրարու ետեւէ կը փորձէք իշխանութիւնը գրաւել փողոցային ու ճղճղան իշխանիկներով, գեղամիկներով եւ այլնով: Որ ի՞նչ: Չէ՞ք գիտակցիր, որ օրէ օր աւելի կը խայտառակուիք ու կը վարկաբեկուիք: Մենք ազատութեան համը առած ենք եւ այդ ազատութեան համար ալ պատրաստ ենք մեր կեա՛նքը զոհելու: Ժամանակին ատենախօսութեանս մէջ գրեր էի, որ լրագրողներու ազատութիւնը շատ գործօններէ կախուած է, բայց նաեւ ու յատկապէս կախուած է լրագրողներուն՝ իրենց ազատութիւնը իրենց կեանքի՛ն գնով պաշտպանելու կամքէն: Նոյնը կը վերաբերի ամբողջ հայ ազգին:
Զրոյցս կ’ուզեմ աւարտել թունուզցի արաբ վաղամեռիկ բանաստեղծ Ապու Կասեմ ալ-Շապպիի մէկ քերթուածին առաջին երկու տողերով, որոնք շատ սիրած եմ: Անոր թարգմանութիւնն է.
Եթէ ժողովուրդը որոշեց ապրիլ, ճակատագի՛րն է, որ կ’ենթարկուի անոր,
Եւ խաւարը ա՛նպայման կը վերանայ, ու շղթաները ա՛նպայման կը փշրուին:
Այսքա՛ն: Հա՛յ ազգ, յոյսդ մի՛ կորսցներ: Այո՛, վարդահեղեղ արշալոյսները մեր առջեւն են…