Եւրոպական Միութիւնը կ՛աշխատի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետՊրիւքսելի մէջ հանդիպում մը եւս կատարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը
վկայակոչելով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր անանուն աղբիւրը:
«Պրիւքսելեան հոլովոյթը կը գործէ, Եւրոպական Միութիւնը գործընկերներուն հետ կ՛աշխատիյաջորդ հանդիպումը կազմակերպելու համար», ըսած է աղբիւրը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ողջունած էր Հայատանի եւ Ազրպէյճանի 7 դեկտեմբերի միացեալ յայտարարութիւնը
2 ազրպէյճանցիներու եւ 32 հայ զինուորներու ազատ արձակման մասինզայն նկատելով յարաբերութիւններու «մեծ յառաջընթաց», «քաղաքական երկխօսութեան աննախադէպ բացում»: Ան նաեւ ըսած էր, որ այժմ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները շուտափոյթ աւարտին հասցնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը: Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը 2021-ի դեկտեմբերէն հանդիպումներ կը կազմակերպէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ, այս ընթացքին անոնք քանի մը անգամ միացեալ յայտարարութիւն որդեգրած են
յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ:
Իբրեւ միջնորդ ու հանդիպումներու անմիջական մասնակից, Շարլ Միշել «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է` բանակցութիւններու առանց-
քին մէջ նախ եւ առաջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ անհրաժեշտ է խաղաղութեան համաձայնագիր անոնց յարաբերութիւններու կարգաւորումը կազմակերպելու համար», ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահը:
