Յովհաննէսեան Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր է, Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան յաթող, Խորհրդային Միութեան արծաթէ մետալակիր եւ Մոնտիալի մասնակից: Ան Խորհրդային Միութեան ազգային խումբին հետ 57 մրցում կատարած է` նշանակելով 8 կոլ:
Հայաստանի 20-րդ դարու լաւագոյն ֆութպո- լիստ Խորէն Յովհաննէսեան 1975-էն 1985 Երեւանի Արարատ խումբին հետ 295 մրցումի մասնակցած է` դառնալով 93 կոլի հեղինակ: 1975-ին Արարատի հետ եղած է Խորհրդային Միութեան բաժակակիր, իսկ 1976-ին Գարնանային առաջնութեան արծաթէ մետալակիր: Ան 5 անգամ ընտրուած է Խորհրդային Միութեան ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկներու ցանկին մէջ:
1975-ին եղաւ ախոյեանութեան լաւագոյն նորեկ մարզիկը, իսկ 1982-ի Մոնտիալի Պելճիքայի դէմ նշանակած կոլը մրցաշարքի լաւագոյն կոլը ընտրուած էր: