Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հաստատեց, որ Ատրպէյճան հարցեր կը տեսնէ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին մէջ:
«Բարձրաձայն էլ իրենք այդ մասին ասել են, այո՛, իրենք համարել են, որ դա խնդիր է, եւ իրաւական հարցեր են ներկայացրել: Մենք էլ համապատասխանաբար նոյն կերպ խնդրայարոյց ենք համարել իրենց մօտ ձեւակերպումները», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ան։
Հայաստանի գործող Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ յղում կը կատարուի Անկախութեան հռչակագիրին, որուն մէջ յիշատակում կայ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի վերամիաւորման մասին:
23 Յունուարի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Միրզոյեան խօսեցաւ երկու երկիրներու սահմանադրութիւններուն մէջ իրաւական հարցերուն մասին: Օր մը ետք ան շեշտեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին մէջ, որ մինչեւ այս պահը փոխանակուած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ, որեւէ դրոյթ չկայ սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին:
«Ընդհանուր խաղաղութեան գործընթացի համար երկու կողմերն էլ միւս- ների դաշտում նկատել են իրաւական խնդիրներ եւ տեղեկացրել են այդ մասին, երկուսն էլ համապատասխանաբար տուել են պարզաբանումներ: Այդպիսի քննարկումներ դեռ վստահաբար կը լինեն», նշեց Միրզոյեան` անգամ մը եւս շեշտելով, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կամ նոր Սահմանադրութեան մշակումը տարիներ առաջ սկսած է:
Ան դիտել տուաւ, որ Սահմանադրութիւնը Հայաստանի ներքին յարաբերութիւններու կազմակերպման սկզբունքները կը ճշդէ, բայց կրնայ նաեւ ազդեցութիւն ունենալ տարածաշրջանային կամ Հայաստան-աշխարհ յարաբերութիւններուն վրայ։
«Ես այդ ազդեցութիւնն ու այդ յարաբերութիւնը չեմ ժխտում, բայց ուզում եմ ասել, որ այդպիսի պահանջ կամ տեքստ (բնագիր), նախագիծ, ոչինչ չկայ խաղաղութեան պայմանագրում», վստահեցուց ան:
Օրեր առաջ Հայաստանի վարչապետը յայտարարած էր, որ Հայաստան պէտք է ունենայ նոր Սահմանադրութիւն մը, որ երկիրը աւելի մրցունակ եւ կենսունակ պիտի դարձնէ աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային նոր պայմաններուն մէջ:
Այս մասին յայտնեց նաեւ «Հրապարակ» թերթը՝ ըսելով. «Որքան էլ ՔՊականները հերքեն, թէ նոր Սահմանադրութիւն ունենալու պահանջ-հրահանգն Ալիեւից չեն ստացել, սակայն դիւանագիտական ոլորտի մեր աղբիւր- ներն ասում են, որ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծում Ալիեւն այդ պահանջը գրաւոր եղանակով ամրագրել է: Գրել է, որ պէտք է Հայաստանի ներքին օրէնսդրութիւնը համապատասխանեցուի այնպէս, որ պայմանա- ւորուող կողմերը միմեանց նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունենան: Նշենք, որ նոր Սահմանադրութիւնն ընդունուելու է համաժողովրդական հանրաքուէով, եւ յօգուտ նոր Սահմանադրութեան պէտք է քուէարկի «հանրաքուէի մասնակիցների կէսից աւելին, բայց ոչ պակաս, քան հանրաքուէներին