Գրեց՝ Լենա Պօղոսեան 

Այն թաղը ուր կը մեծնաս ու կ’անցնես մանկութեանդ ամենաքաղցր օրերը՝ շրջապատուած ընտանիքով, հարազատներով, ընկերներով, դրացիներով ու բարեկամներով, տարբեր ազդեցութիւն կը ձգէ վրադ, ո՛չ միայն իբրեւ քաղցր յուշ, ու ամէն անգամ երբ կը յիշես՝ ժպիտ մը կը կ’ուրուագծուի դէմքիդ վրայ, այլեւ ան կը թափանցէ հոգիիդ խորերը եւ կը դառնայ քու կազմաւորմանդ ու այնուհետեւ քու անձիդ անբաժանելի մէկ մասը: 

Հայաբոյր էր մեր թաղը: Առաւօտուն կ’արթննայինք նպարավաճառներու ձայնէն, որոնց փսփսուքը յստակօրէն կը հասնէր մինչեւ մեր ննջարանը: Իրենց խանութները առաւօտեան կանուխ ժամերուն բանալով, անոնք կը սպասէին հացավաճառին ժամանման, որ տաք ու թարմ հաց ստանալով՝ առաջին վաճարողները ըլլային դէպի դպրոց շտապող երեխաներուն: Այնքա՜ն հրապուրիչ էր անոր բոյրը: Երբեմն լացող փոքրիկներուն ձայնը մեզ անկողինէն վեր կը հանէր իբրեւ վերջին ազդարարութիւն, որ մենք ալ մեր կարգին դպրոց մեկնելու պատրաստուինք: Անցնող փոքրիկ աշակերտներէն մէկը հեկեկալով կ’ըսէր «հայրի՛կ, ե՞րբ պիտի գաս զիս դպրոցէն առնելու», ուրիշ մը կ’ըսէր «մամա՛, դո՞ւն պիտի առնես զիս դպրոցէն կամ պապա՞ն». դեռ դպրոց չհասած, արդէն կը պատրաստուէին տուն վերադանալու: Այսպէս, իւրաքանչիւր անցնող ունէր իր պատմութիւնը: Շատ չանցած, կ’անցնէին փերեզակներ. մէկը կառքով բանջարեղէն կը ծախէր՝«աթեապ թըֆահ ու մոզ…», ուրիշ մը՝ խմորեղէն ու կարկանդակ, սակայն ամենէն հետաքրքրականը ձիակառքով քարիւղ վաճառողն ու անոր զանգին ձայնն էր, որ անդի թաղերէն կը լսուէր: Յանկարծ, պատշգամներէն տանտիկիններու պոռչտուքը եւ հարցուփորձը կը սկսէր՝ կէս հայերէն, կէս արաբերէն. «ուաըֆ, ուաըֆ»: 

Մեր թաղին մէջ տիրապետող լեզուն հայերէնն էր: Հազուագիւտ էր արաբերէն կամ այլ խօսակցութիւններ լսել Պուրճ Համմուտի մեր թաղին մէջ, որուն անկիւնը արդէն հայկական վարժարան մը կը գտունէր, քանի մը թաղ անդին ուրիշ մը եւ անկէ քանի մը թաղ վերջ՝ ուրիշ մը եւս: Մեզի խիստ յանձնարարուած էր բոլորին բարի լոյս ըսելով անցնիլ ու այսպէս մինչեւ դպրոց հասնէի, քանի մը թաղ հեռու մեր տունէն, տասը-քսան անգամ բարի լոյս կ’ըսէի: 

Հօրս տունը այո՛ չորս պատ էր միայն, փոքր ու համեստ, բայց հոն կ’ապրէր մեծ ընտանիք մը՝ լայն սիրտով, հիւրընկալ ու բարի, որուն անդամները հայերէն կը խօսէին, հայերէն կ’երգէին, հայերէն կը մտածէին ու կ’աղօթէին: Առտու կանուխ, «նախաճաշը պատրաստ է», կը լսուէր մօրս ձայնը: Պատ- րաստ կ’ըլլար դպրոցական տարազդ ու պայուսակդ մինչեւ իսկ դպրոցը զբօսանքներուն ուտելիքդ. կը մնար միայն հաւաքուիլ ու մեկնիլ դպրոց: 

Գիշերուան լռութենէն ետք, առտու կանուխ տարբեր եռուզեռ մը կը սկսէր մեր տան մէջ. ո՞վ խոհանոց ու բաղնիք պիտի հասնի առաջինը: Փողոցի աղմուկէն ետք, մեր տան մէջի վազքը թոյլ չէր տար որ ուշի մնաս: Իսկ այդ թէյամանին ձայնին, սուրճին ու մօրս նախաճաշին բոյրին անկարելի էր դիմանալը: Հօրս տան մէջ տիրող բոյրը իւրայատուկ էր եւ կարելի էր զայն զատորոշել բոլորէն: Հիմա ալ, երբեմն, այդ բուրմունքին պատառիկները կը պտըտին զգյարաններու մէջ` զիս տանելով դէպի այն օրերը, երբ մենք համախմբուած էինք մէկ յարկի տակ. այն տունն ու թաղը, ուր մեծցա՛նք, ապաստանեցա՛նք ռմբակոծումներէն, սորվեցա՛նք, յուսախաբութիւններէ անցա՛նք, սիրեցի՛նք, երազներ հիւսեցի՛նք ի հեճուկս տագնապալի բոլոր օրերուն: Երբեմն ապագան անորոշ էր ու յուսահատեցնող, բայց մեր ծնողներուն հոգիներուն ու աչքերուն մէջ կը տեսնէինք պայքարի ու գոյատեւման ուժը, զոր կարծես անոնք ժառանգած էին իրենց պապերէն՝ իբրեւ հայուն յատուկ նկարագիր: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *